Որոնել

CHAD-SUDAN-CONFLICT-REFUGEES

Քահանայապետին նորոգուած կոչը ի սպաս խաղաղութեան. Պատերազմները պարտութիւն ու անհեթեթ են

Նշելով որ այսօր կէսօրէն ետքը Վատիկանի մէջ սկիզբ կ՛առնէ քառասնորդացի Հոգեւոր կրթութիւնը Քահանայապետը Համայնքներու հաւատացեալները հրաւիրեց Մեծ Պահքի այս շրջանի և յոբելենական նախապատրաստութեան այս տարուայ ընթացքին, որ «Աղօթքի տարին» է, առանձնայատուկ պահեր նուիրելու, Տիրոջ ներկայութեամբ ամփոփումի։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 18 փետրուար 2024ի կէսօրին, Ֆրանչիսկոս Պապը, առաքելական պալատի իր գրասենեակէն արտասանած կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքի աւարտին խօսքը ուղղելով Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ համախմբուած իտալացի եւ օտարազգի հազարաւոր հաւատացեալ ուխտաւորներուն, նախ յիշեց Սուտանի մէջ տասը ամիսներ առաջ բռնկած հակամարտութիւնները, որոնք, ըսաւ Ան, «պատճառեցին մարդասիրական ծայրայեղ տագնապ մը» եւ հրաւիրեց կողմերը` «կանգնեցնելու պատերազմը», ապա խնդրեց աղօթել` «որպէսզի շուտով ձեռք բերուին խաղաղութեան ուղիներ, կառուցելու համար սիրելի Սուտանի ապագան»։

Պատերազմը պատութիւն է

Քահանայապետը յիշեց ապա Մոզամբիկի Քապօ Տելկատոյի մէջ անմեղ բնակչութեան դէմ բռնութիւնները, ենթակառոյցներու կործանումը եւ տարածուած անապահովութիւնը, ուր, ըսաւ Ան, «անցեալ օրերուն հրկիզուեցաւ նաեւ կաթողիկէ առաքելութեան կեդրոնը» եւ հոս եւս հրաւէր ուղղեց` աղօթելու այդ տարածաշրջանի խաղաղութեան համար, առանց մոռնալու բազմաթիւ միւս հակամարտութիւնները, որոնք կ՛արիւնեն ափրիկեան ցամաքամասը ու աշխարհի այլ շրջանները` նաեւ Եւրոպայի մէջ, Պաղեստինի մէջ եւ Ուքրանիոյ մէջ...

«Չի մոռնանք. Պատերազմը պարտութիւն է, միշտ։ Այնտեղ` ուր պայքար կայ, բնակչութիւնը յոգնած է պատերազմէն, որ ինչպէս միշտ անհեթեթ է, անորոշ, եւ կը բերէ միայն մահ, միայն կործանում, ու երբեք չի հանգիր հարցերու լուծումին» ըսաւ Սրբազան Պապը։

Խաղաղութեան նուիրուած սրտեր եւ մտքեր 

«Աղօթենք անյապաղ, որովհետեւ աղօթքը արդիւնաբեր է, եւ հայցենք Տիրոջմէ, որ պարգեւէ սրտեր ու մտքեր, որոնք գործնական կերպով նուիրուին խաղաղութեան» եղաւ Սրբազան Պապին կրկնուած կոչը։  Ան ապա ողջունեց հրապարակին վրայ գտնուող ուխտաւորներու խումբերը եւ նշեց` թէ այսօր կէսօրէն ետքը Վատիկանի մէջ սկիզբ կ՛առնէ քառասնորդացի Հոգեւոր կրթութիւնը, Համայնքներու հաւատացեալները հրաւիրելով Մեծ Պահքի այս շրջանին և յոբելենական նախապատրաստութեան այս տարուայ ընթացքին, որ «Աղօթքի տարին» է, առանձնայատուկ պահեր նուիրել՝ ամփոփուելով Տիրոջ ներկայութեամբ։

Յայտնենք` թէ վերոնշեալ հոգեւոր կրթութիւններու պատճառաւ այս շաբթուայ ընթացքին դադրած կը համարուին Քահանայապետին բոլոր գործունէութիւնները, ներառեալ 21 Փետրուարի Հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութիւնը։ Անոնք պիտի տեւեն մինչեւ ուրբաթ` 23 Փետրուար 2024։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/02/2024, 12:45