Ֆրանչիսկոս Պապին 2 Փետրուարի պաշտօնական հանդիպումներն ու Նուիրեալ Կեանքի օրուան նուիրուած Սուրբ Պատարագը
Մարիամ Երեմեան – Վատիկան
Ուրբաթ՝ 2 Փետրուար 2024ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Վատիկանէն ներս յաջորդաբար ընդունեց Աւետարանութեան Վերատեսչութեան Համա-վերատեսուչ՝ Կարդինալ Լուիս Անթոնիօ Թակլէն, Արեւելեան Եկեղեցիներու Վերատեսչութեան վերատեսուչ` Կարդինալ Քլաուտիօ Կուճերոթին, Սուրբ Աթոռի մօտ Իսրայէլի դեսպան՝ Ռաֆայէլ Շուտցը, Սպանիոյ Կառավարութեան երկրորդ փոխնախագահ եւ Աշխատանքի ու Ընկերային Տնտեսութեան նախարար Տիկին Եոլանտա Տիազ Փերեզը՝ պատուիրակութեան հետ միասին։
Հետեւեցաւ Սրբազան Պապի՝ Իտալիա-Չինաստան ազգային դաշինքի պատուիրակութեան անդամներուն հետ հանդիպումը՝ Դաշինքի ստեղծման տասնամեակի առթիւ եւ չինական Ամանորի տօնակատարութիւններու շրջանակէն ներս։
Ներկաներուն ուղղած իր պատգամին մէջ, Քահանայապետը երախտագիտութիւն յայտնեց անոնց կողմէ իրականացուող բազմաթիւ նախաձեռնութիւններուն համար, որոնք միտուած են խթանելու Իտալիոյ եւ Չինաստանի միջեւ երկխօսութիւնը՝ «դիմագրաւելով մշակութային ընդելուզմանը, կրթութեանը եւ ընկերային արժէքներուն հայող մարտահրաւէրներուն»։
Ֆրանչիսկոս Պապին հետ հանդիպումը ուղեկցուեցաւ իտալական Վերչելլի քաղաքի Չինական մարտարուեստի կաճառի սաներու պատրաստած ներկայացումով, որուն համար եւս Պապը շնորհակալութիւն յայտնեց եւ նկատել տուաւ, որ առիւծի և վիշապի շարժումներէն ներշնչուած «բարձր վտանգաւորութեան» այդ համարձակ ազգային պարերու միջոցաւ յոյս կը յայտնուի, որպէսզի նոր տարին բեղմնաւոր ըլլայ։ Ասկէ մեկնելով Ան մաղթեց, որ անոնք ունակ ըլլան «բարձր վտանգաւորութեան»՝ երկխօսութեան ճանապարհին եւս՝ դառնալով «Խաղաղութեան եւ երկխօսութեան լարախաղացներ»։
Աւելցնենք նաեւ այսօր յետմիջօրէին՝ ժամը 17.30-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը Սուրբ Պետրոս Պազիլաքայէն ներս պիտի նախագահէ Նուիրեալ Կեանքի օրուան նուիրուած Սուրբ Պատարագը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ