«Գիտնանք ապրիլ սպասումը եւ ողջագուրենք Յիսուսը` կեանքի լոյսն ու յոյսը». Ֆրանչիսկոս Պապը

Քահանայապետին քարոզը Տեառնընդառաջի եւ Նուիրեալ Անձերու 28րդ Համաշխարհային Օրուան նուիրուած սուրբ պատարագի ընթացքին

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ուրբաթ` 2 Փետրուար 2024ի երեկոյեան Ֆրանչիսկոս Պապը Սուրբ Պետրոս Պազիլիքային մէջ գլխաւորեց Տեառնընդառաջի եւ Նուիրեալ Անձերու 28րդ Համաշխարհային Օրուան նուիրուած սուրբ պատարագը, որուն առիթով արտասանած քարոզը եւս կեդրոնացուց վերոնշեալ նիւթերու վրայ մեկնելով Ղուկաս աւետարանիչին պատմած Յիսուսի տաճար ընծայման դրուագէն եւ Սիմէոն Ծերունիին ու Աննայի աստուածորդիին հետ ունեցած հանդիպումէն։

Սիմէոն եւ Աննան սպասումի տիպարներ

«Սիմէոն ու Աննա սպասումի տիպարներ են. Անոնց Տէրը սպասեցին համայն իրենց կեանքի ընթացքին եւ ահա այժմ զայն կը տեսնեն երբ Մարիամ զինք կը բերէ տաճար… անոնց արթուն էին հոգիով ու հետեւողական աղօթքին մէջ։ Անոնց սիրտը մնաց արթուն, նման միշտ վառ պահուած ջահի։ Յառաջացած են տարիքով բայց երիտասարդ են սրտով...կեանքի ընթացքին փորձարկեցին յոգնութիւններ ու յուսալքում, բայց չի յանձնուեցան, յոյսը չկորսնցուցին։ Եւ տեսնելով Մանուկը հասկցան` թէ հասած է ժամանակին լրումը եւ մարգարէութիւնը իրականացած...Հասած է սպասուած Մեսիան։ Անոնք արթուն պահելով սպասումը կարող կը դառնան զայն ընկալելու իր գալստեան նորութեան մէջ», ըսաւ քարոզին սկիզբը ի միջի այլոց Սրբազան Պապը հաստատելով, որ «Աստուծոյ սպասումը կարեւոր է նաեւ մեզի համար, մեր հաւատքի ուղեւորութեան համար»։

Արթուն մնալ եւ հսկել

Ան ամէն օր մեզ կ՛այցելէ, մեզի հետ կը խօսի, մեզի կը յայտնուի չսպասուած ձեւով ու պիտի գայ կեանքի աւարտին ու ժամանակի լրումին։ Ասոր համար ան կը խրախուսէ մեզ մնալ արթուն ու հսկել եւ շարունակել սպասումը, «որովհետեւ ամենավատ բանը, որ կարող է մեզի պատահիլ «հոգեկան քունի մէջ մտնել է», ըսաւ Քահանայապետը եւ այս առնչութեամբ խօսքը ուղղեց նուիրեալ կեանքին նուիրուած անձերուն յանձնարարելով միշտ որոնել Տէրը, ամէն օր, համբերութեամբ, անձնական ու հասարակական կեանքը չի հիմնելով յաջողութիւններու կարելիութեան վրայ, այլ հեզութեան եւ ուրախութեամբ մշակել, մեզի յանձնուած փոքրիկ սերմը, սերմանողի համբերութեամբ, առանց ոչ մէկ բան ակնկալելով այլ սպասելով ժամանակները ու Աստուծոյ անակնկալները։

Ներքին կեանքի անտեսումը

«Պէտք է ընդունիլ որ մենք, յաճախ, կորսնցուցինք սպասումի կարողութիւնը» ըսաւ ապա Նորին Սրբութիւնը դիտել տալով, թէ այս մէկը կախեալ է մի քանի արգելքներէ, որոնցմէ առաջինը «ներքին կեանքի անտեսումն է»։

«Այս կը պատահի երբ վարժութիւնը կը փոխարինէ ոգեւորութիւնը, երբ կը կորսնցնենք հոգեւոր ուղեւորութեան հետեւողականութիւնը...» յարեց Նորին Սրբութիւնը եւ որպէս դարման առաջարկեց պաշտամունքային աղօթքը, որ կը «պայքարի եւ կը բարեխօսէ», ու կարող է «վերազարթնել Աստուծոյ իղձը, անցեալին սէրը, եւ առաջին օրուան զարմանքը ու սպասումին համը»:

Աշխարհի ոճին չպատշաճիլ

«Երկրորդ արգելքը աշխարհի ոճին պատշաճիլն է, որ երթալով կը գրաւէ Աւետարանին տեղը» նշեց հուսկ Ֆրանչիսկոս Պապը մատնանշելով, թէ ինչպէս այսօրուան աշխարհը կ՛ընթանայ արագ եւ կը գովէ «ամէն ինչ ու անմիջապէսը»… ուր «լռութիւնը» արգիլուած է, սպասելը դիւրին չէ, որովհետեւ ան կարիքն ունի քայլերը դանդաղեցնելու քաջութեան...տեղ բանալու Աստուծոյ ներգործութեան։

Այստեղ եւս Քահանայապետը զգուշացուց «աշխարհի ոգիէն», որ կարող է մուտք գործել կրօնական հասարակութիւններուն, եկեղեցական կեանքի եւ մեր իւրաքանչիւրի ուղեւորութեան մէջ....

Յիսուսը ընկալելով անցեալը կը բացուի ապագային

«Քրիստոնէական կեանքին և առաքելական առաքելութեանը կարիքն ունին որ սպասումը՝ հասունացած աղօթքով և ամենօրեայ հաւատարմութեամբ, մեզ ազատէ արդիւնաւէտութեան առասպելէն, կատարողականութեան մոլուցքէն և, առաջին հերթին, Աստուած մեր դասակարգերուն մէջ փակելու պահանջէն, քանի` որ Ան միշտ կու գայ անկանխատեսելի ժամանակներու ընթացքին, որոնք մերը չեն և այնպիսի ձևերով, որոնք մեր ակնկալածը չեն» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը ու հրաւիրեց Սիմէոնի նման մեր բազուկներուն մէջ առնենք Մանուկը...«ընկալելով զայն անցեալը կը բացուի ապագային, մեր մէջ եղող հինը կը բացուի նորութեան, որ Ան կը հրահրէ» աւելցուց Ան դիտել տալով թէ այս մէկը դիւրին չէ որովհետեւ կրօնաւորական կեանքին մէջ դժուար է հակազդել «հինի ուժին»։

Յիսուսը` կեանքի լոյսն ու յոյսը

«Թոյլ տանք խռովուիլ, թոյլ տանք, որ Հոգին մղէ մեզի, ինչպէս Սիմեոնն ու Աննան։ Եթէ ​մենք ալ անոնց նման սպասումը ապրինք ներքին կեանքի խնամքով, և Աւետարանի ոճին համապատասխան, պիտի ողջագուրենք Յիսուսը` կեանքի լոյսն ու յոյսը» եղաւ Ֆրանչիսկոս Պապին Տեառնընդառաջի եւ Նուիրեալ Կեանքի նուիրուած պատարագի քարոզին վերջին յորդորը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/02/2024, 18:07