Քալել ի սպաս արժանապատւութեան. Ունկնդրել, երազել, գործել. Մարդավաճառութեան դէմ համաշխարհային օր
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Մարդավաճառութեան դէմ աղօթքի եւ խորհրդածութեան համաշխարհային օրուան առիթով հրատարակուեցաւ Ֆրանչիսկոս Պապին Օրուան նուիրուած պատգամը, որուն բնաբանն է. «Քալել արժանապատւութեան ի սպաս. Ունկնդրել, երազել, գործել»։
Քահանայապետը պատգամը սկսաւ յիշեցնելով, որ «Այսօր, Սրբուհի Ճուզեփփինա Պախիթայի ծիսական տօնին օրը, կը յիշատակուի մարդավաճառութեան դէմ աղօթքի եւ խորհրդածութեան համաշխարհային օրը» ապա նշեց, թէ ինք կը միանայ երիտասարդներուն` «որոնք համայն աշխարհին մէջ յանձնառու են հակազդելու այս ընդհանրական ողբերգութեան»։
Նորին Սրբութիւնը հրաւիրեց քալելու Սրբուհի Պախիթայի հետքերուն վրայ` սուտանցի Մայրապետը, որ մանուկ հասակին ստրուկ դարձաւ ապա թիրախ մարդավաճառութեան։ «Յիշենք` անոր կրած անարդարութիւնը, տառապանքը, եւ մանաւանդ անոր ուժը ու ազատութեան եւ վերածնունդի ուղեւորութիւնն դէպի նոր կեանք» գրեց Քահանայապետը։
«Սրբուհի Պախիթան մեզ կը քաջալերէ, որպէսզի բանանք մեր աչքերն ու ականջները, տեսնելու համար անտեսանելիները եւ մտիկ ընելու անոր, որ ձայն չունի, ճանչնալու համար իւրաքանչիւրի արժանապատուութիւնը եւ գործելու մարդավաճառութեան ու որեւէ չարաշահումի ձեւերուն դէմ», շարունակեց Նորին Սրբութիւնը հաստատելով, թէ մարդավաճառութիւնը յաճախ անտեսանելի է եւ այս առընչութեամբ շնորհակալութիւն յայտնեց այն լրագրողներուն, որոնք ի յայտ կը դնեն այդ երեւոյթը ու ասկէ մեկնելով կոչ ուղղեց ձեռք ձեռքի տալու ու միասին հակազդելու մարդավաճառութեան ողբերգութեան` ունկնդրելով, երազելով եւ գործելով։
«Հարկաւոր է ունենալ տառապողը ունկնդրելու ունակութիւնը» նշեց Ֆրանչիսկոս Պապը, մտաբերելով պատերազմներու զոհերը, եւ բնական աղէտներէն տուժած անձերը ինչպէս նաեւ բռնի գաղթականութեան ենթարկուած անհատներն ու անոնք` որոնք զոհ են սեռային չարաշահումներուն։
«Ունկնդրենք անոնց օգնութեան աղաղակը, թոյլ տանք, որ մեզ հարցաքննեն իրենց պատմութիւններով եւ զոհերուն ու երիտասարդներուն հետ միասին վերադառնանք երազելու աշխարհ մը, ուր մարդիկ կարող են ապրիլ ազատ և արժանապատիւ կերպով», գրեց Նորին Սրբութիւնը պատգամին մէջ խրախուսելով նաեւ` Սուրբ Հոգիի զօրութեամբ այդ երազը դարձնել իրականութիւն, գործնական արարքներու միջոցաւ։
Յանձնառու ըլլանք աղօթելու եւ գործելու արժանապատուութեան այս խնդիրին ի սպաս` ըլլայ անձնական, ըլլայ ընտանեկան, ըլլայ հասարակական գետնի վրայ, ընկերակցութիւններու, եկեղեցական շարժումներու եւ ընկերային ու քաղաքական միջավայրերուն մէջ, թելադրեց Սրբազան Քահանայապետը հաստատելով թէ կարելի է հակազդել եւ արմատախիլ ընել այս երեւոյթը, վերացնելով անոր պատճառները։
«Մեր բոլոր կենսամիջոցները դնենք ի սպաս մարդավաճառութեան դէմ պայքարին, որպէսզի արժանապատւութիւն վերաշնորհենք անոնց` որ անոր թիրախը եղան։ Եթէ մենք փակենք մեր աչքերն ու ականջները, եթէ մնանք անշարժ, պիտի դառնանք մեղսակիցներ» գրեց Քահանայապետը պտգամի աւարտին իր օրհնութիւնները շնորհելով բոլոր անոնց` որոնք յանձնառու են ու կը գործեն մարդավաճառութեան դէմ, կառուցելու համար եղբայրութեան ու խաղաղութեան աշխարհ մը:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ