Ֆրանչիսկոս Պապը նորոգեց խաղաղութեան ծրագիրներու ի նպաստ կոչը
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
31 Յունուարի չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան աւարտին, Ֆրանչիսկոս Պապը զանազան լեզուներով ողջունելով աշխարհի տարբեր երկիրներէն ժամանած ուխտաւորները իտալացի ուխտաւորներուն ուղղած խօսքին մէջ յիշեց որ «վաղը Իտալիոյ մէջ կը յիշատակուի Պատերազմներու քաղաքացիական զոհերուն Ազգային օրը» եւ ասկէ մեկնելով հրաւիրեց որ, «աղօթքի մէջ յիշեն անոնք` որոնք մահացան երկու համաշխարհային պատերազմեցրու ընթացքին, անոնց միացնելով նաեւ բազմաթիւ, մեծաթիւ քաղաքացիները, որոնք անմեղ զոհն են պատերազմներուն. որ տակաւին դժբախտաբար կ՛արիւնեն մեր մոլորակը, այնպէս ինչպէս կը պատահի Միջին Արեւելքի եւ Ուքրանիոյ մէջ» յարեց Նորին Սրբութիւնը ապա կոչ ուղղեց, որպէսզի «անոնց ցաւի աղաղակը դպչի Ազգերու պատասխանատուներու սրտին ու հրահրէ խաղաղութեան ծրագիրներ։ Երբ այս օրերուն լուրերը կը կարդանք պատերազմի մասին կայ դաժանութիւն։ Տիրոջմէ խնդրենք խաղաղութիւնը, որ միշտ հեզ է ու դաժան չէ» ըսաւ Սրբազան Պապը։
Ան ապա յատուկ ողջոյնի խօսք ուղղեց հիւանդներուն, տարեցներուն, երիտասարդներուն ու նորապսակներուն անոնց վրայ հայցելով Սուրբ Ճովաննի Պոսքոյի հովանին, որուն յիշատակը կը նշուի այսօր, որպէսզի, ըսաւ Ան, «պտղաբեր դարձնէ իւրաքանչիւրի կոչումը Եկեղեցւոյ ու աշխարհին մէջ» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը։
Քահանայապետը Միջին Արեւելքէն ժամանած ուխտաւորներուն ուղղած ողջոյնի խօսքին մէջ եւս յիշեց Սուրբ Պոսքոն մատնանշելով թէ ան հոգ տարաւ երիտասարդներուն ու հրաւիրելով օրինակ առնելու անորմէ, երիտասարդները դաստիարակելով հաւատքին ու զանոնք կազմաւորելով տարբեր գիտութիւններու և մասնագիտութիւններու ուղիով աւելի լաւ ապագայի մը համար, ուր մարդկութիւնը կարողանայ վայելել խաղաղութիւն, եղբայրութիւն և հանգստութիւն:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ