Մեր աչքերը չի շեղենք Յիսուսի լոյսէն. Ֆրանչիսկոս Պապ
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Կիրակի 25 Փետրուար 2024ին Ֆրանչիսկոս Պապը Կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքի աւանդական խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց օրուան աւետարանական հատուածին վրայ, որ քաղուած էր Մարկոսի Աւետարանէն (Գլ. 9,2-10) եւ կը պատմէր Յիսուսի այլակերպութեան դէպքը։
«Յիսուս իր աշակերտներուն յայտնելէ ետք իր չարչարանքներու մասին իր հետ կ՛առնէ Պետրոսը, Յակոբոսը ու Յովհաննէսը եւ լեռ կը բարձրանայ ուր ֆիզիկապէս կը յայտնուի իր լուսաւոր փառքով» նշեց Քահանայապետը խորհրդածութեան սկիզբը աւելցնելով, որ Յիսուս այդպէս ընելով` անոնց կը յայտնէ այն ինչ որ տեսան եւ իր հետ միասին ապրեցան, մինչեւ այդ պահուն։
Յիսուսին լոյսը
«Երկնքի Արքայութեան քարոզչութիւնը, մեղքերու թողութիւնը, բժշկութիւնները և կատարուած նշանները արդարեւ կայծերն էին աւելի մեծ լոյսի մը` Յիսուսին լոյսը, այն լոյսը, որ Յիսուսն է: Եւ աշակերտները այլևս այդ լոյսէն պէտք չէին հեռացնել իրենց հայեացքը, յատկապէս փորձութեան պահերուն, ինչպիսին են անոնք, որոնք մօտ ատենէն յայտնուեցան չարչարանքի ժամանակ։
Կոչուած ենք մեր աչքին առջեւ ունենալու Քրիստոսին լուսաւոր դէմքը
Այս է պատգամը. Մեր աչքերը չի շեղել Յիսուսի լոյսէն։ ...Քրիստոնեաներս կոչուած ենք միշտ այս ընելու` մեր աչքին առջեւ ունենալու Քրիստոսի լուսաւոր դէմքը։ Բացուինք Յիսուսի լոյսին։ Ան սէր ու կեանք է անվերջ։ Մեր գոյութեան արահետներու երկայնքին, որոնք յաճախ խորտուբորտ են, փնտռենք անոր դիմագիծը, լի ողորմութեամբ, հաւատարմութեամբ ու յոյսով։ Այս մէկը ընելու համար մեզի կ՛օգնեն աղօթքը, Խօսքին ունկնդրութիւնը, Խորհուրդները։
Աստուծոյ լոյսը տեսնել մերձաւորի աչքերուն մէջ
«Այս մէկը Պահքի համար լաւ առաջադրութիւն է. զարգացնենք բաց հայեացքներ, դառնանք «լոյս փնտռողներ», Յիսուսին լոյսը փնտռողները` աղօթքի և մարդոց մէջ» եղաւ Քահանայապետին թելադրանքը ու հրաւէրը` մենք մեզի հարցաքննելու եւ տեսնելու եթէ մեր հայեացքը ուղղուած է Քրիստոսին թէ չէ։
Մարիամ Աստուծոյ լոյսին շողը, մեզի թող օգնէ, որպէսզի մեր հայեացքը կեդրոնացած պահենք Յիսուսին վրայ ու իրարու փոխադարձաբար նայինք վստահութեամբ եւ սիրով։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ