Որոնել

2024.01.14 Preghiera

Աղօթքը թող ըլլայ յոյսին հիմքը. Քահանայապետին գրառումը

«Որպէս խաղաղութեան ճանապարհի վրայ ուխտաւորներ, աղօթքը դնենք որպէս հիմք այն յոյսի յայտարարութեան, որ 2025 թուականի Յոբելեանը մտադիր է արձագանքել, այս անհանգիստ ժամանակաշրջանին մէջ: Այս ուղղութեամբ վստահինք յատկապէս բոլոր նուիրեալ անձերու սատարին։ #Աղօթքի տարի»
Ունկնդրէ լուրը

 

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ուրբաթ 2 Փետրուար 2024ին Տեառնընդառաջի տօնի ու Նուիրեալ Անձանց նուիրուած համաշխարհային օրուան առիթով Ֆրանչիսկոս Պապ ընկերային «ԻՔՍ» ցանցին վրայ հրատարակեց գրառում մը շեշտելով աղօթքին կարեւորութիւնը ի պատրաստութիւնը 2025 թուականի Յոբելենական տարւոյն ու այս առնչութեամբ կարեւորեց Նուիրեալ Անձերու սատարը։ Աղօթքը, գրեց Սրբազան Պապը, այս անհանգիստ ժամանակաշրջանի ընթացքին թող ըլլայ հիմքը յոյսին։

«Որպէս խաղաղութեան ճանապարհի վրայ ուխտաւորներ, աղօթքը դնենք որպէս հիմք այն յոյսի յայտարարութեան, որ 2025 թուականի Յոբելեանը մտադիր է արձագանքել, այս անհանգիստ ժամանակաշրջանին մէջ: Այս ուղղութեամբ վստահինք յատկապէս բոլոր նուիրեալ անձերու սատարին։ #Աղօթքի տարի», գրեց Ֆրանչիսկոս Պապը։

Արդարեւ 2025ի Յոբելենական տարւոյն բնաբանն է «Յոյսի ուխտաւորներ», որուն հոգեւոր գետնի վրայ պատրաստութիւնը սկսաւ անցեալ տարի ու կը շարունակուի այս տարի եւս։ Այս առնչութեամբ Ֆրանչիսկոս Պապը խնդրած էր, որ Յոբելենական տարին կանխող երկու տարները կեդրոնանան երկու գործնական թեմաներու վրայ` 2023  նուիրելով Վատիկանի Բ տիեզերական Ժողովի չորս Սահմանադրութիւններու հիմնարար նիւթերու վերանայման, որուն 60-ամեակը նշուեցաւ անցեալ տարուայ հոկտեմբերի 11-ին, մինչ 2024 թուականը  որպէս աղօթքի տարի, որպէսզի ստեղծուի բարենպաստ մթնոլորտ եւ ուխտաւորները լաւապէս պատրաստուին այդ շնորհքի տարուան։

Անցեալ 21 Յունուարի Մարեմեան աղօթքի աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապը յայտարարած էր թէ « «յառաջիկայ ամիսները մեզ պիտի առաջնորդեն Սուրբ Դռան բացումին, որով սկիզբ պիտի տանք Յոբելեանին» եւ ասկէ մեկնելով խնդրած էր «ուժեղացնել աղօթքը, որպէսզի պատրաստուինք լաւապէս ապրելու այդ շնորհքի ձեռնարկը ու փորձարկելու Աստուծոյ յոյսին զօրութիւնը»։

«Այսօր կը սկսինք «Աղօթքի Տարին», այսինքն տարի մը` նուիրուած վերագտնելու անհատական կեանքի ու նաեւ Եկեղեցւոյ ու աշխարհի կեանքին մէջ աղօթքին մեծ արժէքը և անոր բացարձակ կարիքը» ըսած էր այդ առթիւ Ֆրանչիսկոս Պապը:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/02/2024, 13:30