Ֆրաչիսկոս Պապ. Ապրիլ աւետարանը ոչ միայն աղօթքով այլ կեանքի եղբայրսիրութեան ժեսթերով
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Շաբաթ, 20 յունուարին, Վատիկանի մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց եւ իր սիրտի խօսքը ուղղեց Սուրբ Հոգիին մէջ Վերանորոգումի ազգային խորհուրդի անդամներուն։
Ողջոյնին խօսքին մէջ Նորին Սրբութիւնը գոհութիւնը յայտնեց Աստուծոյ վերանորոգումի ընկերակցութեան անդամներուն Աստուծոյ հաւատարիմ ժողովուրդին մէջ բարիք սերմանելուն համար, ապա խօսքը կեդրոնացուց երկու կէտերու վրայ. Աղօթքի նուիրուած ծառայութիւնը, յատուկէն երկրպագութեան ծառայութեան եւ աւետարանումի ծառայութիւնը։
Աղօթքի ծառայութիւն
«Աշխարհի մը մէջ ուր կը գերիշխէ ունենալու եւ արդիւնաւէտութեան մշակոյթը, ինչպէս նաեւ եկեղեցին, որ չափազանց մտահոգուած է կազմակերպութեամբ, բոլորս պէտք ենք տեղ տալ երախտագիտութեան, փառաբանութեան Աստուծոյ շնորհքին համար», ըսաւ Սրբազան Հայրը խնդրելով ներկաներէն որ այս բնագաւառէն ներս շարունակեն եկեղեցւոյ ծառայել զարգացնելով երկրպագութեան աղօթքը։
Աւետարանացում
«Ընդունելով Սուրբ Հոգին մեր կեանքին եւ սիրտին մէջ, Սուրբ հոգին միշտ կը մղէ հաղորդելու Աւետարանը եւ զայն կը կատարէ անսպառ երեւակայութեամբ ու մեզի կ՝իյնայ խոնարհ դառնալ ու համագործակցիլ Սուրբ Հոգիին հետ, այնպէս ինչպէս կը պատմեն Ստփանոսը, Փիլիպպոսը, Պարնապան, Պետրոսն ու Պօղոսը գործ առաքելոցին մէջ», ըսաւ Նորին Սրբութիւնը շեշտելով որ առաջին աւետումը կը կատարուի կեանքի վկայութեամբ նկատել տալով որ շօշափելի եղբայրսիրութիւնը, թաքնուած ծառայութիւնը միշտ մեր աւետումի ստուգումն է ։
Ֆրանչիսկոս Պապ հրաւիրեց որ Վերանորոգումի հասարակութեան անդամները միշտ ծառայութիւն մատուցանեն ողջ հասարակութեան, թեմին, ժողովրդապետին՝ Եպիսկոպոսին հովուական ծառայութեան թելադրանքներուն համաձայն։ Հրաւիրեց հաղորդութիւն հաստատել եկեղեցական տարբեր իրականութիւններու, ընկերակցութիւններու, շարժումներուն, խումբերուն հետ, վկայութիւն տան եղբայրութեան, փոխադարձ յարգանքի՝ բազմազանութեան մէջ, եւ Աստուծոյ ժողովուրդին ծառայութեան ինչպէս նաեւ ընկերային հարցերուն մասին, որոնց մէջ վտանգուած են անձերուն արժանապատւութիւնը, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, Ան ապա շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներու հրաւիրելով զանոնք հաղորդութեան կառուցողներ դառնալու, նախ եւ առաջ իրարու միջեւ շարժումի շրջանակէն ներս,ապա ժողովրդապետութիւններու եւ թեմերու մէջ։
Նորին Սրբութիւնը պատգամը եզրափակեց ըսելով, «Ես ձեր հետ ունեցած եմ պատմութիւն մը, որովհետեւ սկիզբը այս շարժումը չէի հաւնէր եւ կ՝ըսէի որ «Սամպա»ի դպրոց մըն է եւ ոչ թէ եկեղեցական շարժում։ Ապա՝ որպէս արքեպիսկոպոս տեսայ անոնց աշխատանքը ու տեսայ թէ ինչպէս հանդիպումներուն ընթացքին տաճարը կը լեցնէին ու սկսայ ու գնահատել ձեզի համար» ըսաւ Սրբազան Հայրը, ապա հրաւիրելով ներկաները յառաջ ընթանալու ոչ թէ որպէս Սամպայի դպրոց այլ որպէս եկեղեցական շարժում։
Ֆրանչիսկոս Պապ իր առաքելական օրհնութիւնը շնորհելէ ետք խնդրեց, որ չմոռնան աղօթելու իրեն համար։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ