Ըստ լատինաց Մոխրոց Օրը այս տարի կը յիշատակուի 14 Փետրուարին
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Քահանայապետական ծիսակատարութեան գրասենեակը տեղեկացուցած էր որ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Չորեքշաբթի 14 Փետրուարին` որ ըստ Լատինաց Մոխրոց Օր է, կէսօրէն ետք ժամը 4,30ին Հռոմի Սուրբ Անսելմոսի Եկեղեցիէն մեկնելով պիտի գլխաւորէ Մոխրոց օրուան արարողութիւնը, որուն ընթացքին կը կատարուի նաեւ ապաշխարութեան թափօրը դէպի Սանթա Սապինա Պազիլիքա, ուր Սրբազան Պապը կը մատուցէ Սուրբ Պատարագ եւ կը կատարէ Մոխրոց Օրհնութիւնն ու ապա մոխրոց սրսկումի ծիսակատարութիւնը, բացումը կատարելով քառասնորդաց շրջանին։
Յայտնենք թէ Լատին Եկեղեցւոյ համար Մեծ Պահքի տեւողութիւնը 40 օր է։ Այս շրջանը հաստատուած է, որպէս պատրաստութիւն Քրիստոսի չարչարանքի, խաչելութեան, մահուան ու փառաւոր Յարութեան տօնակատարութիւններուն։
Մեծ Պահքին ընթացքին, հաւատացեալը հրաւիրուած է ապրելու այս շրջանը աղօթքով, ծոմապահութեամբ եւ ողորմածութեան գործերով։
Հայ Եկեղեցւոյ մէջ մոխրոց օրը կը կատարուի Բուն Բարեկենդանին յաջորդող երկուշաբթի օրը։ Մոխրոց օրհնութիւնը հաւատացեալներուն կը յիշեցնէ՝ երկրաւոր բարիքներուն ունայն եւ անցողակի բնոյթը, ու թէ մարդը ''հող է եւ հող պիտի դառնայ»։
Նշենք թէ Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի հրապարակած հաղորդագրութեամբ տեղեկացուած էր նեաւ թէ «Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հրաւէր ուղղած էր Հռոմի մէջ բնակութիւն ունեցող կարդինալներուն, Վերատեսչութիւններու պատասխանատուներուն ու Հռոմի Քուրիայի մեծաւորներուն, անհատական կերպով ապրելու Հոգեւոր Կրթութեան ժամանակը, դադրեցնելով իրենց աշխատանքային գործունէութիւնը ու աղօթքի մէջ ամփոփուելով քառասնորդացի առաջին շաբթուան ընթացքին, սկսեալ Կիրակի` 18 Փետրուարէն մինչեւ ուրբաթ` 23 Փետրուար 2024»։
Նոյն հաղորդագրութեան մէջ կը կարդանք, թէ «այդ շաբթուայ ընթացքին դադրած կը համարուին Քահանայապետին բոլոր գործունէութիւնները, ներառեալ 21 Փետրուարի Հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութիւնը»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ