Որոնել

Մերկանանք աշխարհի զգեստներէն, վերադառնանք Յիսուսին. Ֆրանչիսկոս Պապին Մոխրոց Օրուան քարոզը

«Մենք մեզ ճանչնանք այնպէս ինչպէս որ ենք` Աստուծմէ սիրուած մոխիր, Անոր շնորհիւ մենք կը վերածնինք մեղքի մոխիրէն դէպի Յիսուս Քրիստոսի եւ Սուրբ Հոգիին մէջ նոր կեանքի»
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի 14 Փետրուարին` ըստ Լատինաց Մոխրոց Օրուան առիթով, Ֆրանչիսկոս Պապը, կէսօրէն ետքը ժամը 4,30ին Հռոմի Սուրբ Անսելմոսի Եկեղեցիէն մեկնելով գլխաւորեց Մոխրոց օրուան արարողութիւնը, որ կը նախատեսէր ապաշխարութեան թափօրը դէպի Սանթա Սապինա Պազիլիքա, ապա Սուրբ Պատարագ եւ Մոխրոց Օրհնութիւնը։

Այս առիթով Քահանայապետին արտասանած քարոզին առանցքը կազմեց Մատթէոս Աւետարանիչէն քաղուած հետեւեալ հատուածը. «Իսկ դուն երբ ողորմութիւն ընես, երբ աղօթես, երբ ծոմ պահես, ուշադիր եղիր, որ այս մէկը կատարուի գաղտնի կերպով, որովհետեւ Հայրդ կը տեսնէ գաղտնին ( Մատթ. 6,4)։ 

Մտնել Գաղտնիութեան մէջ

«Մտիր գաղտնիութեան մէջ, այս է Յիսուսին հրաւէրը ուղղուած մեզմէ իւրաքանչիւրս քառասնորդացի ուղեւորութեան սկիզբը», ըսաւ Քահանայապետը, բացատրելով` որ «գաղտնիութեան մէջ մտնելը կը նշանակէ վերադառնալ սրտին»։ Անիկա արտաքինէն դէպի ներքին կատարուած ճանապարհորդութիւն է, որպէսզի մեր կեանքը, ու նաեւ Աստուծոյ հետ յարաբերութիւնը չի դառնայ լոկ արտաքին երեւոյթ...այլ ծնի ներսէն, համապատասխանէ սրտի շարժումներուն»։

Վերադառնալ դէպի սիրտ

«Պահքը այնուհետև մեզ կը մխրճէ  մաքրագործման և նուաստացման մէջ, կ՛ուզէ մեզ օգնել, որպէսզի հեռանանք ամէն տեսակ  «դիմայարդարումէ», այն ամէն բաներէ` որ մենք կը զգենունք, որպէսզի երևնանք  աւելի քան ինչ որ ենք։ Վերադառնալ դէպի սիրտ կը նշանակէ վերադառնալ մեր իսկական «ես»-ին և  զայն ներկայացնել այնպէս ինչպէս որ է, մերկ, Աստուծոյ առջեւ։  Անիկա կը նշանակէ նայիլ մեր ներաշխարհին և գիտակցիլ, թէ ով ենք մենք իրականութեան մէջ, հանել մեր յաճախ կրած դիմակները,  դանդաղեցնել մեր մոլութիւններու շտապումը, ընդունելով մեր անձին ճշմարտութիւնը։  Կեանքը ասմունք մը չէ, և Մեծ Պահքը մեզ կը հրաւիրէ դուրս գալու գեղարուեստական գրականութեան բեմէն, վերադառնալու համար սրտին, իրականութեան` զոր մենք ենք» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը դիտել տալով թէ ասոր համար է, որ այս գիշեր մեր գլուխները կը սրսկուին մոխիրով:

Մոխիր ենք, որուն վրայ Աստուած փչեց իր կենաքին շունչը

Արարք մը` որ մեզ կ՛ուզէ վերադարձնել մեր էութեան էականին, մենք փոշի ենք, մեր կեանքը նման է շունչի մը...մոխիրը, որ կը դրուի մեր գլուխին վրայ մեզի կը հրաւիրէ վերագտնելու կեանքին գաղտնիքը...նայելու մեր ներսը ու վերագտնելու Աստուծոյ ներկայութիւնը, որ մեզ կը սիրէ ի սկզբանէ։

«Մենք մոխիր ենք, որուն վրայ Աստուած փչեց իր կենաքին շունչը...եւ եթէ այդ մոխիրին մէջ վառի Աստուծոյ սէրը այն ժամանակ պիտի բացայայտենք, թէ մենք խմորուած ենք այդ սիրով ու կոչուած ենք սիրոյն` սիրելու եղբայրները, որոնք մեր կողքին կը գտնուին, ուշադիր ըլլալու միւսներուն, ապրելու կարեկցութիւնը, գործադրելու ողորմութիւնը, կիսելու այն ինչ որ ենք եւ ունինք, անոր հետ, որ կարիքի մէջ է»։  

Ողորմութիւնը, աղօթքը, ծոմապահութիւնը դէպի սիրտ առաջնորդող ուղիներ

Ասոր համար ողորմութիւնը, աղօթքը, ծոմապահութիւնը չեն կարող վերածուիլ արտաքին գործողութիւններու, այլ ուղիներ են որոնք մեզ կ՛առաջնորդեն սրտին, քրիստոնէական կեանքին էութեան։ Թոյլ կու տան, որ բացայայտենք թէ մենք Աստուծմէ սիրուած մոխիր ենք ու մեզի թոյլ կու տան այդ նոյնը սէրը սրսկել առօրեային իրադարձութիւններու շատ մը «մոխիրներուն վրայ», որպէսզի անոնց մէջ  վերածնի յոյսը, ուրախութիւնն ու վստահութիւնը», յարեց ի միջի այլոց Սրբազան Պապը։

Անսալ Տիրոջ ձայնին

Ան ապա հրաւիրեց Պահքի շրջանին անսալու Տիրոջ ձայնին, որ մեզ կը հրաւիրէ մուտք գործելու գաղտնիութեան մէջ վերադառնալու սրտին։ 

«Առանց անդրադառնալու մենք յայտնաբերուած ենք այնպիսի վիճակի մէջ, ուր  այլևս չունինք գաղտնի վայր մը, ուր կանգ առնենք ու պաշտպանենք մենք զմեզ, ընկղմած ենք աշխարհի մը մէջ, ուր ամէն ինչ, նոյնիսկ ամենամտերիմ յոյզերն ու զգացումները, պէտք է դառնան «սոցիալական», ըսաւ Քահանայապետը հարց տալով` թէ «ի՞նչպէս կարող է բան մը  «սոցիալական» ըլլայ եթէ  չի բխիր սրտէն»։

«Նոյնիսկ ամենաողբերգական և ցաւալի փորձառութիւնները գաղտնի տեղ չունենալու վտանգը կ՛ապրին. Եւ ահա, որ Տէրը մեզի կ՛ըսէ. մտիր գաղտնիքի մէջ, վերադարձիր քու անձիդ կենտրոնը։ Ուստի վերադառնանք  Աստուծոյ բոլոր սրտով» յարեց Ֆրանչիսկոս Պապը։ 

Տեղ տալ լռելեան աղօթքին

Քառասնորդացի այս շաբաթներուն ընթացքին տեղ տանք աղօթքին ու լռելեան պաշտամունքին, որուն ընթացքին ականջալուր ըլլանք Տիրոջ... Անոր` որ լռութեան մէջ մեզի կ՛ուզէ ըսել. «Ես եմ քու Տէր Աստուածդ, Աստուած ողորմութեան եւ կարեկցութեան, Աստուած ներումի եւ սիրոյ, Աստուած քնքշութեան եւ հոգատարութեան»...դուն քեզ մի դատեր, մի դատապարտեր, մի մերժեր քեզ։ ...Թոյլ տուր, որ սէրը դպչի քու սրտիդ խորքը եւ քեզի ցոյց տայ քու իսկ գեղեցկութիւնդ, որ քու աչքէդ վրիպած է...։

 «Վախ չունենանք մերկանալու աշխարհի զգեստներէն ու վերադառնալու սրտին, էականին» ըսաւ ապա Սրբազան Քահանայապետը քարոզի աւարտին հրաւիրելով մտածել Սուրբ Ֆրանչիսկոսին, որ մերկանալէ ետքը իր բոլոր էութեամբ ողջագուրեց Հայրը` որ Երկինքն է։ 

«Մենք մեզ ճանչնանք այնպէս ինչպէս որ ենք` Աստուծմէ սիրուած մոխիր, Անոր շնորհիւ մենք կը վերածնինք մեղքի մոխիրէն դէպի Յիսուս Քրիստոսի եւ Սուրբ Հոգիին մէջ նոր կեանքի»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/02/2024, 18:04