Որոնել

2019.02.20 beatificazione 27 aprile 2019 Enrico Angelo Angelelli Carletti

Ֆրանչիսկոս Պապ. Եպիսկոպոս Անճելելլին, ոչ թէ հերոս, այլ նահատակ եւ պարգեւ Եկեղեցւոյ համար

Հրապարակուեցաւ Սրբազան Քահանայապետի՝ «Էնրիքէ Անկել Անճելելլի. Ունկնդրելով Աստուած եւ Ժողովուրդը» վերնագիրով գիրքին նախաբանը, որ լոյս տեսաւ այսօր՝ 12 Փետրուարին: Հատորը կ’ամփոփէ ճնշուածներու հանդէպ իր նուիրուածութեան համար սպաննուած արժանթինցի եպիսկոպոսին 1968-1976 թուականներու քարոզները:
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

Այսօր՝ 12 Փետրուար 2024ին, լոյս տեսաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին նախաբանը կրող՝ «Էնրիքէ Անկել Անճելելլի. Ունկնդրելով Աստուած եւ Ժողովուրդ» վերնագիրով գիրքը։ «Libreria Editrice Vaticana»ի կողմէ հրատարակուած հատորը կ’ամփոփէ՝ ճնշուածներու հանդէպ իր նուիրուածութեան համար սպաննուած եւ 2019 թուականին երանացումի արժանացած արժանթինցի եպիսկոպոսին 1968-1976 թուականներուն քարոզները։

«Իւրաքանչիւր տղամարդ, իւրաքանչիւր կին, իւրաքանչիւր հաւատացեալ. բոլորս ալ Տիրոջ պարգեւներն ենք՝ շատ արժէքաւոր պարգեւ», կը գրէ Նորին Սրբութիւնը իր նախաբանին սկիզբը եւ կը շարունակէ. «Իսկապէս, որքան շատ կը բարեկամանանք Տիրոջ եւ ուրիշներուն հետ, այնքան կոշտութիւնը, խստութիւնը, անհամատեղելիութիւնները կը հարթուին։ Իրականութեան մէջ, սուրբերը եղբայրներ են այնքան նման Յիսուսին, որ կրնան ապահով յղումներ ըլլալ (օրինակ՝ ուսուցման, բարեկամութեան եւ նուիրուածութեան մէջ) Աստուծոյ իւրաքանչիւր Որդիին համար»:

Ասկէ մեկնելով Ֆրանչիսկոս Պապ կը շեշտէ, որ Երանելի նահատակ եպիսկոպոս Էնրիքէ Անճելելլին մինչ օրս ալ կը հանդիսանայ Աստուծոյ այդպիսի պարգեւ Եկեղեցւոյ համար՝ Արժանթինի Եկեղեցւոյ համար․ «Մեծ ազատութեան եւ մեծ սիրոյ տէր անձ մը՝ իւրաքանչիւրի հանդէպ՝ բարեկամ թէ հակառակորդ, եղբայր թէ թշնամի»:

Սրբազան Պապը կը հաստատէ այնուհետեւ Նահատակին վկայութիւնը առ այն․ «որ եթէ սիրտն ու միտքը Աստուծոյ մէջ են, ապա անոր մէջ միշտ կ’առաջանան՝ անկեղծ սէր բոլորի հանդէպ եւ ցանկացած գործիականացումէն ու համառօտ ճամբաներէն հրաժարում՝ յանուն սեփական շահի կամ հանգիստ կեանքի, եթէ կը վտանգուին ամենաթոյլերու, անտեսուածներու, անոնց, որոնց ինչպէս այսօր կ’անուանենք, լուսանցքայիններու, իրաւունքներն ու կեանքը։

Ի վերջոյ կ’եզրակացնէ, որ «այդ պատճառով է, որ Գերապայծառ Անճելելլին եւ անոր քարոզները, որոնք ամփոփուած են «Ունկնդրելով Աստուած եւ Ժողովուրդը» վերտառութեամբ այս հատորին մէջ, կարող են նաեւ ներշնչումի եւ աճումի աղբիւր ըլլալ աւետարանական ըմբռնման մէջ այն մարտահրաւէրներու եւ իրավիճակներու համար, որոնք մեզմէ իւրաքանչիւրը կոչուած է ապրելու Եկեղեցւոյ մէջ եւ մասնագիտական ​​ու ընտանեկան կեանքէն ներս»:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/02/2024, 11:44