Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Քոլոմպիայի նախագահը
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Ուրբաթ, 19 յունուարին, Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակին հրապարակած հաղորդագրութեան մը մէջ կը նշուի որ այսօր՝ Վատիկանի Առաքելական պալատին Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Քոլոմպիայի հանրապետութեան նախագահ, տիար Կուսթավօ Ֆրանչիսքօ Փեթրօ Ռեկոն, նախագահը ապա հանդիպում ունեցաւ Պետութիւններու եւ միջազգային կազմակերպութիւններուն հետ յարաբերութիւններուն քարտուղար Գերապայծառ Փոլ Ռիչարտ Կալլակերին հետ։։
Հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի որ Պետական քարտուղարութեան մէջ տեղի ունեցած սիրալիր հանդիպումի ընթացքին բարձր գնահատուած է Սուրբ Աթոռի եւ Քոլոմպիայի միջեւ կայացած բարի յարաբերութիւնները, ընդգծուած է Պետութեան եւ Եկեղեցւոյ միջեւ դրական համագործակցութիւնը, ի տես երկխօսութեան, ընկերային արդարութեան եւ համերաշխութեան։
Քննարկումի նիւթ եղած է նաեւ ընկերային քաղաքական իրավիճակը, գաղթականութեան երեւոյթը եւ տարածաշրջանի մէջ շրջակայ միջավայրին պաշտպանութիւնը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ