Որոնել

2022.01.23 Santa Messa nella Domenica della Parola di Dio

Յառաջիկայ 21 Յունուարին Աստուծոյ Խօսքին նուիրուած հինգերորդ Կիրակին Վատիկանի մէջ

Աստուծոյ Խօսքին նուիրուած կիրակին հաստատուած է Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ «Aperuit Illis» ինքնագիր նամակով, որպէսզի «ան նուիրուած լինի Աստուծոյ Խօսքի տօնակատարութեան, արտացոլման և տարածման»։ եւ «Աստուծոյ ժողովրդին մէջ աճեցնէ Սուրբ Գրութիւններու հետ կրօնական և ջանասէր ընտելութիւնը».
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Յառաջիկայ կիրակի 21 Յունուար 2024ին պիտի տօնախմբուի Աստուծոյ Խօսքին հինգերորդ կիրակին, Օր` որ հաստատուած է Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ 30 Սեպտեմբեր 2019ին եւ որուն այս տարուայ բնաբանը քաղուած է Յովհաննէսի աւետարանէն «Մնացէք իմ Խօսքիս մէջ» (Յովհ. 8,31)»։ Լուրը կը կարդանք Աւետարանութեան Վերատեսչութեան կողմէ հրատարակուած հաղորդագրութեան մը մէջ, ուր նաեւ կը նշուի` թէ «Կիրակի` 21 Յունուարի առաւօտեան ժամը 9.30ին Ֆրանչիսկոս Պապը Սուրբ Պետրոս Պազիլիքային մէջ պիտի գլխաւորէ սուրբ պատարագը, որուն աւարտին պատարագի մասնակիցներուն պիտի նուիրէ Մարկոսի Աւետարանը, որպէս պատասխանատուութեան խթանում այն գիտակցութեան` որ Քրիստոնեաները պէտք է ունենան Սուրբ Գիրգի մասին»։

Սուրբ զոհի ընթացքին Սրբազան Քահանայապետը աշխարհական այր մարդոց ու կիներուն պիտի շնորհէ ընթերցողութեան եւ կրօնուսոյցի կարգերը, երկու հոգի ընթերցող եւ ինը կրօնուսոյց։ Անոնք ժամանած են Պրազիլէն, Պոլիվիայէն, Քորէայէն, Չատէն, Գերմանիայէն, Անթիլիական կղզիներէն։

«Խօսքի Կիրակիին օրուան առիթով կը սպասուի, որ Սրբազան Հայրը պաշտօնապէս սկիզբ տայ Աղօթքի տարուան, որպէս նախապատրաստութիւն 2025 թուականի Յոբելեանին: 2023 թուականին խթանելէ ետք Վատիկանի Երկրորդ տիեզերական ժողովի պտուղներու ու փաստաթուղթերու ուսումնասիրութիւնը, Ֆրանչիսկոս Պապի կամքով 2024 թուականը պիտի նուիրուի աշխարհի թեմերուն մէջ վերաբացայայտելու աղօթքի կենտրոնականութիւնը» կը կարդանք միշտ Աւետարանութեան Վերատեսչութեան հրատարակուած հաղորդագրութեան մէջ։

Ինչպէս նշեցինք Աստուծոյ Խօսքին նուիրուած կիրակին հաստատուած է Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ «Aperuit Illis» ինքնագիր նամակով, որպէսզի «ան նուիրուած ըլլայ Աստուծոյ Խօսքի տօնակատարութեան, արտացոլման և տարածման» եւ «Աստուծոյ ժողովրդին մէջ աճեցնէ Սուրբ Գրութիւններու հետ կրօնական և ջանասէր ընտելութիւնը»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/01/2024, 13:41