Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Կեանքի Քանայապետական կաճարի ընդհանուր նիստի մասնակիցները
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Երկուշաբթի, 12 փետրուարին, Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Կեանքի Քանայապետական կաճարի ընդհանուր նիստի մասնակիցները ու անոնց ուղղած խօսքին սկիզբը իր երախտագիտութիւնը յայտնեց կեանքի գիտութիւններու, հետազօտութեան, առողջապահութեան խնամքի ոլորտէն ներս անոնց մատուցած ծառայութիւններուն համար։
Պատգամին մէջ Սրբազան Հայրը անդրադարձաւ քահանայապետական կաճարի ընդհանուր նիստի ընթացքին քննարկուած կարեւոր նիւթին՝ ինչպէս կարող ենք հասկնալ, ինչն է որ կը որակաւորէ մարդ արարածը նշելով, որ գիտութեան, թեքնիկական աճող կարողութիւնները մարդը արարածը կ՝առաջնորդեն ինքզինք զգալու Աստուծոյ նման՝ ստեղծագործութեան արարքի գլխաւոր հերոս, որ կ՝արտադրէ մարդկային կեանքի պատկերն ու նմանութիւն՝ ներառեալ լեզուի ընդունակութիւնը, որոնց խօսող մեքենաները կարծես շնորհալիի ըլլային։
«Արդեօք այս դէպքին մէջ մարդը կարո՞ղ է ոգի ներառել անշունչ նիւթին մէջ» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը աւելցնելով, որ «մեզմէ կը խնդրուի զատորոշել, թէ ինչպէս կարելի է պատասխանատու կերպով գործադրել մարդու ստեղծագործութիւնը, որ յանձնուած է իրեն։ Այդ իսկ պատճառով անհրաժեշտ է նշեց Սրբազան Հայրը «զարգացնել մշակոյթ մը, որ ներառելով գիտութեան եւ թեքնիկութեան հարստութիւնները, կարող կը դառնայ ճանչնալու եւ խթանելու մարդկութիւնը իր անկրկնելի առանձնայատկութիւններու մէջ։
Նորին Սրբութիւնը բարձր գնահատեց, որ քահանայապետական կաճարի մտածողութիւնը տեղի կ՝ունենայ իրական մշակութային տարրալուծարանի տրամաբանութեան մէջ, ուր եկեղեցին կ՝իրականացնէ իրականութեան կատարողական մեկնաբանութիւնը, որ կը բխի Յիսուս Քրիստոսի իրադարձութենէն, որ կը սնանի իմաստութեան եւ Գիտութեան պարգեւներէն, որոնցմով Սուրբ Հոգին կը հարստանայ։
«Ձեր հանդիպման ուժին մէջ մենք կը տեսնենք սինոդական ընթացքի ձեւը մը, անդրադառնալու համար Կաճարի առաքելութեան կեդրոն գտնուող թեմաները» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը։ Ան իր պատգամը աւարտեց Հայցելով Տիրոջմէ, որ բոլորին շնորհէ բաց եւ պատասխանատու կեցուածք՝ հեզ Սուրբ Հոգիին, որովհետեւ «հովը կը փչէ ուր որ ուզէ բայց չես գիտեր թէ ուրկէ կու գայ» (Յովհ 3,8), մաղթելով բոլորին արդիւնաբեր աշխատանք։ Ֆրանչիսկոս Պապ ապա իր առաքելական օրհնութիւնը շնորհեց խնդելով ինչպէս միշտ որոր չմոռնան աղօթելու իրեն համար։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ