Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Առաքելական ատեանի դատաւորները Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Առաքելական ատեանի դատաւորները  (VATICAN MEDIA Divisione Foto)

Ֆրանչիսկոս Պապ . Եկեղեցական դատաւորի զատորոշումը կը պահանջէ երկու առաքինութիւններ. Խոհեմութիւն եւ արդարութիւն

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Վատիկանի Առաքելական ատեանի անդամները ու անոնց փոխանցած պատգամին մէջ խօսքը կեդրոնացուց դատական զատորոշումի վրայ

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Հինգշաբթի, 25 յունուարին, Հռոմի եկեղեցական ատեանի դատական տարուան բացման առթիւ, Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց ու պատգամ ուղղեց Վատիկանի Առաքելական ատեանի անդամներուն։

Դատավարութեան մէջ զատորոշումի հրամայականը

Առաքելական ատեանի գործունէութիւններուն շրջագիծէն ներս, Սրբազան Հայրը խօսքը կեդրոնացուց զատորոշումի թեմային վրայ, «Ես կ՝ուզեմ կեդրոնանալ այն շօշափելի զատորոշումի վրայ, որ դուք պէտք էք կատարել ամուսնական դատավարութեան ոլորտէն ներս, ամուսնութիւն մը անվաւեր յայտարարելու պատճառներու առկայութեան կամ այլ պատճառներու վերաբերեալ» ըսաւ Սրբազան Հայրը աւելցնելով, որ «Անվաւերութեան գործերով կրկնակի համապատասխան պատիժի պահանջի վերացումը, թեմական եպիսկոպոսներու մօտ աւելի կարճ դատավարութեան ներդրումը, ինչպէս նաեւ դատարաններու աշխատանքը պարզեցնելու եւ աւելի մատչելի դարձնելու ջանքերը պէտք չեն որ սխալ ընկալուին եւ հաւատացեալներուն ծառայելու կարիքը, որ կ՝օգնէ զանոնք հասկնալու ամուսնութեան մասին ճշմարտութիւնը, երբեք պէտք չէ ձախողութեան մատնուի» ըսաւ Ան։

Զատորշումը պէտք է կատարել ծնրադրուած

Նորին Սրբութիւնը յորդորեց առաքելական ատեանի անդամները միշտ յիշելու որ «զատորոշումը պէտք է կատարել ծունկի գալով ու հայցելով Սուրբ Հոգիին պարգեւը եւ լոկ այս կերպով է, որ կարելի է հասնիլ որոշումներուն, որոնք ուղղուած են մարդկանց եւ ողջ եկեղեցական հասարակութեան բարօրութեան »

Զատորոշումի առաքինութիւնները՝ խոհեմութիւն եւ արդարութիւն

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա նշեց որ դատաւորի զատորոշումը կը պահանջէ երկու առաքինութիւններ. Խոհեմութիւն եւ արդարութիւն, որոնք պէտք են տեղեկացուած ըլլան եղբայրսիրութենէ։ «Արդար զատորոշումը կ՝ենթադրէ հովուական ծառայութեան գործողութիւնը, նոյնիսկ եթէ դատավճիռները բացասական են։ Եթէ դատաւոր մը չ՝աղօթեր կամ ալ չկրնայ աղօթել աւելի լաւ է որ ուրիշ գործ ընէ»։

Զատորոշումը կ՝երաշխաւորուի սինոդական ըլլալով

Ֆրանչիսկոս Պապ ի վերջոյ յիշեցուց որ անվաւերութեան մասին զատորոշումը կ՝երաշխաւորուի սինոդական ըլլալով։ «երբ դատարանը հաւաքական է, ինչպէս սովորաբար կը կատարուի, կամ ալ երբ կայ մէկ դատաւոր մը, երբ ան կը խորհրդակցի պատասխանատուներուն հետ, զատորոշումը կը կատարուի երկխօսութեան եւ քննարկման մթնոլորտի մէջ, ուր անկեղծութիւնը եւ փոխադարձ ունկնդրութիւնը հիմնական են, ընդհանուր ճշմարտութիւնը որոնելու համար։

Յատուկ պատասխանատուութիւն ունենալ դատելու մէջ

Նորին Սրբութիւնը պատգամը եզրափակեց քաջալերելով դատարանի անդամները յատուկ պատասխանատուութիւն ունենալ դատելու մէջ , հնազանդիլ Սուրբ Հոգիին եւ պատրաստ ըլլայ արդարադատութիւնը իրականացող դէպքերուն մէջ։Հայցելով ապա Տիրամօր հովանին Ֆրանչիսկոս Պապ տուաւ իր առաքելական օրհնութիւնը ու խնդրեց, որ չմոռնան աղօթելու իրեն համար։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/01/2024, 10:06