Որոնել

ֆրանչիսկոս Պապ եւ «Toniolo Young Professional Association» ընկերակցութեան անդամները ֆրանչիսկոս Պապ եւ «Toniolo Young Professional Association» ընկերակցութեան անդամները  (VATICAN MEDIA Divisione Foto)

Ֆրանչիսկոս Պապ. «Ապրիլ Աւետարանը այնպէս ինչպէս որ է, նոր եղբայրութեան էջեր գրելու համար»

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Սուրբ Աթոռի վերատեսչութիւններուն հետ համագործակցող «Toniolo Young Professional Association» ընկերակցութեան կողմէ կազմակերպուած հանդիպումի մասնակիցները։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Ուրբաթ, 12 նոյեմբերին, Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց «Toniolo Young Professional Association» ընկերակցութեան հանդիպումի մասնակիցները։ Յիշեալ ընկերակցութիւնը կը համագործակցի Սուրբ Աթոռի վերատեսչութիւններուն հետ, ինչպէս նաեւ ՄԱԿ-ի մէջ ներգրաւուած քահանայապետական ներկայացուցչութիւններուն հետ։

«Ձեր ներկայութիւնը մեծ օգուտ կը բերէ մեր հաստատութիւններուն, որոնց կը փոխանցէք թարմ շունչ, երազելու կարողութիւն, դէպի ապագան նայելու ցանկութիւն» ըսաւ Սրբազան Հայրը ողջոյնի խօսքին սկիզբը։

Ան ապա ակնարկելով «կարճ, թոյլ մտածողութիւն» նիւթին. «Միտք մը, որ կը շարժի բնազդով եւ կը չափուի ակնթարթերով, կազմուած յոյզերով, պատրաստուած եւ մի քանի բառերու մէջ սեղմուած, սա է այսօր կարծես որ կը փոխարինէ յետ արդիական թոյլ միտքը» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը աւելցնելով, թէ Ինք շատ կ՝անհանգստանայ երբ կը լսէ երիտասարդներու մասին, որոնք պաստառներուն ետին կը նստին ու իրենց աչքերը արուեստական լոյսով կը փայլին առանց թոյլ տալու, որ իրենց ստեղծագործութիւնը փայլի»

Սրբազան Հայրը յարեց, թէ երիտասարդ ըլլալը չնշանակեր աշխարհը ձեռքերուն մէջ ունենալ, այլ կը նշանակէ ձեռքերը աղտոտել աշխարհին համար. կը նշանակէ նուիրելու կեանք ունենալ եւ ոչ թէ պահպանելու»։

Նորին Սրբութիւնը ապա խօսքը կեդրոնացնելով ստեղծագործ ըլլալու կարեւորութեան վրայ նշեց, որ բոլորս ստեղծագործութեան եւ սլացքի կարիքը ունինք, որ միայն երիտասարդները կրնան փոխանցել, «ձեր ճշմարտութեան ծարաւը, ձեր խաղաղութեան աղաղակը, ձեր ներշնչումները ապագային հանդէպ, ձեր յուսադրող ժպիտները» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը աւելցնելով ,որ «Արարիչը կը հրաւիրէ մեր հերթին ըլլալու ներդաշնակութեան եւ գեղեցկութեան ստեղծագործներ, կը հրաւիրէ դուրս գալու «վիրթուալի» հպատակութենէն՝ ուրիշներուն շնորհելու համար նոր եւ գեղեցիկ բան մը»։

Նորին Սրբութիւնը ապա անդրադարձաւ խաղաղութեան նիւթին նկատել տալով որ՝ այսօրուան հայեացքին մէջ կը պակսի խաղաղութիւնը, լաւութիւնը, համերաշխութեան եւ ժողովուրդներու միջեւ համակեցութիւնը, «որոնց համար դիւանագիտական գործունէութիւնը միշտ եղած է փոխադրամիջոց» ըսաւ Սրբազան Հայրը աւելցնելով , որ դիւանագիտութիւնը կարծես թէ մոռցած է իր բնոյթը՝ որպէս աղբիւր կանչուած լեցնելու ազգերու միջեւ յարաբերութիւններուն խոր անջրպետը։

Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամը եզրափակեց նկատել տալով, թէ ինչքան երեւոյթներ կարիքը ունին վերանորոգումի եւ ստեղծագործութեան. տնտեսութիւնը, անօթութեան դէմ պայքարը, զէնքերու արտադրումը ու վաճառականութիւնը, կլիմայի հարցը, հաղորդակցութիւնը, աշխատանքի աշխարհը եւ շատ մը այլ երեւոյթներ»։

Նորին Սրբութիւն պատգամը աւարտեց ըսելով «Ձեզի կը յանձնեմ այս տարեցի երազները, որ կը ոգեւորուի ձեր երիտասարդ դէմքերը տեսնելով. Եւ կը մտածեմ, թէ որքան աւելիով Յիսուսը կը խանդավառուի, Ինք որ միշտ երիտասարդ սիրտ ունի ու երիտասարդները հրաւիրեց իրեն հետեւելու։ Անոր մէջ կը վերանորոգեմ իմ գնահատանքս ձեր ծառայութեան համար եւ ձեզ կ՝օրհնեմ։ Հաճեցէք մի մոռնաք աղօթելու ինծի համար, ամէն օր»։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/01/2024, 10:47