Որոնել

2024.01.19 Delegazione della Federazione Internazionale Universita' Cattoliche

Առանց հոգեւոր բանականութեան մարդը ինքնիրեն համար օտար է․ Ֆրանչիսկոս Պապ

Սրբազան Քահանայապետը ընդունեց այսօր Կաթողիկէ համալսարաններու միջազգային դաշնութեան անդամները՝ իր գրաւոր պատգամը յանձնելով անոնց, որու մէջ կը յորդորէ ըլլալ «խաղաղութեան մշակոյթի կառուցման գլխաւոր դերակատարները»:
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը այսօր՝ 19 Յունուարին ունկնդրութիւն շնորհեց Կաթողիկէ համալսարաններու միջազգային դաշնութեան (FIUC) անդամներուն՝ Դաշնութեան հարիւրամեակի առթիւ՝ իր գրաւոր պատգամը յանձնելով անոնց:

«Պիոս ԺԱ Քահանայապետն էր, որ 1924 թուականին օրհնեց տասնութ կաթողիկէ համալսարաններու առաջին ընկերութիւնը», իսկ արդեն «քսանհինգ տարի ետք Պիոս ԺԲ Քահանայապետը ստեղծեց Կաթողիկէ համալսարաններու դաշնութիւնը»՝ գրած է անոնց ուղղած իր գրաւոր պատգամին սկիզբը Ֆրանչիսկոս Պապը եւ այդ պատմական ակունքներու վրայ հիմնուելով առանձնացուցած է երկու բնոյթներ՝ զանոնք դարձնելով իր խօսքին առանցքը։

Զարգացնել արդիւնաւէտ եւ գործառնական համագործակցութիւն

Առաջինը՝ ցանց կազմած միասին աշխատելու յորդորն է։ Ըստ Անոր աշխարհի մէջ սփռուած շուրջ երկու հազար կաթողիկէ համալսարանները հսկայական ներուժ են՝ «աւելի արդիւնաւէտ եւ գործառնական համագործակցութիւն զարգացնելու» համար։

«Մեծ պառակտումներու ժամանակաշրջանին պէտք է համարձակութիւնն ունենանք հակահոսանք երթալու, ընդհանրացնելով յոյսը, միասնութիւնը եւ ներդաշնակութիւնը՝ անտարբերութեան, բեւեռացումի եւ հակամարտութիւններու փոխարէն», գրած է Ֆրանչիսկոսը։

Երկրորդ բնոյթին անդրադառնալով Նորին Սրբութիւնը նշած է, որ Դաշինքի ստեղծման հիմնական նպատակն էր առաջին աշխարհամարտէն ետք ծառայել՝ նպաստելու «մարդկանց միջեւ հաշտեցմանը եւ խաղաղութեան և գթասրտութեան ձևաւորմանը» (Պիոս ԺԲ, Apostolic Letter Catholicas studiorum Universitates, 27 Յուլիս 1949) եւ նկատել տուած, որ այսօր Դաշինքի հարիւրամեակը կը նշուի կրկին անգամ պատերազմի՝ մաս մաս երրորդ համաշխարհային պատերազմի թատերաբեմին վրայ: «Ուստի, կարեւոր է, որ կաթողիկէ համալսարանները ըլլան խաղաղութեան մշակոյթի կառուցման գլխաւոր դերակատարները», շարունակած է Սրբազան Հայրը:

Ճշմարտութեան ընդհանուր որոնումը

Յղում կատարելով Յովհաննէս Պօղոս Բ Պապի այն խօսքերուն թէ, Կաթողիկէ Համալսարանը կը ծնի «Եկեղեցւոյ սիրտի մէջէն», Ան նշած է թէ, «ցաւօք նաեւ կրթութիւնը առեւտուր կը դառնայ եւ խոշոր անդեմ տնտեսական հիմնադրամները ներդրումներ կը կատարեն դպրոցներու եւ համալսարաններու մէջ»։ Պապը պնդած է, որ Եկեղեցւոյ հաստատութիւնները պէտք է ցոյց տան, որ այլ տրամաբանութեամբ կը շարժին: «Կրթական նախագիծը հիմնուած է ոչ միայն կատարեալ ծրագրի կամ լաւ կառավարման վրայ, այլեւ, շարունակած է Ֆրանչիսկոս, «համալսարանի մէջ պէտք է բաբախէ այլ ցասում», որ է «ճշմարտութեան ընդհանուր որոնումը», ուր շօշափելի է սիրոյ առատաձեռնութիւնը։

Կաթողիկէ համալսարաններուն մէջ ընտրութիւնները պէտք է արտացոլան Աւետարանը

Ըստ Նորին Սրբութեան «պէտք է մտածել արհեստական​​բանականութեան մասին, բայց նաև հոգեւոր բանականութեան մասին, առանց որու մարդն ինքնիրեն համար օտար է», «համալսարանը միայն ժամանակին համընթաց» ապրելու համար չէ» եւ «ակադեմիական արտադրութեան վարկանիշային աղիւսակի առաջին տեղերը» զբաղեցնելու համար չէ, առաւել եւս կաթողիկէ համալսարանը, որու կատարած ընտրութիւնները պէտք է արտացոլեն Աւետարանը, որ պէտք է դիրքորոշում ունենայ՝ ի նպաստ աւետարանական ձեւով աշխարհի վերափոխման և մարդկային անձի ծառայութեան, եւ այդ մէկը պէտք է յստակօրէն ցոյց տայ իր գործողութիւններով։

Օգնել Եկեղեցւոյ երկխօսութիւններ վարել ժամանակակից մեծ խնդիրներու շուրջ

Աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապը ակադեմիական շրջանակը ներկայացնող «որակաւոր ժողովականներուն» իր երախտագիտութիւնն յայտնած է եւ անոնցմէ խնդրած, որպէսզի «այս պատմական պահին օգնեն Եկեղեցւոյ (…) անվախ երկխօսութիւններ վարել ժամանակակից մեծ խնդիրներու շուրջ»:

«Օգնէք մեզի մշակութային կերպով թարգմանել քրիստոնէական ներշնչումի հարստութիւնը՝ նոր սերունդներու եւ նոր ժամանակներու համար բաց լեզուով, բացայայտել մտքի, գիտութեան եւ արհեստագիտութեան նոր սահմանները եւ ապրիլ զանոնք հաւասարակշիռ կերպով եւ իմաստութեամբ: Օգնէք մեզի կառուցել միջ սերնդային եւ միջ մշակութային դաշինքներ մեր հասարակաց տան խնամքի համար, ամբողջական բնապահպանութեան տեսլականով, մոլորակի աղաղակին եւ աղքատներու աղաղակին արդիւնաւէտ կերպով արձագանքելու համար», եզրակացուցած է Նորին Սրբութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/01/2024, 12:02