Որոնել

2023.10.28 Sinodo dei Vescovi - XX Congregazione Generale

Ֆրանչիսկոս Պապը ստեղծեց «ուսումնասիրական խումբեր» որպէսզի քննարկեն վերջին Սիւնհոդոսէն ի յայտ եկած նիւթերը

Խումբերը պիտի համադրէ Եպիսկոպոսներու սիւնհոդոսի քարտուղարութիւնը։ Քահանայապետը որոշած է յառաջիկայ սիւնհոդոսի 16րդ սովորական ընդհանուր հաւաքին թուականները, որոնք սկիզբ պիտի առնեն չորեքշաբթի 2 հոկտեմբերին ու պիտի աւարտին Կիրակի` 27 հոկտեմբերին
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Եպիսկոպոսներու սիւնհոդոսի քարտուղարութիւն տեղեկացուց` որ Ֆրանչիսկոս Պապը որոշած է յառաջիկայ սիւնհոդոսի 16րդ սովորական ընդհանուր հաւաքին թուականները որոնք սկիզբ պիտի առնեն չորեքշաբթի 2 հոկտեմբերին ու պիտի աւարտին Կիրակի` 27 հոկտեմբերին, որուն ընթացքին պիտի շարունակուին Սիւնհոդոսականութեան մասին անցեալ տարի տեղի ունեցած «Սիւնհոդոսական Եկեղեցւոյ ի սպաս. Հաղորդութիւնը, մասնակցութիւն եւ առաքելութիւն» բնաբանով սիւնհոդոսին աշխատանքները։

Սիւնհոդոսի այս երկրորդ փուլը եւս 2023ի հոկտեմբեր ամսոյն մէջ նշուած սիւնհոդոսին նման պիտի սկսին երկու օրուայ հոգեւոր կրթութեան որ տեղի կ՛ունենայ 30 սեպտեմբերէն մէկ հոկտեմբեր։

Հաղորդագրութեան հետ համատեղ հրապարակուեցաւ Ֆրանչիսկոս Պապին մէկ ինքնագիր նամակը որով կը սահմանուի «ուսումնասիրական խումբերու» ստեղծումը աւելիով խորանալու համար նախորդ նստաշրջանէն ի յայտ եկած որոշ թեմաներու մէջ: Այդ ուսումնասիրական խումբերը կը ստեղծուին Հռոմական Քուրիայի իրաւասու Վերատեսչութիւններու և Սիւնհոդոսի գլխաւոր քարտուղարութեան միջև, որուն կ՜իյնայ նաեւ զանոնք համակարգելու պատասխանատուութիւնը։

Ինքնագիր նամակին մէջ Քահանայապետը ի միջի այլոց գրած է. «փոխադարձ ունկնդրութիւնը եւ փոխադարձութեան շարժականութիւնը՝ Աստուծոյ ժողովրդի առաքելութեան ծառայելու համար, կ՛որակաւորեն Հռոմի Քուրիայի աջակցութեան աշխատանքը` Հռոմի եպիսկոպոսին, եպիսկոպոսներու և եպիսկոպոսական դասերուն: Անոր կողմէն իրականացուող հովուական հմտութիւնները իրենց նպատակն ու արդիւնաւէտութիւնը կը գտնեն եպիսկոպոսական դասին և եկեղեցական հաղորդութեան ծառայութեան մէջ, միութեամբ եւ առաջնորդութեամբ Հռոմի Եպիսկոպոսին»։

Այս շրջանակին մէջ է, որ կը զետեղուի Սիւնհոդոսի ընդհանուր Քարտուղարութեան պարտականութիւնը որ անմիջական կերպով կախեալ Քահանայապետէն եւ ասոր վրայ հիմնուելով, որ Ֆրանչիսկոս Պապը ստեղծեց ուսումնասիրական խումբերը, որպէսզի «Հռոմի Քուրիայի Վերատեսչութիւնները, իւրաքանչիւրը իր յատուկ պարտականութիւններու հիման վրայ, համագործակցի Սիւնհոդոսի ընդհանուր քարտուղարութեան հետ....սիւնհոդոսական մեթոտով, խորացնելու համար Եպիսկոպոսներու Սիւնհոդոսի առաջին նստաշրջանէն բխած թեմաները»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/02/2024, 12:14