Որոնել

2024.02.15 Delegazione del Movimento "La Diaconie de la Beauté"

Ֆրանչիսկոս Պապը արուեստագէտներուն՝ ձեր կարիքը կայ այլ աշխարհ երազելու համար

Սրբազան Քահանայապետին այսօր ընդունեց «Գեղեցկութեան Սարկաւագութիւն» ֆրանսական ընկերութեան անդամները․ «Աստուծոյ գեղեցկութեան հանդիպիլը մեզ թոյլ կու տայ նորէն սկսիլ՝ աւելի մարդկային եւ եղբայրական հասարակութիւններու ճամբուն վրայ»։
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

15 Փետրուար 2024ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ունկնդրութիւն շնորհեց` «Գեղեցկութեան Սարկաւագութիւն - Diaconie de la beauté» ֆրանսական շարժումի անդամներուն եւ անոնց արտասանած իր ճառին մէջ իր ուրախութիւնը յայտնեց ամէն տարի կազմակերպուող «Փառատօներու» համար, որուն տասնամեակը կը լրանայ այս տարի եւ որուն առթիւ Հռոմի մէջ գիտաժողով կազմակերպուած է։

Արուեստագէտները՝ կամուրջ երկինքի եւ երկիրի միջեւ

«Ձեր կոչումն է օգնել արուեստագէտներուն կամուրջ ստեղծել երկինքի եւ երկիրի միջև», որոնց մէջ կ’արթնցնենք ճշմարտութեան որոնումները՝ ըլլաք երաժիշտներ թէ՝ բանաստեղծներ, երգիչներ թէ՝ նկարիչներ, ճարտարապետներ թէ՝ դերասաններ, որովհետեւ գեղեցկութիւնը կը հրաւիրէ այլ կերպով ապրելու աշխարհի մէջ, շարունակեց Ֆրանչիսկոս Պապը եւ ընդգծեց, որ «խօսքը սքանչանալու մասին է։ «Գեղեցկութիւնը մեզի զգալ կու տայ, որ կեանքը մղուած է դէպի լիութիւն» ։

Եկեղեցւոյ եւ արուեստագէտներու միջեւ երկխօսութիւնը

Սրբազան Հայրը շեշտեց ապա, որ «Գեղեցկութեան Սարկաւագութիւն»ը կ’օգնէ թարմացնել Եկեղեցւոյ եւ արուեստագէտներու միջեւ երկխօսութիւնը հանդիպումներու, համերգներու եւ ներկայացումներու միջոցաւ, անկախ այն բանէն՝ հաւատացեալ են, թէ՝ ոչ:

Ըլլալ ժողովուրդներու երգասացներ` պատերազմներէն ցնցուած այս աշխարհին մէջ

Ան յորդորեց «ըլլալ ժողովուրդներու, մշակոյթներու եւ կրօններու միջեւ ներդաշնակութեան երգասացներ», մեր մարդկութիւնը ամէն տեսակ բռնութիւններէն, պատերազմներէն, ընկերային ճգնաժամերէն ցնցած աշխարհի մը մէջ, ուր «անհրաժեշտ են տղամարդիկ եւ կանայք, որոնք երազել կու տան այլ աշխարհի, գեղեցիկ աշխարհի մասին»:

Բնութեան գեղեցկութիւնը եւ հասարակաց տան խնամքը

«Աւելին», ըստ Ֆրանչիսկոս Պապին․ «այսօր մեզի համար հրատապ է վերստեղծել մարդու եւ շրջակայ միջավայրի միջեւ ներդաշնակութիւնը: Կլիմայական մեծ ճգնաժամերը մեզմէ կը պահանջեն վերանայիլ մեր սովորոյթները եւ վարուելակերպերը: Իսկ արուեստը բնութեան գեղեցկութեան պատգամը փոխանցելու շատ հզօր միջոց մըն է»։

«Հարց տանք մենք մեզի՝ ո՞րն է մեր ներդրումը ներդաշնակ աշխարհ կառուցելու գործին մէջ։ Գեղեցկութեան մշակոյթը մեզի միշտ շարժումի մէջ կը դնէ: Աստուծոյ գեղեցկութեան հանդիպիլը մեզի թոյլ կու տայ նորէն սկսիլ՝ աւելի մարդկային եւ եղբայրական հասարակութիւններու ճամբուն վրայ», յարեց ի վերջոյ Քահանայապետը ու պատգամը եզրափակեց շարժումի բոլոր անդամներուն վրայ հայցելով իր օրհնութիւնները եւ խնդրելով աղօթել իրեն համար։

Նշենք թէ՝ «Գեղեցկութեան Սարկաւագութիւն» շարժումը, որ եկեղեցական կառոյց մըն է, ստեղծուած է 2012-ին՝ Մշակոյթի եւ Կրօններու միջեւ Երկխօսութեան Քահանայապետական Խորհուրդի երբեմնի նախագահ Կարդինալ Փոլ Փուփարի նախագահութեամբ կազմակերպուած Սինոդի ծիրէն ներս, եւ նպատակ ունի կամուրջ հանդիսանալ Աստուծոյ եւ արուեստագէտներու միջեւ, զանոնք դարձնելով Աստուծոյ գեղեցկութեան վկաները։ Շարժումին մաս կը կազմեն արուեստի աշխարհի ներկայացուցիչներ, երգիչներ, քանդակագործեր, դերասաններ, պարողներ…եւայլն, որոնք իրենց ճշմարտութեան որոնումը կ՛ապրին հասարակական կերպով, աղօթքի, վկայութեան, կազմաւորումի, զօրակցութեան ու այլ ձեռնարկներու միջոցաւ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/02/2024, 12:02