Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ  (Vatican Media)

Ֆրանչիսկոս Պապ. «Եկեղեցին կը սնանի եւ կ՝աճի շնորհիւ Սուրբ Խորհուրդներուն»

Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը տարեկան ընդհանուր նիստի իրենց մասնակցութիւնը բերող հաւատոյ Վարդապետութեան վերատեսչութեան անդամներուն։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Ուրբաթ, 26 յունուարին, Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց, տարեկան ընդհանուր նիստի իրենց մասնակցութիւնը բերող հաւատոյ Վարդապետութեան վերատեսչութեան անդամները։

Այս առթիւ ներկայացուցած պատգամին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ անդրադառնալով հաւատոյ Վարդապետութեան վերատեսչութեան մասին նշեց թէ անոր պարտականութիւնն է օգնել Հռոմի Քահանայապետին եւ եպիսկոպոսներուն համայն աշխարհի մէջ աւետարանը հռչակելու համար, զարգացնելով եւ պաշտպանելով հաւատքի եւ բարոյականութեան վերաբերեալ կաթողիկէ վարդապետութեան ամբողջականութիւնը, քաղելով հաւատքի պահեստէն եւ միշտ որոնելով աւելի խոր բանականութիւն նոր հարցերու դիմաց» ըսաւ Սրբազան Հայրը, Ան ապա նկատել տուաւ, որ այդ նպատակներու հասնելու համար Fidem servare ինքնագիրի հիման վրայ Վերատեսչութեան մէջ ստեղծուեցան են երկու տարբեր բաժանմունքներ՝ վարդապետական եւ կարգապահական։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա խօսքը կեդրոնացուց երեք բառերու վրայ, Սուրբ Խորհուրդներ, արժանապատուութիւն եւ հաւատք։

Սուրբ Խորհուրդներ

Այս առնչութեամբ Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց, որ եկեղեցին կը սնանի եւ կ՝աճի շնորհիւ Սուրբ Խորհուրդներուն ու այս պատճառաւ կղերականներէն խնդրուած է յատուկէն հոգ տանին զանոնք մատակարարելու մէջ եւ հաւատացեալներուն յայտնելու Սուրբ Խորհուրդներուն հաղորդած շնորհքի գանձերը։

Արժանապատուութիւն

Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց, որպէս քրիստոնեաներ պէտք չենք յոգնիլ պնդելէն մարդկային անձի առաջնահերթութեան եւ արժանապատուութեան պաշտպանութեան վրայ՝ բոլոր հանգամանքներէն դուրս ու այս կապակցութեամբ յարեց, թէ ինք տեղեակ է, որ այդ նիւթով վերատեսչութիւնը պատրաստած է նիւթ մը մաղթելով որ այդ նիւթը որպէս եկեղեցի օգտակար դառնայ միշտ մօտիկ գտնուելու բոլոր անոնց որոնք ամէն օր կը պայքարին՝ պաշտպանելու համար իրենց իրաւունքները

Հաւատք

Ֆրանչիսկոս Պապ ակնարկելով, որ աշխարհի տարբեր տարածքներու մէջ հաւատքը «այլեւս ակնյայտ նախապայման չէ, իրականութեան մէջ յաճախ նոյնիսկ մերժուած եւ ծաղրուած , մեկուսացուած է», շեշտեց որ ժամանակն է մեծ գորովով անդրադառնալու կարգ մը որոշ թեմաներուն որոնց շարքին հաւատքի հռչակումն ու հաղորդութիւնը ներկայ աշխարհին մէջ յատուկէն երիտասարդ սերունդներուն. Եկեղեցական հաստատութիւններուն եւ հովուական ծառայութեան գործիչներուն միսիոներական դարձը. Քաղաքային նոր մշակոյթները անոնց մարտահրաւէրներով , յատուկէն , կեանքի եւ եկեղեցւոյ առաքելութեան մէջ շնորհապարգեւի կեդրոնականութիւնը։

Աւետարանումի շրջագիծէն ներս Ֆրանչիսկոս Պապ զրուցեց Fiducia supplicans յայտարարութեան մասին, ըսելով որ «հովուական եւ ինքնաբուխ օրհնութիւններու նպատակն է շօշափելի կերպով ցոյց տալ Տիրոջ եւ Եկեղեցւոյ մօտիկութիւնը բոլոր անոնց որոնք յայտնուելով տարբեր իրավիճակներուն մէջ օգնութիւն կը խնդեն շարունակելու կամ սկսելու համար հաւատքի ուղեւորութիւնը

Այս գծով Ֆրանչիսկոս Պապ բացատրեց երկու կէտեր՝ առաջին,  օրհնութիւնները ծիսական կարգի միջավայրէն եւ ձեւէն դուրս չեն պահանջեր բարոյական կատարելիութիւն՝ստանալու համար։ Երկրորդ, երբ զոյգ մը ինքնաբուխ կը մօտենայ եւ օրհնութիւնը կը խնդրէ, այս պարագային միութիւնը չէ որ կ՝օրհնուի, այլ պարզապէս անձերը, որ միասնաբար խնդրեցին։ «Միութիւնը չէ որ կ՝օրհնուի այլ անձերը, բնականաբար հաշուի առնելով շրջանակը, զգայնութիւնը, այն վայրերը ուր կ՝ապրին եւ ամենայարմար ուղիները զայն կատարելու համար» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ։ Ան պատգամը աւարտեց իր երախտագիտութիւնը յայտնելով վերատեսչութեան մատուցած ծառայութեան համար քաջալերելով զանոնք յառաջ ընթանալու Տիրոջ օգնութեամբ։ Ապա ինչպէս միշտ խնդրեց որ չմոռնան աղօթելու իրեն համար։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/01/2024, 12:23