Քահանայապետին ողջոյնը «ողջ նահատակ» Կարդինալ Սիմոնիին
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
14 Փետրուարի հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապը Իտալացի ուխտաւորներուն ուղղած ողջոյնի խօսքի ժամանակ ի միջի այլոց ըսաւ. «Բոլորս կարդացած ենք եւ լսած Եկեղեցւոյ առաջին նահատակներու մասին պատմութիւններ։ Այստեղ եւս Վատիկանի մէջ կայ գերեզման մը ուր անոնք թաղուած են։ Երբ պեղումներ կը կատարուին այդ գերեզմանները ի յայտ կու գան։ Սակայն այսօր եւս կան բազմաթիւ մարտիրոսներ համայն աշխարհին մէջ, բազմաթիւ, գուցէ սկզբնական շրջանէն աւելի։ Կան հաւատքի համար բազմաթիւ հալածուածներ։ Եւ այսօր ներեցէք, որ յատուկ կերպով ողջունեմ ողջ մարտիրոս մը, Գերապայծառ Սիմոնին, Կարդինալ Սիմոնին։
Ան, որպէս քահանայ, եպիսկոպոս, 28 տարիներ ամբողջ ապրեցաւ Ալպանիայի համայնավար բանտին մէջ, թերեւս ամենադաժան հալածանքը,եւ կը շարունակէ տալ իր վկայութիւնը. Անոր նման կան ապա շատ շատեր։ Ան այժմ 95 տարեկան է եւ կը շարունակէ աշխատիլ Եկեղեցւոյ համար առանց վհատութեան։Սիրելի եղբայր, շնորհակալ եմ քու վկայութեանդ համար»։
Կարդինալ Էրնեսթ Սիմոնին ծնած 18 հոկտեմբեր 1928ին այդ ժամանակուայ Ալպանիայի Թագաւորութեան հիւսիս արեւմտեան շրջանին մէջ։ Փոքր հասակին մուտք կը գործէ Ֆրանչիսկեաններուն դպրեվանք ուր կը մնայ մինչեւ 1948 երբ համայնավարական վարչակարգը փակել կու տայ վանքը ու կը վտարէ բոլոր անոր բնակիչները։
1953էն 1955 ան կը կատարէ իր զինծառայողի պարտականութիւնը որուն աւարտին, գաղտնի կերպով կը շարունակէ իր աստուածաբանական ուսմունքները եւ 7 ապրիլ 1956 կը ձեռնադրուի Քահանայ` Սքուդարիի Սուրբ Ստեփանոս Աթոռանիստ Եկեղեցւոյ մէջ։
24 դեկտեմբեր 1963ին, Սուրբ Ծննդեան առիթով մատուցած պատարագի աւարտին համայնավար իշխանութիւնները զինք կը ձերբակալեն Ամերիկացի նախագահ Ժոն Քենետիի հոգւոյն հանգստեան պատարագ մատուցելու մեղադրանքով ու կը դատապարտուի ցմահ բանտարկութեան թէեւ ետքը այդ դատավճիռը կը փոխուի ու կը դառնայ 25 տարուայ բանտարկութիւն եւ հարկադիր աշխատանք։ Բանտարկութեան տարիներուն, որոնց ընթացքին ան կ՛ենթարկուի խոշտանգումներու, իր բանտարկեալ ընկերներուն համար կը դառնայ հոգեւոր հայր մը։
18 տարիներու հարկադիր աշխատանքէն ետք 1981 թուականին ազատ կ՛արձակուի թէեւ վարչակարգի կողմէ կը շարունակուի նկատուիլ «ժողովուրդի թշնամի»։ Նոյնիսկ ազատ արձակուելէն ետքը ան կը ստիպի աշխատիլ Սքութարի կոյուղիներումն մէջ։ Այդ ժամանակահատուածի ընթացքին ան կը շարունակէ գաղտնաբար իրականացնել իր քահանայական ծառայութիւնը մինչև 1990 թուականի կոմունիստական վարչակարգի անկումը։
Յետ համայնավարական Ալպանիային մէջ Հայր Սիմոնին ծառայեց տարբեր քաղաքներու մէջ այնտեղ տանելով իր հալածուած կաթողիկէ քահանայի վկայութիւնը, որուն ծանօթացաւ նաեւ Ֆրանչիսկոս Պապը 2014 թուականին Ալպանիա կատարած առաքելական ճամբորդութեան ընթացքին, երբ այդ տարուայ 21 սեպտեմբերին զինք ողջագուրեց Թիրանայի Սուրբ Պօղոսի անուան եկեղեցւոյ մէջ։
2015ի 9 հոկտեմբերի Կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքի ժամանակ Ֆրանչիսկոս Պապը նորաստեղծ կարդինալներու շարքին յայտարարեց նաեւ անոր անուանումը, թէեւ արդեն 80 տարեկանը անց էր եւ նոյն տարուայ 19 նոյեմբերին անոր շնորհեց Կարդինալական աստիճանը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ