2023.01.26 beatitudini, sole, luce, felicita

Կիսենք Աստուծմէ մեզի շնորհուած պարգեւները. Ֆրանչիսկոս Պապին գրառումը

«Սէրը, որով Յիսուսը մեզ խնամեց, ողորմութիւնը, որով Ան բժշկեց մեր վէրքերը, Հոգին, որով Ան բացաւ մեր սրտերը ուրախութեան, բարիքներ են, որոնք մենք չենք կարող պահել միայն մեզի համար կամ թաքցնել. լեցուած պարգեւներով, մենք կանչուած ենք մենք մեզ պարգեւ դարձնելու»։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան 

Շաբաթ 17 Փետրուար 2024ին Քահանայապետական @pontifex X ընկերային ցանցի վրայ կատարուած գրառումին կը կարդանք.

«Սէրը, որով Յիսուսը մեզ խնամեց, ողորմութիւնը, որով Ան բժշկեց մեր վէրքերը, Հոգին, որով Ան բացաւ մեր սրտերը ուրախութեան, բարիքներ են, որոնք մենք չենք կարող պահել միայն մեզի համար կամ թաքցնել. լեցուած պարգեւներով, մենք կանչուած ենք մենք մեզ պարգեւ դարձնելու»։

Այս խօսքերը քաղուած են Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին անցեալ տարի 19 Նոյեմբերին, Աղքատներու Եօթներորդ Համաշխարհային Օրուան առիթով արտասանած քարոզէն, որուն մէջ Ան միջի այլոց հաստատեց` թէ «մեր ձեռքերուն մէջ դրուած մեծ ժառանգութիւնը Տիրոջ սէրն է»։

«Աղքատութիւնը գայթակղութիւն է եւ երբ Տէրը վերադառնայ մեզմէ հաշիւ պիտի պահանջէ անոր համար» ընդգծած էր այդ առիթով Քահանայապետը խրախուսելով խղճի քննութիւն մը կատարել այդ ուղղութեամբ ապա յիշեցնելով, թէ կարեւորը` Աստուծոյ սէրը աճեցնելն է

«Եթէ մենք չգիտնանք կրկնապատկել սէրը մեր շուրջ, կեանքը վերջ կը գտնէ խաւարին մէջ» ըսած էր Սրբազան Պապը մտաբերելով նաեւ մեր աշխարհի «նիւթական, մշակութային ու հոգեկան աղքատութիւնները» ու մասնաւորապէս ակնարկելով «աղքատներուն, որոնք դարձած են անտեսանելի, որոնց ցաւին աղաղակը խեղդուած է ընդհանրացած անտարբերութեան պատճառաւ, ընկերութեան մը մէջ` որ ցրուած ու այլ բաներով զբաղած»։

Ասկէ մեկնելով Ան հրաւէր ուղղած էր մտածելու անոնց, որոնք հարստահարուած են, յոգնած, ու անտեսուած, պատերազմներու զոհերուն ու անոնց` որոնք իրենց կեանքը վտանգելով կը լքեն իրենց հայրենիքը, անոնց որոնք, առանց հացի են, առանց աշխատանքի եւ առանց յոյսի։ Առօրեայի բազմաթիւ աղքատութիւններ»։

Մտածելով այս աղքատութիւններուն Սրբազան Քահանայապետը հրաւիրած էր աղօթելու, որպէսզի մեզմէ իւրաքանչիւրս, իրեն յանձնուած առաքելութեան եւ իրեն տրուած պարգեւին համաձայն յանձնառու ըլլայ «պտղաբեր դարձնելու եղբայրսիրութիւնը» եւ մօտիկ ըլլալու աղքատին։

«Աղօթենք` որպէսզի մեր ճանապարհորդութեան աւարտին, մեր աղքատ եղբայրներուն մէջ ընկալելէ ետք Քրիստոսը մենք ալ ունկնդրենք Տիրոջ խօսքը, որ կ՛ըսէ. «Բարի եւ հաւատարիմ ծառայ...մտիր Տիրոջդ ուրախութեանը մէջ»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/02/2024, 13:30