Ֆրանչիսկոս Պապ. «Կրթութիւնը իրաւունք է, ոչ մէկը բացառուած չէ»
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Սպանիոյ եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի կազմակերպութեամբ , Մատրիտի մէջ գումարուեցաւ կրթութեան նիւթին նուիրուած համագումար մը, որուն իրենց
մասնակցութիւնը բերին աւելի քան 1200 անձեր։ Համագումարին առանցքը եղաւ այն երեւոյթը, որ կրթութիւն առաջարկելը « յոյսի արարք մըն է մեր առջեւ գտնուողին հանդէպ եւ ներդրում ընկերութեան վերանորոգութեան։
Այս առթիւ Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամ մը յղեց համագումարի մասնակիցներուն որուն մէջ նշեց, որ կրթութիւնը «երգչախմբային աշխատանք է», որ միշտ կը պահանջէ «համագործակցութիւն եւ ցանցային գործունէութիւն» ապա հրաւիրեց երբեք մինակ չմնալ եւ խուսափիլ ինքնայղումէն։
20 փետրուար թուակիր պատգամին մէջ, Նորին Սրբութիւնը նկատել կու տայ որ բոլոր ոլորտներէն ներս կաթողիկէ կրթութեան յատկանիշը « իսկական մարդկայնացումն է, մարդկայնացում մը, որ կը ծնի հաւատքէն եւ մշակոյթ կը ստեղծէ» որովհետեւ Քրիստոս «միշտ մեր բնակարաններու մէջ կ՝ապրի, մեր լեզուն կը խօսի եւ մեր ընտանիքներուն եւ մեր ժողովուրդին կ՝ընկերանայ։», գրեց
Նորին Սրբութիւնը։ Ան ապա յիշելով աշխարհի տարբեր վայրերու մէջ բռնկուած պատերազմի, բռնութեան եւ ճնշումներուն ենթակայ, կրթութենէ զերծ անչափահասներն ու մանուկները շեշտեց, որ բոլորը կրթութեան իրաւունք ունին առանց ոչ մէկը բացառելու։
Նորին Սրբութիւն ապա իր գնահատանքը յայտնեց Սպանիոյ եկեղեցւոյ կրթութեան ծիրէն կատարած աշխատանքներու համար, յորդորեց եկեղեցւոյ անդամները աշխատելու առանց ոչ մէկը մոռնալու եւ զգոյշ ըլլալու նոր բացառումներէն, որոնք մնացորդացի մշակոյթ կը պատճառէ։
Նորին Սրբութիւնը յատուկէն շնորհակալութիւն կը յայտնէ դաստիարակիչներուն, կրթութեան բոլոր մանկավարժներուն, գործակալներուն նկատել տալով որ անոնց առաքելութիւնը թանկ է Աստուծոյ եւ շատ կարեւոր մեր եղբայրներու համար։
Սրբազան Քահանայապետը ի վերջոյ կը հրաւիրէ միասնաբար մտածելու եւ քալելու, հաւատքին ինքնութիւնը արժէքաւորելու ապա Աստուծոյ օրհնութիւնը կը հայցէ իրենց զաւակները կրթող ընտանիքներուն եւ բոլոր անոնց որոնք նուիրուած են կրթութեան առաքելութեան քաջալերելով զանոնք խաղաղութեան դերակատարներ դառնալու։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ