Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ գերմանիոյ կաթողիկէ հրապարակախօսներուն հետ Ֆրանչիսկոս Պապ գերմանիոյ կաթողիկէ հրապարակախօսներուն հետ  (Vatican Media)

Ֆրանչիսկոս Պապ հրապարակախօսներէն կը խնդրէ ուշադրութիւն ցուցաբերել անտեսուածներուն

Ֆրանչիսկոս Պապին գրաւոր պատգամը Գերմանիոյ կաթողիկէ հրապարակախօսներու միութեան պատուիրակութեան անդամներուն։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ Ֆրանչիսկոս Պապին այս եւ այլ հանդիպումներու վերաբերող լուրը

Հինգշաբթի, 4 յունուարին, Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Գերմանիոյ կաթողիկէ հրապարակախօսներու միութեան պատուիրակութեան անդամները, ընկերակցութեան հիմնադրութեան 75-րդ ամեակի առիթով։

Հանդիպումի սկիզբը Սրբազան Հայրը ներկաներուն փոխանցեց գրաւոր պատգամը մը որուն մէջ անդրադառնալով, որ յիշեալ միութիւնը կը համախմբէ կաթողիկէ լրատուամիջոցներուն մասնագէտներ՝ եկեղեցական եւ քաղաքացիական բոլոր ոլորտներէն գրեց որ «հաղորդակցութիւնը կ՝օգնէ դառնալու՝ ինչպէս կ՝ըսէ Սուրբ Պօղոս Եփեսացիներուն, «մէկու միւսին անդամ» կանչուած ապրելու հաղորդութեան մէջ յարաբերութիւններուն ցանցի մը ներքեւ։

Նորին Սրբութիւնը ապա անդրադառնալով ընկերակցութեան հետապնդած նպատակներուն, համամիութենականութիւնը, միջկրօնային երկխօսութիւնը, խաղաղութեան պաշտպանութիւնը, ազատութիւնը ու մարդկային արժանապատւութիւնը, նշեց որ ասոնք « չափազանց ժամանակակից նպատակներ են ու այսօր բազմաթիւ հակամարտութիւններ փոխանակ երկխօսութեամբ լուծուելու կը սնանուին սուտ լուրերէն կամ լրատուական միջոցներու միջոցաւ փոխանցուած հրահրող յայտարարութիւններէն, հրաւիրելով որ ընկերակցութեան բոլոր անդամները իրենց ամուր քրիստոնէական արմատներով եւ ամենօրեայ ապրած հաւատքով աջակցին լեզուի զինաթափման։

Նորին Սրբութիւնը ապա անդրադարձաւ Գերմանիոյ մէջ կաթողիկէ եկեղեցւոյ ձեռնարկած սիւնոդական ուղեւորութեան խօսքը կեդրոնացնելով երկու երեւոյթներուն վրայ՝ հոգ տանիլ հոգեւոր հարթութեան եւ տիեզերական հարթութիւնը։

Ֆրանչիսկոս Պապ խրախուսեց չ՝ունենալ ներանձնացեալ կեցուածք, այլ դուրս գալ՝ քրիստոնեայ պատգամը տանելու համար կեանքի բոլոր շրջանակներէն ներս օգտագործելով առկայ բոլոր կարելիութիւններն ու միջոցներ։

«Եկեղեցի մը, որ հիմնականին մէջ կը մտահոգուի իրմով, կը հիւանդանայ ինքնագովասանքով։ Եկեղեցին առաքելութիւն է եւ կաթողիկէ հաղորդակիցները չեն կրնար չներգաշուիլ եւ մնալ այսպէս ըսուած չէզոք իրենց փոխանցած հաղորդակցութեան նկատմամբ, գրեց Նորին Սրբութիւնը։ Ան ապա նկատել տալով որ գերմանացին կաթողիկէ հրապարակախօսները կու գան բարգաւաճ եւ զարգացած երկրէ մը նշեց թէ հոն նաեւ շատ անգամ թաքնուած են շատ մը դժուարութիւններ։
Նորին Սրբութիւնը յիշեց մանկական աղքատութեան երեւոյթը, այն ընտանիքները որոնք անկարող են վճարելու իրեն հաշիւները, եւ գաղթականներուն եւ փախստականներուն իրավիճակը, զոր Գերմանեան ընդունած է մեծ թիւով։

Նորին Սրբութիւնը գրաւոր պատգամին մէջ անհրաժեշտ նկատեց այն բոլոր հաղորդողները որոնք կարեւորութիւն կու տայ այն բոլոր անձերուն պատմութիւններուն ու դիմագիծերուն, որոնց քիչեր կամ մէկը ուշադրութիւնը կը ցուցաբերէ։

Երբ որ կը հաղորդէք, հետեւաբար մտածեցէք մարդոց դէմքերու մասին, յատուկէն աղքատներուն եւ պարզերուն ու սկսեցէք անոնց իրականութենէն, անոնց յոյսերէն եւ ողբերգութիւններէն, նոյնիսկ եթէ այդ մէկը կատարելը կը նշանակէ հակառակ հոսանքի երթալ եւ մաշել կօշիկներուն ներբանները։

Նորին Սրբութիւնը պատգամը աւարտեց շնորհակալութիւն յայտնելով բոլորին իրենց կատարած աշխատանքին համար, ապա փոխանցելով իր առաքելական օրհնութիւնը խնդրեց որ չմոռնան աղօթելու իրեն համար։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/01/2024, 11:03