Որոնել

Il Papa, contro l'odio e la guerra serve tolleranza e fraternit�

Խաղաղութիւնը բոլորիս հայող պատասխանատուութիւն է. Ֆրանչիսկոս Պապ

Նորին Սրբութիւնը յիշեց Լուսնի Նոր Տարին, Իտալիոյ մէջ յիշատակուող Կեանքի Օրը, ակնարկեց Մարդավաճառութեան դէմ աղօթքի ու խորհրդածութեան համաշխարհային Օրուան, եւ ողջունեց «Յոյսի ուխտաւորներ խաղաղութեան ուղիին վրայ» հանդիպումին մասնակիցները։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 4 Փետրուար 2024ի կէսօրին Ֆրանչիսկոս Պապը իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանած Մարեմեան աղօթքի աւարտին, ողջունելով Սուրբ Պետրոս հրապարակ ժամանած ուխտաւորները նշեց, թէ «յառաջիկայ 10 Փետրուարին Արեւելեան Ասիայի ու աշխարհի տարբեր շրջաններուն մէջ միլիոնաւոր ընտանիքներ պիտի տօնեն լուսնի նոր տարին։ Անոնց թող հասնի իմ սիրալիր ողջոյնս, այն մաղթանքով, որ այս տօնը ըլլայ առիթ` ապրելու սիրոյ եւ ուշադրութեան արարքներու յարաբերութիւններ, որ սատարեն ստեղծելու աւելի զօրակից եւ եղբայրական ընկերութիւն մը ուր իւրաքանչիւր անհատ ճանչցուած ըլլայ եւ ընկալուած իր անձեռնմխելի արժանապատւութեամբ»։

Աղօթել խաղաղութեան համար

«Մինչ կը հայցեմ բոլորին վրայ Տիրոջ օրհնութիւնները կը հրաւիրեմ աղօթելու խաղաղութեան համար, որուն կը ձգտի աշխարհը եւ որ այսօր աւելի քան երբեք վտանգի ենթարկուած է բազմաթիւ վայրերու մէջ» ըսաւ հուսկ Նորին Սրբութիւնը հաստատելով, որ խաղաղութիւնը քիչերու պատասխանատուութիւնր չէ, այլ համայն մարդկային ընտանիքին պատասխանատուութիւնը»։

«համագործակցինք բոլորս զայն կառուցելու կարեկցութեան եւ արիութեան արարքներով» յարեց Նորին Սրբութիւնը հրաւիրելով շարունակել աղօթել այն ժողովուրդներուն համար, որոնք կը տառապին պատերազմի պատճառաւ` յատկապէս Ուքրանիոյ, Պաղեստինի եւ Իսրայէլի մէջ։

Կեանքի Օրը

Նորին Սրբութիւնը յիշեց ապա թէ Իտալիոյ մէջ կը յիշատակուի Կեանքի Օրը այս ուղղութեամբ միանալով Իտալիոյ Եպիսկոպոսներու մաղթանքին, որպէսզի յաղթահարուին գաղափարախօսական տեսութիւնները ու վերաբացայայտուի թէ իւրաքանչիւր մարդկային կեանք, նոյնիսկ ան որ յատկանշուած է սահմանափակումներով, ունի անհուն արժէք` որ կարող է միւսներուն պարգեւել բան մը։

Մարդավաճառութեան դէմ աղօթքի ու խորհրդածութեան համաշխարհային Օր

Քահանայապետը ողջունեց ապա աշխարհի տարբեր երկիրներէն ժամանած բազմաթիւ երիտասարդները, որոնք պիտի մասնակցին մարդավաճառութեան դէմ աղօթքի ու խորհրդածութեան համաշխարհային Օրուան, յառաջիկայ 8 Փետրուարին, պզտիկուց ստրուկ եղած Սրբուհի Ճուզեփփինա Պախիթայի ծիսական տօնին օրը։

«Յոյսի ուխտաւորներ խաղաղութեան ուղիին վրայ» հանդիպումը

«Այսօր եւս բազմաթիւ եղբայրներ եւ քոյրեր կը խաբուին սուտ խոստումներով ապա կ՛ենթարկուին չարաշահումի եւ կը շահագործուին։ Միանանք բոլորս հակազդելու համար մարդավաճառութեան ողբերգական ընդհանուր երեւոյթին դէմ» կոչ ուղղեց Սրբազան Պապը հրաւիրելով նաեւ աղօթել Չիլիի մէջ ծանր հրդեհի զոհերուն համար, ապա ողջունեց Նուիրեալ Անձինքը, որոնք ժամանած են 60 երկիներէն, մասնակցելու համար «Յոյսի ուխտաւորներ խաղաղութեան ուղիին վրայ» հանդիպումին ապա ողջունեց հրապարակ համախմբուած ուխտաւորներու այլ խումբերը եւ հրաժեշտ առնելով բոլորէն մաղթեց բարի կիրակի ինչպէս միշտ խնդրելով որ չմոռնան աղօթելու իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/02/2024, 12:43