Որոնել

Գիւղատնտեսութիւն Գիւղատնտեսութիւն  (AFP or licensors)

Ֆրանչիսկոս Պապ. «Վերացնել սննդամթերքի վատնումը եւ աջակցիլ հարստութիւններու արդար բաշխումին»

Ֆրանչիսկոս Պապին ուղերձը միջազգային գիւղատնտեսութեան զարգացման հիմնադրամին, Կառավարիչներու խորհուրդի 47-րդ նստաշրջանին մասնակիցներուն։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Ֆրանչիսկոս Պապ ուղերձ մը յղեց միջազգային գիւղատնտեսութեան զարգացման հիմնադրամին, Կառավարիչներու խորհուրդի 47-րդ նստաշրջանին համար։

Ուղերձին մէջ Սրբազան Հայրը ողջունելով հանդիպումի մասնակիցները իր ուրախութիւնը յայտնեց անոնց յանձնառութեան, ժամանակին եւ ուժին համար, զոր կը յատկացնեն են աւելի լաւ աշխարհը կառուցելու պայքարին, ուր ոչ մէկը թիրախ է արժանապատուութեան ոտնահարման եւ ուր եղբայրութիւնը իրականութիւն, ուրախութեան աղբիւր, եւ յոյսը կը դառնայ 

Սովի տագնապն ու սննթամքերքի վատնումը

Նորին Սրբութիւնը ապա նկատել կու տայ, որ այսօր աշխարհը կանգնած է սրտաճմլիկ երկճիւղումի դիմաց, ուր մէկ կողմէն միլիոններով անհատներ կը տառապին սովէն եւ միւս կողմէն սննդամթերքի վատնումի հսկայ անզգայութիւն կը տիրէ եւ ամէն տարի վատնուած սննդամթերքը ահռելի քանակութեամբ ջերմային կազեր կը յառաջացնէ, մինչդեռ ճիշդ չափով բաժանումը բաւարար կը նկատուի բոլոր քաղցածները կերակրելու համար։

Անդրադառնալով աշխարհը յուզող հարցերուն, կլիմայի փոփոխութիւնը, պատերազմները, տնտեսական տագնապը, Նորին Սրբութիւնը նկատել կու տայ, որ այդ ճգնաժամերէն ամենէն շատ տուժողները նախ եւ առաջ գիւղական հասարակութիւններն են, որովհետեւ անոնք զուրկ են հարստութիւններէն՝ այդ հարցերը դիմակայելու համար։

Բնիկ ժողովուրդները նաեւ զոհ են դժուարութիւններու, զրկանքներու եւ չարաշահումներու

Ֆրանչիսկոս Պապ նկատել կու տայ, որ բնիկ ժողովուրդները նաեւ զոհ են դժուարութիւններու, զրկանքներու եւ չարաշահումներուն ու անտեսուած են բազմաթիւ կանայք ու երիտասարդները, որոնք զուրկ են կրթական դաստիարակութիւնէն, հարստութիւններէն եւ հնարաւորութիւններէն։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա շեշտը կը դնէ այն իրողութեան վրայ, որ առկայ խնդիրները յատուկէն սովը, աղքատութիւնը յաղթահարելու համար բաւարար չեն վերացական ռազմավարութիւնները կամ անհասանելի յանձնառումները, այլ անհրաժեշտ է մշակել հաւաքական գործողութիւններու յոյսը։ Նորին Սրբութիւնը ապա կը հրաւիրէ համագործակցելու կառուցելու համար գիւղատնտեսական եւ պարենային աւելի ներառական համակարգ, էական նկատելով սննդամթերքի վատնումի վերացումը եւ հարստութիւններու արդար բաշխումին աջակցութիւնը։

Ֆրանչիսկոս Պապ ուղերձը կ՝աւարտէ խնդրելով Աստումէ որ օգնէ բոլորին, որպէսզի իմաստութիւնը, կարեկցանքը եւ համագործակցութեան եւ ծառայութեան ոգին առաջնորդէ անոնց որոշումները, մաղթելով նաեւ որ անոնց առաջարկներն ու գործողութիւնները արտացոլեն արդարութեան, համերաշխութեան եւ կարեկցանքի համընդհանուր արժէքները ու աշխատին խաղաղութեան եւ ընկերային բարեկամութեան համար, յառաջացնելով փոփոխութիւններ ի նպաստ մարդկութեան համապարփակ զարգացման։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/02/2024, 16:13