Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ. «Ընկերային որկրամոլութիւնը վտանգաւոր է, վատ է բոլորիս համար եւ մոլորակը կը սպաննէ»

Ֆրանչիսկոս Պապին չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութեան նիւթը եղաւ մոլութիւններու նիւթով խորհրդածութիւններու շարքին որկրամոլութիւնը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Չորեքշաբթի 10 Յունուար, 2024ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Վատիկանի Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ գլխաւորեց հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութիւնը, որուն ընթացքին շարունակեց «Առաքինութիւններ եւ մոլութիւններ» նիւթով խորհրդածութիւններու շարքը, այս անգամ որպէս նիւթ ընտրելով որկրամոլութիւնը։

Այս առնչութեամբ Ֆրանչիսկոս Պապ հրաւիրեց նայելու աւետարանի մէջ գրուած Յիսուսի առաջին հրաշքին, Կանայի հարսանիքը, ուր Յիսուս կը բացայայտէ իր ունեցած համակրանքը մարդոց ուրախութեան հանդէպ։ «Յիսուս կը մտահոգուի, որպէսզի տօնակատարութիւնը ուրախութեամբ վերջ գտնէ ու հարսնեւորներուն կը նուիրէ մեծ քանակութեամբ շատ համով գինի», ըսաւ Սրբազան Հայրը։

Յիսուս՝ Մեսիան, որուն յաճախ կը տեսնենք սեղանին շուրջ

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա յարեց, որ Յիսուս՝ Մեսիան է, որուն յաճախ սեղանին շուրջ կը գտնենք։ Յիսուսի վարուելակերպը գայթակղութիւն կը պատճառէ, որովհետեւ Ան, ոչ միայն բարեհաճ է մեղաւորներուն հանդէպ, այլեւ անոնց հետ կերակուր կ՝ուտէ եւ «այս ժեսթը կը բացայայտէ այն հաղորդութեան կամքը՝ մարդոց հանդէպ, որոնք կը մերժուին բոլորի կողմէ» ըսաւ սրբազան Հայրը ընդգծելով, որ Յիսուս կ՝ուզէ, որ ուրախ ըլլանք սակայն կը փափաքի նաեւ  մասնակցինք Իր չարչարանքներու որ է փոքրիկներուն եւ աղքատներուն տառապանքը։

Անդրադառնալով ապա Յիսուսի այն խօսքին՝ նշուած Մարկոսի աւետարանին մէջ «Միթէ կարելի՞ է որ հարսնեւորները ծոմ պահեն երբ Փեսան իրենց հետն է. Քանի փեսան իրենց հետն է՝ չեն կրնար ծոմ պահել», (Մարկ 2,18-20) Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց թէ՝ երբ Յիսուս մեր հետն է, չենք կրնար ծոմ պահել, բայց չարչարանքի պահուն այո՛. Յիսուս կ՝ուզէ, որ մենք իր ընկերակցութեամբ ուրախ ըլլանք սակայն կը փափաքի նաեւ որ մասնակցինք իր չարչարանքներուն, որոնք նաեւ փոքրիկներուն եւ աղքատներուն տառապանքներն են։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա անդրադարձաւ ուրիշ կարեւոր յատկութեան մը, «Յիսուս կը մերժէ մաքուր ուտելիքներու եւ անմաքուր ուտելիքներու միջեւ տարբերութիւնը, որ հրեաներու օրէնքի մէջ կատարուած տարբերութիւն է, ըսաւ Սրբազան Հայրը աւելցնելով «իրականութեան մէջ Յիսուս կը սորվեցնէ, թէ այն ինչ որ մարդուն մէջ դուրսէն կը մտնէ չկրնար զինք պղծել, սակայն այն ինչ որ մարդուն ներսէն, սիրտէն կ՝ելլէ կը պղծէ, (Մարկ 7, 19», Նորին Սրբութիւն հրաւիրեց ուշադրութիւն ընել ներքինին, ոչ թէ ինքնին կերակուրին, այլ ուտելիքի հետ մեր յարաբերութեան։ (Մարկ 7,19).

«Այս յստակ յարաբերութիւնը, որ Յիսուս հաստատեց սնունդի հետ կապուած պէտք է վերագտնուի եւ վերարժեւորուի, մասնաւորապէս այսպէս կոչուած բարօրութեան ընկերութեան մէջ, ուր կը դրսեւորուին բազմաթիւ անհաւասարութիւններ եւ ախտաբանութիւններ. կան մարդիկ, որոնք շատ կ՝ուտեն կան նաեւ քիչ ուտող մարդիկ, յաճախ միայնակ։ Սննդառութեան խանգարումները կը տարածուին... եւ բժշկութիւնն ու հոգեբանութիւնը կը փորձեն անդրադառնալ սնունդի հետ վատ յարաբերութեան, ըսաւ Սրբազան Հայրը։ Ան ապա խօսքը կեդրոնացնելով որկրամոլութեան վրայ նշեց, որ անիկա ամենէն մեծ վտանգաւոր մոլութիւնն է ու երկրագունդը կը սպանէ։ «Մեր Նախահայրերը որկրամոլութիւնը կոչած են«gastrimargia», բառ մը, որ կը թարգմանուի «որովայնի խելագարութիւն», ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ, դիտել տալով, որ թէ կտոր մը կարկանդակի դիմաց մեղքը մեծ վնաս չպատճառեր, սակայն անյագութիւնը որուն միջոցաւ կը գրգռուինք՝ երկրի բարիքներու նկատմամբ կը վտանգէ բոլորին ապագան»։

Նորին Սրբութիւնը ունկնդրութիւնը աւարտեց նշելով, որ բոլորս Սուրբ Հաղորդութեան այր մարդիկ եւ կիներ, ի վիճակի շնորհակալութիւն յայտնելու, խելամիտ կերպով երկիրը օգտագործելու... ու  որկրամոլութեան ձեւը մեծ բարիք հասցուց մեզի եւ շրջակայ միջավայրին, որուն մէջ կ՝ապրինք։ «Խնդրենք Տիրոջմէ որ մէզի օգնէ ու բոլոր որկրամոլութեան ձեւերը չտիրապետեն մեր կեանքին» ըսաւ Սրբազան Հայրը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/01/2024, 09:56

Վերջին ունկնդրութիւնները

Կարդալ բոլորը >