2021.02.19 tentazioni di Gesù nel deserto

Անապատի ընդմէջէն Աստուած մեզ կ՛առաջնորդէ ազատութեան. Ֆրանչիսկոս Պապին 2024ի Քառասնորդացի պատգամը

Քառասնորդացը ընկալենք` որպէս զօրեղ ժամանակ, ուր անգամ մը եւս Տէրը մեզի կ՛ուղղէ ազատագրումի խօսքը։ Ասիկա պահ է ապաշխարութեան, դարձի, ազատութեան... Անապատը վայրն է` ուր մեր ազատութիւնը կը հասուննայ» կը գրէ Նորին Սրբութիւնը ակնարկելով փորձութիւններուն ու աշխարհին ներկայացուցած խաբուսիկ հրապոյրներուն ապա ընդգծելով` որ «Քառասնորդացը պահ է գործելու եւ գործել քառասնորդացի մէջ կը նշանակէ նաեւ կանգ առնել։ Կանգ առնել աղօթքի մէջ, ընկալելու համար Աստուծոյ Խօսքը»։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Երբ մեր Աստուածը կը յայտնուի կը հաղորդէ ազատութիւն.«Ես եմ քու Տէր Աստուածդ, որ քեզ Եգիպտոսի երկրէն, ծառայութեան տունէն, հանեցի» (Ելից 20,2)։ Այս խօսքերով կը սկսի Ֆրանչիսկոս Սրբազան քահանայապետին 2024-ի քառասնորդացի պատգամը, որուն բնաբանն է «Անապատի ընդմէջէն Աստուած մեզ կ՛առաջնորդէ ազատութեան»։

Նորին Սրբութիւնը այս տարուայ քառասնորդացի պատգամին, որպէս առանցք ընտրած է Ելից գիրքէն նախադասութիւնը ու Իսրայէլի ժողովուրդին եգիպտոսէն դուրս գալը ու դէպի աւետեաց երկիր ուղեւորութիւնը ու այդ ուղեւորութեան ընթացքին ժողովուրդին ապրած տատամսումները, յուսալքումը ու ազատութեան ձգտումը։

«Այնպէս ինչպէս Իսրայէլը անապատին մէջ իր սրտին մէջ կը կրէ Եգիպտոսը, յաճախ մտաբերելով անցեալը ու Մովսէսին դէմ բողոքելով ապրուած իրավիճակին համար, այնպէս ալ Աստուծոյ ժողովուրդը իր մէջ կը կրէ ճնշող կապեր, որոնցմէ պէտք է ազատի» կը գրէ Ֆրանչիսկոս Պապը դիտել տալով, թէ մենք այս մէկին կ՛անդրադառնանք երբ մեզի կը պակսի յոյսը եւ կը զգանք խոստացուած երկրի մը պակասը։

Քառասնորդացը շնորհքի պահ

«Քառասնորդացը ժամանակն է շնորհքի` որուն մէջ անապատը դարձեալ կը դառնայ առաջին սիրոյ վայրը» կը գրէ ապա Քահանայապետը յղում կատարելով Ովսեայ Մարգարէին, հաստատելով նաեւ թէ «ստրկութենէն դէպի ազատութիւն արտագաղթը վերացական ուղեւորութիւն մը չէ» եւ «որպէսզի մեր քառասնորդացը եւս ըլլայ գործնական, առաջին քայլը` իրականութիւնը տեսնելու կամքն է»։

«Տէրը երբ Մովսէսին հետ կը խօսի կը յայտնէ` թէ ինք տեսնող ու մանաւանդ լսող եւ ունկնդրող Աստուած է. «Եգիպտոսի մէջ եղող ժողովուրդիս չարչարանքը տեսայ եւ գործավարներուն պատճառով անոնց բարձրացուցած աղաղակը լսեցի....» (Ելից 3,7-8), կը գրէ Սրբազան Պապը ապա կը հաստատէ, թէ «այսօր եւս բազմաթիւ մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն աղաղակը կը բարձրանայ երկինք» ու կը հրաւիրէ մենք մեզ հարցաքննելու եթէ այդ աղաղակը կը հասնի նաեւ մեզի ապա կ՛ընդգծէ, որ այսօր «շատ մը գործօններ մեզ կը հեռացնեն մէկը մուսէն, ժխտելով եղբայրութիւնը, որ ի սկզբանէ մեզ կը կապէ»։

Ու՞ր է եղբայրդ

Մատնանշելով հուսկ Լամփետուզա կղզիին տուած այցելութեան ժամանակ արտասանած Ծննդոց գիրքէն քաղուած երկու հարցումներուն` «Ո՞ւր ես» եւ «Ո՞ւր է քու եղբայրդ», Ֆրանչիսկոս Պապը հաստատեց, թէ քառասնորդացի ուղեւորութիւնը գործնական կը դառնայ այն չափով որ «մենք ունկնդրելով այդ հարցումները կը խոստովանինք, թէ տակաւին կը գտնուինք փարաւոնի տիրապետութեան տակ»` որ «մեզ անզգայ դարձնող տիրապետութիւն է», «աճումի կերպար մը` որ մեզ կը բաժնէ ու մեզմէ կը խլէ ապագան»։

Յոյսի պակասը

«Փարաւոնը արդարեւ կը մարէ երազները, կը գողնայ երկինքը ու աշխարհը կը ներկայացնէ որպէս անփոփոխ, ուր ոտնահարուած է արժանապատուութիւնը և իսկական կապերը ժխտուած են: Ան կը կարողանայ ի վերջոյ իրեն կապել մարդիկը» նկատել կու տայ Սրբազան Քահանայապետը համոզմունք արտայայտելով, թէ այսօր կայ «յոյսի պակաս մը», որ կը նմանի անապատին մէջ Իսրայէլի ժողովուրդին ստրկութեան կարօտով անշարժութեան, որ արգելք է յառաջ ընթանալու։ «Այլապէս կարելի չէ բացատրել, թէ ի՞նչու մարդկութիւնը, որ հասած է համընդհանուր եղբայրութեան շեմին և գիտական, տեխնիկական, մշակութային և իրաւական զարգացման բարձր մակարդակներու, որոնք կարող են երաշխաւորել բոլորի արժանապատուութիւնը, կը սայթաքի անհաւասարութիւններու և հակամարտութիւններու մթութեան մէջ» կը գրէ միշտ իր պատգամին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապը։

Քառասնորդացը պահ ապաշխարութեան, դարձի, ազատութեան...

«Աստուած տակաւին չէ յոգնած մեզէ։ Քառասնորդացը ընկալենք` որպէս զօրեղ ժամանակ ուր անգամ մը եւս Տէրը մեզի կ՛ուղղէ ազատագրումի խօսքը։ Ասիկա պահ է ապաշխարութեան, դարձի, ազատութեան... Աստուած, ի տարբերութիւն փարաւոնէն, հպատակներ չուզեր այլ զաւակներ։ Անապատը վայրն է` ուր մեր ազատութիւն կը հասուննայ» կը գրէ Նորին Սրբութիւնը ակնարկելով փորձութիւններուն ու աշխարհին ներկայացուցած խաբուսիկ հրապոյրներուն ապա ընդգծելով` որ «Քառասնորդացը պահ է գործելու եւ գործել քառասնորդացի մէջ կը նշանակէ նաեւ կանգ առնել»։

«Կանգ առնել աղօթքի մէջ, ընկալելու համար Աստուծոյ Խօսքը, կանգ առնել Սամարացիին նման ի տես վիրաւոր եղբօր։ Աստուծոյ ու մերձաւորի նկատմամբ սէրը եզակի, մէկ սէր է...ասոր համար աղօթքը, ողորմութիւնն ու ծոմապահութիւնը երեք անկախ գործեր չեն, այլ բացուածքի, ունայնացումի միակ շարժում մը։... Աստուծոյ ներկայութեամբ բոլորս ալ կը դառնանք եղբայրներ եւ քոյրեր...եւ փոխան սպառնալիքներու ու թշնամիներու, մենք կը գտնենք ճանապարհորդութեան ուղեկիցներ։ Այս է Աստուծոյ երազը` աւետեաց երկիրը, որուն կը ձգտինք, երբ դուրս գանք ստրկութենէն» կը գրէ Քահանայապետը։

Քառասնորդացը ժամանակ` միասնական, հասարակական ընտրանքներու

Պատգամին մէջ Ան յղում կը կատարէ նաեւ Եկեղեցւոյ սիւնոհոդոսականութեան եւ ասկէ մեկնելով կը նշէ որ «քառասնորդացը է նաեւ ժամանակ միասնական, հասարակական ընտրանքներու, փոքր ու մեծ հակահոսանք ընտրանքներու, որոնք կարող են փոխել մարդոց առօրեան ու թաղամասի մը կեանքը» եւ ասկէ մեկնելով հրաւէր կ՛ուղղէ քրիստոնեայ հասարակութիւններուն խորհելու իրենց կեանքի ու առաքելութեան մասին ու այդ ընելու ուրախ դէմքերով, ազատութեան բոյրով, ու տարածելով սէրը, որ ամէն բան նոր կը դարձնէ։

Պահքը դարձի ժամանակ

«Այնքանով, որ այս պահքը կը դառնայ դարձի ժամանակ, կորսուած մարդկութիւնը պիտի զգայ ստեղծագործական ցնցում մը` նոր յոյսի փայլատակումը», կը գրէ պատգամին աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապը վերյիշելով Լիզպոնի մէջ երիտասարդներուն ուղղած խօսքերը, որով հրաւիրած էր զանոնք, պատմական այդ հանգրուանին մէջ, ուր կան հսկայական մարտահրաւէրներ եւ ականատես ենք մասնակի երրորդ համաշխարհային պատերազմին, «փնտռել ու վտանգներ դիմագրաւել», եւ ասկէ մեկնելով առաջարկած էր ընդունիլ վտանգը մտածելու, որ մենք ոչ թէ տառապանքի մէջ ենք, այլ կ՛ապրինք ծննդաբերութեան ցաւի պահ մը...«Այս մտածելու համար քաջութիւն պէտք է, անիկայ դարձի քաջութիւնն է, ստրկութենէն դուրս գալն է։ Հաւատքն ու գթութիւնը կը բռնեն յոյսի այս փոքրիկ աղջկայ ձեռքը: Անոր կը սորվեցնեն քալել, իսկ ան միաժամանակ զանոնք յառաջ կը տանի» կը գրէ Ֆրանչիսկոս Պապը եզրափակելով 2024ի քառասնորդացի պատգամը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/02/2024, 11:41