Ֆրանչիսկոս Պապ խորապէս տխրեցաւ Ֆիրէնցէյի մէջ աշխատավայրի մը մէջ պատահած արկածի ի լուր
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Վատիկանի Պետական քարտուղար, կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին, Ֆրանչիսկոս Պապի անունով ցաւակցական գիր յղեց Իտալիոյ Թոսքանա թեմի արքեպիսկոպոս, կարդինալ Պեթորիին, որուն մէջ Քահանայապետին մօտիկութիւնը յայտնեց անցեալ 16 փետրուարին, Ֆիրէնցէ քաղաքին մէջ աշխատավայրի մը մէջ պատահած արկածի պատճառով արձանագրուած 4 զոհերու ընտանեկան պարագաներուն ։
Ցաւակցական գիրին մէջ Կարդինալ Փարոլին նշեց, թէ Ֆրանչիսկոս Պապը ամենախոր մասնակցութիւնը կը բերէ ողջ քաղաքի բնակչութեան ցաւի ու կը վերանորոգէ աշխատավայրերու մէջ անվտանգութեան կոչը մաղթելով աւելի մեծ պարտաւորութիւն, աշխատաւորները պաշտպանելու պարտականութիւնը կրող անձերուն։
Կարդինալ Փարոլին ցաւակցան գիրը աւարտեց նշելով, որ Նորին Սրբութիւնը իր երախտագիտութիւնը կը յայտնէ շտապ օգնութեան հասնող փրկարարներուն ու ապահովուելով Իր հայրական աղօթքը, Նորին Սրբութիւնը բոլորին կը շնորհէ իր առաքելական օրհնութիւն ի նշան հոգեւորական մօտիկութեան։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ