Ֆրանչիսկոս Պապ. «Կրօնը էական է կրթութեան մէջ, ան կ՝օգնէ աւելի լաւ աշխարհ կառուցելու»
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Հինգշաբթի, 1 փետրուարին, Վատիկանի մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Արեւմտեան Ամերիկայի Ինտիանա նահանգի մէջ Notre Dame համալսարանի նախագահը, ղեկավարներն ու անձնակազմը։
Ողջոյնի խօսքին սկիզբը Սրբազան Հայրը նկատել տուաւ, որ Notre Dame համալսարանը իր հիմնադրութենէն ի վեր նուիրուած է Աւետարանը հռչակելու համար՝ եկեղեցւոյ առաքելութեան աճումին, իւրաքանչիւր մարդու կրթութեան միջոցաւ իրենց բոլոր ծաւալներով։
Յիշելով ապա Երանելի Պասիլ Մորոյի խօսքը, «Քրիստոնէական կրթութիւնը երիտասարդները դէպի լիութիւն առաջնորդելու արուեստն է», Սրբազան Հայրը խօսքը կեդրոնացուց երեք լեզուներու վրայ՝ գլուխ, սիրտ եւ ձեռքեր։ «Ասոնք միասին կը կազմեն հորիզոն մը, որուն շրջանակներէն ներս Կաթողիկէ համալսարանները կարող են ձգտիլ կազմելու համար կայուն եւ համարկուած անհատականութիւն, որուն կեանքի տեսլականը կ՝աշխուժանայ Քրիստոսին ուսուցումով»։ ըսաւ Ան։
Ֆրանչիսկոս Պապ ապա ընդգծեց, որ Կաթողիկէ համալսարանի պարտականութիւնը չկայանար միայն գլուխը եւ միտքը զարգացնելու մէջ, այլ ան պէտք է նաեւ ընդլայնէ սիրտը։ «Հետեւաբար ողջ համալսարանական հասարակութիւնը կոչուած է ուղեկցելու անհատները, յատուկէն երիտասարդները իմաստութեամբ եւ յարգանքով կեանքի ճանապարհներուն վրայ ու զանոնք օգնելու բաց գտնուելու այն բանին հանդէպ, որ ճշմարիտ, բարի եւ գեղեցիկ է»։
Նորին Սրբութիւնը շեշտեց, թէ կարելի չէ անտեսել կրօնի էական դերը անհատներուն սիրտերու դաստիարակութեան գործին մէջ ու այս առնչութեամբ իր ուրախութիւնը յայտնեց Notre Dame համալսարանի համար նշելով որ անիկա բնութագրուած է մթնոլորտով մը, որ թոյլ կու տայ ուսուցիչներուն, ուսանողներուն, անձնակազմին հոգեպէս աճիլ եւ վկայել Աւետարանի ուրախութիւնը ու հասարակութեան համար փոխակերպող ուժը ու անոր կարողութիւնը իւրաքանչիւրին յոյս եւ ուժ տալու՝ խոհեմութեամբ դիմակայելու համար մեր ժամանակուան մարտահրաւէրները», ըսաւ Ան։
Նորին Սրբութիւն նկատել տուաւ, որ Կաթողիկէ կրթութիւնը մեզի յանձնառու կը դարձնէ կառուցելու աւելի լաւ աշխարհ մը սորվեցնելով փոխադարձ համակեցութիւն, եղբայրութեան եւ խաղաղութեան զօրակցութիւն, Ան ապա յորդորելով փակ չմնալ մեր հաստատութիւններուն պատերու եւ սահմաններու մէջ, քաջալերեց ձգտելու արուարձաններէն դուրս գալու համար, մերձաւորին մէջ Քրիստոսին հետ հանդիպելու եւ ծառայելու համար։
Ֆրանչիսկոս Պապ խօսքը աւարտեց շնորհակալութիւն յայտնելով այս այցելութեան համար ապա հայցելով Տիրամօր բարեխօսութիւնը Notre Dame համալսարանի հասարակութեան ու բոլոր անոնց վրայ որոնք կ՝աջակցին անոր առաքելութեան, շնորհեց իր առաքելական օրհնութիւնը խնդրելով, որ չմոռնան աղօթելու իրեն համար։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ