Որոնել

Կարդինալներու Խորհուրդի ժողովը 5 Փետրուար 2024ին Կարդինալներու Խորհուրդի ժողովը 5 Փետրուար 2024ին  (Vatican Media)

Բաւականաչափ չենք ունկնդրած կանանց ձայնը Եկեղեցւոյ մէջ. Ֆրանչիսկոս Պապ

Հրապարակուեցաւ Սրբազան Քահանայապետին առաջաբանը պարունակող «Ապաարականցնե՞լ Եկեղեցին» վերտառութեամբ գիրքը, որուն մէջ հեղինակը Հանս Ուրս ֆոն Պալտասարը՝ «սկզբունքներու» վերաբերեալ քննադատական համեմատութիւն կ՛ընէ՝ հիմնուելով երեք աստուածաբաններու ելոյթներուն վրայ, որոնք նոյնպէս պարփակուած են Edizioni Paoline հրատարակչատան կողմէ լոյս ընծայած այս գիրքին մէջ
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

Երէկ՝ 7 Փետրուար 2024ին, հրապարակուեցաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին նախաբանով՝ «Ապաարականցնե՞լ Եկեղեցին» տիտղոսով եւ «քննադատական ​​համեմատութիւն «սկզբունքներու» վերաբերեալ» ենթատիտղոսով գիրքը, որուն հեղինակն է Հանս Ուրս ֆոն Պալտասարը, իսկ հրատարակիչը՝ Edizioni Paoline հրատարակչատունը։

Ինչպէս կը յուշէ գիրքին ենթատիտղոսը, այն «սկզբունքներու» վերաբերեալ քննադատական​​ համեմատութիւն է՝ հիմնուած երեք աստուածաբաններու՝ սալեզեան կրօնաւորուհի Լինտա Փոշէի, Լուչիա Վանթինիի եւ Հայր Լուքա Քասթիլիոնիի ելոյթներուն վրայ, որոնք նոյնպէս պարփակուած են անոր մէջ։ Աստուածաբանները կանչուած էին մասնակցելու Կարդինալներու Խորհուրդի հերթական ժողովին, որուն նպատակն էր խորհրդածել Եկեղեցւոյ մէջ կնոջ դերի շուրջ։

Յատկանշական է, որ Ֆրանչիսկոս Պապը իր նախաբանը ստորագրած էր անցեալ` 8 Դեկտեմբերին՝ Անարատ Յղութեան տօնին օրը։

«Աղօթքի, խորհրդածութիւններու եւ գործողութիւններու միջոցաւ կանանց ներկայութիւնն ու ներդրումը եկեղեցական համայնքներու կեանքին եւ աճին, այն իրողութիւններն են, որոնք միշտ հարստացուցած են Եկեղեցին, աւելին անոր ինքնութիւնն են»: Այդուհանդերձ, մենք, յատկապէս Սինոդի ընթացքին «հասկցանք, որ բաւականաչափ չենք ունկնդրած Եկեղեցւոյ մէջ կանանց ձայնը, եւ որ Եկեղեցին դեռ շատ բան ունի սորվելու անոնցմէ»: Այս բառերով կը սկսի Սրբազան Քահանայապետը իր նախաբանը։

Ան ապա կը շարունակէ ընդգծելով, որ «Եկեղեցին տղամարդկանց եւ կանանց հաղորդութիւն է, որոնք կը կիսեն նոյն հաւատքը եւ նոյն մկրտութեան արժանապատւութիւնը»: Որպէս Եկեղեցին «ապաարականացնելու» անհրաժեշտ պայման, Պապը կը շեշտէ կանանց իսկապէս լսելու կարեւորութիւնը, քանի որ «անոնք իրականութիւնը կը դիտեն այլ տեսանկիւնէ»։

«Համբերութիւն, փոխադարձ յարգանք, ունկնդրութիւն եւ բացուածք պէտք է, մէկը միւսէն իսկապէս սորվելու եւ յառաջ ընթանալու համար՝ որպէս Աստուծոյ մէկ Ժողովուրդ, որ հարուստ է տարբերութիւններով, բայց կը քալէ միասին», կը պնդէ հետեւաբար Ֆրանչիսկոսը:

Ճիշտ այս պատճառով է, կը շարունակէ Ան, որ աստուածաբան կնոջմէ մը խնդրած է, որպէսզի Կարդինալներու Խորհուրդին առաջարկէ «խորհրդածութիւններու ուղի Եկեղեցւոյ մէջ կանանց ներկայութեան եւ դերի մասին՝ որպէս մեկնարկային կէտ առաջարկելով Հանս Ուրս ֆոն Պալտասարի Եկեղեցւոյ մէջ մարեմեան եւ պետրոսեան սկզբունքներու մասին խորհրդածութիւնները:

Աւարտին Սրբազան Քահանայապետը ուրախութիւն կ'արտայայտէ, որ այդ հրատարակութեան միջոցաւ Լուչիա Վանթինիի, Լուքա Քասթիլիոնիի եւ Լինտա Փոշէի՝ Կարդինալներու Խորհուրդին առաջարկուած խորհրդածութիւնները, հասանելի պիտի ըլլան բոլոր անոնց համար, որոնք կը ցանկանան մասնակցիլ սինոդալ երկխօսութեան եւ առ աւելիով խորասուզուիլ տղամարդկանց ու կանանց եկեղեցական յարաբերութիւններու նիւթին մէջ:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/02/2024, 10:56