Դուրս գանք մենք մեզմէ եւ հռչակենք ու վկայենք Տիրոջ մօտիկութիւնը, կարեկցութիւնը եւ քնքշութիւնը. Ֆրանչիսկոս Պապ։
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Կիրակի 4 Փետրուար 2024ի ժամը 12ին Ֆրանչիսկոս Պապը իր գրասենեակի պատուհանէն գլխաւորեց կիրակնօրեայ Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը, որուն ընթացքին ներկայացուց աւանդական խորհրդածութիւնը մեկնաբանելով օրուան Աւետարանական հատուածը, որ քաղուած էր Մարկոսի Աւետարանէն (Գլ 1,29-39), ուր Յիսուս կը ներկայանայ շարժումի մէջ` նախ Ժողովարանին մէջ ապա Սիմէոն Պետրոսի տունը, ուր կը բուժէ անոր զոքանչը, հուսկ քաղաքի դռան մօտ, ուր կը հանդիպի հիւանդներուն ու դիւահարներուն բուժելով զանոնք, ապա երկրորդ օր առաւօտեան կանուխ ամայի տեղ կը քաշուի աղօթելու համար հուսկ ուղեւորութեան մէջ կը դնէ ինքզինք դէպի Գալիլեա։
«Յիսուսին այս շարունակական շարժումը մեզի կը յայտնէ Աստուծոյ մասին կարեւոր բան մը ու միեւնոյն պահուն մեզ կը հարցաքննէ մեր հաւատքի մասին» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը նշելով, որ «Յիսուս կ՛երթայ վիրաւոր մարդկութեան հանդիպելու ու մեզի կը բացայայտէ Հօր դիմագիծը»։
«Յիսուս մեզի կը յայտնէ թէ Աստուած տէր տիրական մը չէ, մեզմէ անջատուած... ընդհակառակը անիկա լի սիրով Հայր մըն է, որ մեզի մօտիկ կը դառնայ, որ կ՛այցելէ մեր տուները եւ կ՛ուզէ մեզ փրկել ու ազատել, բուժել մարմնի ու հոգիի բոլոր չարիքները», ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը հաստատելով որ Աստուած միշտ մեզի մօտ է ու թէ Անոր վարուելակերպը պարունակուած է երեք բառերուն մէջ. Մօտիկութիւն, կարեկցութիւն եւ քնքշութիւն։
«Յիսուսին անդադար քալելը մեզ կը մղէ հարց տալու եթէ մենք բացայայտեցինք Աստուծոյ դիմագիծը` որպէս ողորմութեան Հայր, թէ տակաւին կը հաւատանք, որ Աստուած հեռու ու պաղ է...կ՛աղօթենք որպէսզի մենք մեզ զգանք խաղաղութեան մէջ, կամ Խօսքը որ կ՛ունկնդրենք եւ կը քարոզենք մեզ ալ դուրս կը բերէ, նման Յիսուսին, հանդիպելու համար միւսներուն եւ տարածելու Աստուծոյ մխիթարութիւնը»։
Այս հարցումներուն որպէս պատասխան Քահանայապետը թելադրեց նայիլ Յիսուսի ուղեւորութեան ու դարձի գալ, որպէսզի «ամէն օր բացայայտենք Աւետարանին մէջ Յիսուսին մեզի ներկայացուցած Աստուածը», որպէսզի մեր հաւատքը հասուննայ եւ մենք մեզ զգանք քրիստոնեաներ` «կոչուած դառնալու յոյսին եւ Աստուծոյ բուժումին կրողները» ըսաւ հուսկ Սրբազան Քահանայապետը ապա հայցեց Սուրբ Կոյսին բարեխօսութիւնը, որպէսզի օգնէ մեզի դուրս գալու մենք մեզմէ հռչակելու եւ վկայելու Տիրոջ մօտիկութիւնը, կարեկցութիւնը եւ քնքշութիւնը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ