Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ  (Vatican Media)

Ֆրանչիսկոս Պապ. «Գացէք ամբողջ աշխարհը եւ մարդոց քարոզեցէք անխոնջ կերպով»

Լոյս տեսաւ Ֆրանչիսկոս Պապին Միսիոնարական համաշխարհային 98-րդ օրուան պատգամը, որուն մէջ կը մեկնաբանէ «Թագաւորին տղուն հարսանիքի» առակը (Մատթ 22, 1-14), հրաւիրելով ողջ աշխարհը երթալ Տիրոջ Թագաւորութեան հրաւէրը փոխանցելու համար։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Հրապարակուեցաւ Ֆրանչիսկոս Պապին Միսիոնարական համաշխարհային 98-րդ օրուան պատգամը ունենալով որպէս նիւթ Մատթէոսի աւետարանէն քաղուած «Թագաւորին տղուն հարսանիքի» առակը (Մատթ 22, 1-14), որուն մէջ կը նշուի «Երբ որ հրաւիրեալները հրաւէրը մերժեցին, թագաւորը իր ծառաներուն ըսաւ «Գացէք, ուրեմն, ճամբաներու գլուխները եւ գտածնիդ կանչեցէք հարսանիքին»(Մատթ 22, 9)։

Նշենք որ Միսիոնարական համաշխարհային 98-րդ օրը կը նշուի յառաջիկայ  20 հոկտեմբերին։

Գացէ՛ք եւ հրաւիրեցէք։ Առաքելութիւնը որպէս անխոնջ՝ երթալ եւ հրաւիրել Տիրոջ խնճոյքին

Ֆրանչիսկոս Պապ մեկնաբանելով Թագաւորին տղուն հարսանիքին առակը նշեց «Թագաւորին իր ծառաներուն ուղղուած հրամանին սկիզբը՝ կան երկու բայեր որոնք կ՝արտայայտեն առաքելութեան առանցքը. «գացէք» եւ «կանչեցէք»՝ հրաւիրելու իմաստով։ Այս մէկը մեզի կ՝ըսէ որ առաքելութիւնը անխոնջ ճանապարհորդութիւն է դէպի ողջ մարդկութիւնը զանոնք հրաւիրելու համար հաղորդելու եւ հանդիպելու Աստուծոյ հետ... Անխոնջ Աստուած մեծ է սիրոյ մէջ եւ հարուստ ողորմութեամբ, Ան միշտ իւրաքանչիւր մարդու կը մօտենայ՝ զայն Իր Թագաւորութեան երջանկութեան կանչելու համար, չնայած անտարբերութեան ու մերժումին։ Այպէս Յիսուս Քրիստոս, բարի հովիւը ուղարկուած Հօր կողմէ, գնաց փնտռելու Իսրայէլի ժողովուրդի կորսուած ոչխարները,եւ փափաքեցաւ աւելի հեռու երթալ հասնելու համար նաեւ ամենէն հեռաւոր ոչխարները։ (Յովհ 10,16)։ Յիսուս իր առաքեալներուն ըսաւ «գացէ՛ք» ըլլայ Յարութենէն ըլլայ յարութենէն վերջ, ներգրաւելով զանոնք միեւնոյն առաքելութեան մէջ։ (Ղուկ 10,3; Մարկ 16,15)։ Այս պատճառով եկեղեցին կը շարունակէ դուրս գալ ամեն սահմաններէն անդին ու դարձեալ դուրս կու գայ առանց յոգնելու կամ սիրտը կորսնցնելով դժուարութիւններու ու խոչընդոտներու դիմաց՝ հաւատարմութեամբ իրականացնելու համար Տիրոջմէ ստացած առաքելութիւնը։

Հրաւիրեցէք

Նորին Սրբութիւնը ակնարկելով Թագաւորին ծառաներուն ուղղած հրամանին «Գացէք եւ հրաւիրեցէք հարսանիքի» նշեց, թէ երթալը կը զուգադիպի կանչելու՝ աւելի ճիշդ հրաւիրելու . «Հրամեցէք հարսանիքի», (Մատթ 22,4) մատնանշելով, որ «ասիկա ցոյց կու տայ Աստուծոյ կողմէ վստահուած առաքելութեան ուրիշ եւ կարեւոր երեւոյթ մը։ «Ինչպէս կրնանք պատկերացնել այդ ծառայ պատգամաւորները հրատապութեամբ, յարգանքով ու բարութեամբ փոխանցեցին Տիրոջ հրաւէրը։ Նոյն ձեւով Աւետարանը ամէն արարածի հասցնելու առաքելութիւնը անպայման պէտք է ունենայ նոյն ոճը ինքնին յայտարարողին։

2) Հարսանիքին։ Քրիստոսի եւ Եկեղեցւոյ առաքելութեան վախճաբանական եւ Սուրբ Հաղորդութեան հեռանկարը։

Նորին Սրբութիւնը նշեց, որ առակին մէջ ակնարկուած հարսանիքը կ՝արտացոլայ վախճանականութիւնը զոր Աստուծոյ արքայութեան վերջնական փրկութեան պատկերն է, որ արդեն իրականացուած է Յիսուսի գալուստով, Աստուծոյ Որդին եւ Մեսիան, որ մեզի առատ կեանք տուաւ եւ կը խորհրդանշուի «համեղ ուտելիքներով եւ նուրբ գինիներով պատրաստուած սեղանով», երբ Աստուած յաւիտեան կը վերացնէ մահը։ (Եսայի 25,6-8)։

Կեանքի այս լիութիւնը՝ Քրիստոսի պարգեւը արդեն կանխուած է այժմ Սուրբ Հաղորդութեան խնճոյքին մէջ, որ Եկեղեցին կը նշէ Տիրոջ պատուիրանով ի յիշատակ Իրեն։ Այս հեռանկարով, 2025 յոբելինական տարուան նախապատրաստութեան՝ աղօթքի նուիրուած ընթացիկ տարուան ընթացքին ֆրանչիսկոս Պապ հրաւիրեց աշխուժ կերպով մասնակցիլ Սուրբ Պատարագի եւ եկեղեցւոյ աեւտարանացումի առաքելութեան աղօթքին։

«Բոլորը» Քրիստոսի աշակերտներուն տիեզերական առաքելութիւնը եւ Եկեղեցին ամբողջութեան սիւնոդասական եւ միսիոնարական։

Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց որ «Վերջին եւ երրորդ մտորումը կը վերաբերի թագաւորին հրաւէրը ստացողներուն։ «Բոլորը», դա առաքելութեան հիմքն է առանց խտրութեան...։ Ամէն առաքելութիւն կը ծնի Յիսուսի սիրտէն որպէսզի, թոյլ տանք որ Ան բոլորը Իրեն քաշէ։ Այսօր եւս աշխարհի մը մէջ որ պատերազմներով եւ բաժանումներով կծկուած է, Քրիստոսի Աւետարանը այն մեղմ եւ ուժեղ ձայնն է, որ կը հրաւիրէ մարդկանց իրարու միջեւ հանդիպելու եւ ճանչնալու որպէս եղբայրներ։

Առաքելութիւնը բոլորին համար կը պահանջէ բոլորին յանձնարութիւնը։ Ուստի անհրաժեշտ է շարունակել ճանապարհը դէպի սինոդական եւ միսիոնարական եկեղեցին ի սպաս Աւետարանի ծառայութեան։ Սինոդականութիւնը ինքնին միսիոնարական է եւ ընդհակառակը առաքելութիւնը միշտ սինոդական է»։

Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամը աւարտեց հրաւիրելով մեր հայեացքը ուղղել դէպի Տիրամայրը, որ «Յիսուսէն ստացաւ առաջին հրաշքը Գալիլեայի Կանայի հարսանիքի խնճոյքի ժամանակ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/02/2024, 11:21