Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Sentinelle della Santa Famiglia ընկերակցութեան անդամները Ֆրանչիսկոս Պապ Sentinelle della Santa Famiglia ընկերակցութեան անդամները  (VATICAN MEDIA Divisione Foto)

Ֆրանչիսկոս Պապ. «Աշխարհի մը մէջ, որ խուլ է տառապողներուն համար եղէք մայրեր»

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց «Sentinelles de la Sainte Famille - Սուրբ Ընտանիքի պահապաններ» շարժումի պատուիրակութիւն մը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Հինգշաբթի, 11 յունուարին, Վատիկանի մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց «Sentinelles de la Sainte Famille-Սուրբ ընտանիքի պահապաններ» շարժումի պատուիրակութիւն մը։

Ողջոյնի խօսքին մէջ Սրբազան Հայրը բարձր գնահատեց շարժումի անդամներուն գործունէութիւնը՝ կատարուած «պարզութեան եւ համեստութեան մէջ եւ որ կը կայանայ Վարդարանի տուն մը՝ ամէն օր աղօթելու մէջ» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը։

Ան ապա ակնարկեց այն փաստին, որ «Սուրբ Ընտանիքի պահապաններ» շարժումը բաղկացած է լոկ կիներէ նշեց, թէ այս իրողութիւնը կ՝ընդգծէ եկեղեցիէն ներս շարժումի առանձնայատուկ եւ անփոխարինելի կոչումը նմանելով՝Սուրբ Կոյս Մարիամին։

«Դուք ոչ միայն կ՝աղօթէք Տիրամօր հայցելով Անոր բարեխօսութիւնը, այլ առ աւելի կը պատրաստուիք նմանելու Անոր մայրութեան եւ միանալու Անոր մայրական բարեխօսութեան, աշխարհի մէջ եկեղեցւոյ բոլոր զաւակներու համար»։ ըսաւ Սրբազան Հայրը, խնդրելով շարժումի անդամներէն, որ միշտ ունենան Տիրամօր հայեացքը՝ մօր մը համբերատար, հասկացող եւ կարեկցող նայուածքը ու իրենց առօրեայ կեանքին, ընտանիքի , ժողովրդապետութեան եւ աշխատանքի շրջանակէն ներս իրենց յարաբերութիւնները լեցնեն Տիրամօր Նայուածքով։

Նորին Սրբութիւնը նշեց, որ շարժումի անդամները իրենց աղօթքներուն մէջ կը կրեն պատերազմի, բռնութեան եւ անտարբերութեան հետեւանքով աշխարհի աղօթքի դիտաւորութիւնները, ինչպէս նաեւ տառապող, մերժուած եւ դժուարութեան մէջ գտնուող անձերուն դիտաւորութիւնները։ «Տիրամայրը տեսնելով Յիսուս Մանուկը, որ կը տառապի աղքատութենէն չյուսահատեցաւ եւ ոչ ալ դժգոհեցաւ,  կը մաղթեմ որ դուք ալ կարենաք օգտակար դառնալ անձերուն որպէսզի բացայայտեն իրեն կեանքին իմաստը եւ միշտ ապագային հանդէպ ունենայ վստահութիւնն ու յոյս», ըսաւ Նորին Սրբութիւնը։

Ան ապա խօսքը կեդրոնացնելով քնքշութեան կարեւորութեան վրայ նշեց, որ մեր աշխարհը, ինչպէս նաեւ մեր եղբայրներն ու քոյրերը կարիքը ունին քնքշութեան։ Տիրամայրը Յիսուսին համար քնշքուշ եղաւ նաեւ եկեղեցւոյ եւ աշխարհի համար քնքուշ է, ըսաւ Սրբազան Հայրը շեշտը դնելով, որ պահապանի մը կոչումը կը կայանայ Տիրամօր քնքշութիւնը մարմնանալու մէջ՝ աշխարհի եւ եկեղեցւոյ համար։

Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամը աւարտեց շնորհակալութիւն յայտնելով շարժումին անդամներուն այցելութեան համար, մաղթելով որ քաջութեամբ շարունակեն իրենց առաքելութիւնը եւ խնդրելով ինչպէս միշտ, որ չմոռնան աղօթելու իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/01/2024, 10:52