Ֆրանչիսկոս Պապ. «Թող քահանաները աղքատներուն ծառայեն առանց ինքնագովութեան եւ աշխարհիկութեան»
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Հինգշաբթի, 11 յունուարին, Վատիկանի մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց «Քրիստոսի թագաւորութեան քահանաներն ու միսիոնարներ» միաբանութեան անդամները ու անոնց փոխանցեց գրաւոր պատգամ մը։
Պատգամին մէջ Նորին Սրբութիւնը ողջունեց «Քրիստոսի թագաւորութեան միսիոնար քահանաներ» միաբանութեան անդամները յիշելով, որ յիշեալ միաբանութիւնը հիմնուած 1953 թուականին՝ 70 տարի առաջ։
Նորին Սրբութիւնը ապա շնորհակալութիւն յայտնեց սոյն հանդիպումին համար նշելով, որ այս հանդիպումը առիթ կ՝ընծայէ անդրադառնալու կեանքին մէջ աշխարհիկութեան եւ քահանաներուն ծառայութեան արժէքին։
«Աշխարհիկութիւնը եկեղեցւոյ ծաւալն է՝ կանչուած ծառայելու եւ վկայելու Աստուծոյ արքայութիւնը այս աշխարհին մէջ», գրեց Սրբազան Հայրը աւելցնելով, որ «եկեղեցին եւ իւրաքանչիւր մկրտուած կը գտնուի աշխարհի մէջ եւ աշխարհի համար, սակայն աշխարհէն չէ։ Եթէ աշխարհիկութիւնը եկեղեցւոյ հարթակ մըն է՝ ըլլայ աշխարականները ըլլայ կղերականները կանչուած են զայն ապրելու եւ արտայայտելու՝ թէկուզ տարբեր ձեւերով»։
Ֆրանչիսկոս Պապ ապա յիշելով յիշեալ միաբանութեան՝ Յիսուսի Սուրբ Սիրտին նուիրուած յատուկ աղօթքէն հատուած մը՝ կարեկցանքի եւ ճշմարտութեան առաքեալներ դառնալու համար նշեց, թէ այս աղօթքը գեղեցիկ արտայայտութիւն մըն է, որ կ՝օգնէ ամէն օր հաստատելու առաքելական ուխտը, այն համոզումով որ Սուրբ Հոգիին մէջ՝ Քրիստոսի միացած, առաջին հերթին «առաքեալներ ենք մարդասիրութեամբ, այն մարդկային առաքինութիւններով, որոնց մասին կը նկարագրէ Վատիկանի Բ Ժողովը. Անկեղծութիւն, արդարութեան նկատմամբ յարգանքը, բարութիւնը, խոհեմութիւնը, մտքի հաստատակամութիւն...» (Optatam totius, 11)։
Նորին Սրբութիւնը գրաւոր պատգամը աւարտեց խնդրելով քահանաներէն, որ աղքատներուն ծառայեն առանց ինքնասիրութեան եւ աշխարհիկութեան։ Ան ապա փոխանցելէ ետք իր առաքելական օրհնութիւնը ինչպէս միշտ խնդրեց, որ չմոռնան աղօթելու իրեն համար։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ