Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ  եւ Արժանթինի հանրապետութեան նախագահը Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Արժանթինի հանրապետութեան նախագահը  (VATICAN MEDIA Divisione Foto)

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Արժանթինի եւ Թանզանիայի Միացեալ հանրապետութեան նախագահները

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի հաղորդագրութիւնը, Ֆրանչիսկոս Պապին Թանծանիայի Միացեալ հանրապետութեան եւ Արժանթինի նախագահներուն հետ ունեցած հանդիպումի վերաբերեալ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը հրապարակելով հաղորդագրութիւն մը տեղեկացուց, որ այսօր՝ երկուշաբթի, 12 Փետրուարին, Վատիկանի Առաքելական պալատին իր գրասենեակի մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Արժանթինի հանրապետութեան նախագահ, Տիար Խաւէ Ճէրարտօ Միլէի։ Նախագահը ապա հանդիպում ունեցաւ Վատիկանի Պետական քարտուղար, կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի հետ ընկերակցութեամբ պետութիւններու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու հետ քարտուղար, Գերապայծառ Փոլ Ռիչարտ Կալլակերին։

«Ջերմ մթնոլորտի մէջ կայացած հանդիպումի ընթացքին երկու կողմերը գոհունակութեամբ արտայայտուեցան, Սուրբ Աթոռի եւ Արժանթինի հանրապետութեան միջեւ գոյացած բարի յարաբերութիւններու համար։ Կեդրոնացան նոր կառավարութեան ծրագիրներուն վրայ, որոնց նպատակ են դիմակայել տնտեսական ճգնաժամը։

Հանդիպումի ընթացքին արծարծուեցաւ միջազգային գետնի վրայ որոշ հարցեր, յատուկէն ընթացքի մէջ գտնուող հակամարտութիւններն ու ազգերու միջեւ խաղաղութեան համար յանձնառութիւնը։

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Թանծանիայի Միացեալ Հանրապետութեան նախագահը

Այսօր՝ 12 փետրուարին, Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց  նաեւ Թանծանիայի Միացեալ Հանրապետութեան նախագահ, տիար Սամիա Սուլուհու Հասսան։ Նախագահը ապա հանդիպեցաւ Վատիկանի Պետական քարտուղար կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի հետ, ընկերակցութեամբ Պետութիւններու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու  յարաբերութիւններու քարտուղար, գերապայծառ Փոլ Ռիչարտ Կալլակերի։

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ սիրալիր մթնոլորտի մէջ կայացած հանդիպումի ընթացքին բարձր գնահատուած է Սուրբ Աթոռի եւ Թանզանիայի միջեւ գոյութիւն ունեցող բարի յարաբերութիւնները։ Յատուկէն յիշուած է կաթողիկէ եկեղեցւոյ կարեւոր դերը Թանզանիոյ մէջ յատուկէն բարեսիրական, կրթական, առողջապահական մարզերէն ներս։

Հանդիպումի նիւթ եղած է Թանզանիայի մէջ ընկերային միջավայրի վերաբերող թեմաներ, տեղի ունեցած է միտքերու փոխանակում տարածաշրջանային իրավիճակի եւ միջազգային ընթացիկ հարցերուն շուրջ,  մաղթելով աւելի բարձր յանձնարարութիւն խաղաղութեան զարգացման մէջ։

Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Թանզանիայի հանրապետութեան նախագահը
Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Թանզանիայի հանրապետութեան նախագահը

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/02/2024, 12:31