Որոնել

Il Papa a Confartigianato, date lavoro a giovani,donne, migranti

Քանդել բացառման պատերը, աշխատանք առաջարկել հաշմանդամներուն և գաղթականներուն. Ֆրանչիսկոս Պապ

Քահանայապետը Վատիկանի մէջ ընդունեց Իտալիոյ «Confartigianato»ի ներկայացուցիչները , Արուեստագործութեան համադաշնութիւնը որ ծնունդ առաւ Բ Համաշխարհային պատերազմէն ետքը եւ սատարեց իտալիոյ տնտեսական ծաղկումին։ Անոնց ուղղած ճառին մէջ Նորին Սրբութիւնը հրաւիրեց դառնալ «նոր մարդկայնութեան եւ խաղաղութեան ահեստագործներ»
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ձեռքերով, աչքերով, եւ ոտքերով, արհեստագործներ իրականացնելու համար ոչ միայն սիրուն եւ օգտակար ապրանքներ, այլ նաեւ «նոր մարդկայնութիւն մը», վանդելով «բացառումի պատերը» եւ աշխատանք երաշխաւորելով անոնց որոնք կը պատկանին «դիւրաբեկ» դասակարգին, ինչպէս հաշմանդամները, անկարները, երիտասարդները, կիներն ու գաղթականները։ Ըլլալ նաեւ «Խաղաղութեան ահեստագործներ» ժամանակաշրջանի մը ընթացքին ուր «պատերազմները զոհեր կը դիզեն եւ աղքատները լսելի չեն»։

Այս մի քանի գաղափարներուն մէջ ներփակուած է Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին ճառը, որ Ան ուղղեց 10 Փետրուարի առաւօտեան Վատիկանի Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ ընդունելով Իտալիոյ «Confartigianato»ի հինգ հազար ներկայացուցիչները, Արուեստագործութեան համադաշնութիւնը, որ ծնունդ առաւ Բ Համաշխարհային պատերազմէն ետքը եւ որ մեծապէս սատարեց իտալիոյ տնտեսական ծաղկումին։

Գործիքները կը կրկնեն, մարդը կը հնարէ

Նորին Սրբութիւնը ընդգծեց նոր արհեստագիտութեան գործածութեան կարեւորութիւնը բայց զգուշացուց նաեւ այն վտանգէն, որ ան վերջնականապէս փոխարինէ մարդուն ստեղծագործութիւնը։ «Գործիքները կը կրկնեն մինչ մարդը կը հնարէ» ըսաւ Սրբազան Պապը ապա շեշտը դրաւ աուեստագործութեան աշխատանքին վրայ, որ կը կատարուի մարմնի երեք անդամներու համագործակցութեամբ` ձեռքերը, աչքերը, եւ ոտքերը։

Ձեռքերը, աչքերը, եւ ոտքերը

«Ձեռային աշխատանքը արհեստաւորին մասնակից կը դարձնէ Աստուծոյ ստեղծագործական աշխատանքին, ընել չի նշանակեր արտադրել: Անիկայ ի գործ կը դնէ ստեղծագործական կարողութիւնը, որ գիտէ, ինչպէս միաւորել ձեռքերու հմտութիւնը, սրտի կիրքը եւ միտքի գաղափարները»,- ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը նկատել տալով սակայն թէ բոլորն ալ չունին այս հնարաւորութիւնը, այս ծիրէն ներս ակնարկելով անոնց` որոնք գործազուրկ են ու աշխատանք կը փնտռեն, ու հրաւիրեց հնարաւորութիւններ ստեղծել անոնց համար, տապալելով բացառումի պատնէշները։

Երաշխաւորել աշխատանքի արժանապատւութիւն

«Իւրաքանչիւր անձին պէտք է երաշխաւորել աշխատանքի արժանապատւութիւն» շեշտեց Նորին Սրբութիւնը վեր առնելով արհեստագործին ստեղծագործ աշխատանքը «այն ինչ որ շատերուն համար մարմարէ կոյտ մըն է, արհեստագործին համար կահոյքի իր է, շատերուն համար տախտակի կտորը արհեստագործին համար կը դառնայ ջութակ, աթոռ....»։

«Յիսուս եւս ատաղձագործութեան արհեստը սորվեցաւ Սուրբ Յովսէփէն, ան սորուեցաւ իրերուն եւ աշխատանքին արժէքը» նշեց Ֆրանչիսկոս Պապը քննադատելով «սպառողականութիւնը», «գործածելու եւ թափելու» մտայնութիւնը։

Ըլլալ խաղաղութեան արհեստագործներ

«Արհեստագործութիւնը աշխատելու, երևակայութիւնը զարգացնելու, միջավայրը, կենսապայմանները, յարաբերութիւնները բարելաւելու միջոց է: Ահա թէ ինչու ես կը սիրեմ ձեզ համարել որպէս եղբայրութեան արհեստաւորներ», որովհետեւ ամէն անգամ, երբ մենք քայլ մը կ՛ընենք մօտենալու համար մեր եղբօր հետ մենք կը դառնանք նոր մարդկայնութեան արհեստաւորներ» նկատել տուաւ Ֆրանչիսկոս Պապը ու խօսքը աւարտեց հրաւիրելով ներկաները ըլլալու նաեւ խաղաղութեան արհեստագործներ։

«Ձեր ձեռքերը, ձեր աչքերը, ձեր ոտքերը թող ըլլան ստեղծագործ և վեհանձն մարդկութեան նշան: Եւ ձեր սիրտը միշտ կրքոտ ըլլայ գեղեցկութեամբ» եղան Նորին Սրբութեան եզրափակիչ խօսքերը։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/02/2024, 11:32