Ֆրանչիսկոս Պապ. Երանելի Անթուլայի նման երբեք չյանձնուինք դժուարութիւններուն դիմաց
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Ուրբաթ, 10 փետրուարին, Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Արժանթինէն ժամանած խումբ մը ուխտաւորներ, որոնք Հռոմ եկած են մասնակցելու համար Երանելի Մարիա Տէ Սան Խօսէ Տէ Փազ Ի Ֆիկէրոյային սրբադասման արարողութեան զոր տեղի պիտի ունենայ, կիրակի, 12 փետրուարին, Սուրբ Պետրոսի տաճարին մէջ։
Երանելի Անթոնիա Տէ Փազ Ֆիկէրոա, ճանչցուած որպէս Մամա Անթուլա, ծնած է Արժանթինի Սիլիփիքա քաղաք՝ 1730 թուականին եւ կեանքէն հեռացած է 7 մարտ 1799ին, Պուէնոս Այրսիէ մէջ։ Ան հիմնած է Պուէնոս Այրէսի մէջ Հոգեւոր կրթութիւններուն բնակարանը։
Ուխտաւորներուն հետ ունեցած հանդիպումի ընթացքին արտասանած ճառին մէջ Սրբազան Հայրը իր ուրախութիւնը յայտնեց Երանելի Մարիա Անթոնիայի սրբադասման ծիրէն կայացած սոյն հանդիպումի համար, ապա ողջունեց Արժանթինէն եկած եպիսկոպոսները, քահանաները, կրօնաւորներն ու հաւատացեալները։
Խօսելով Երանելի Մամա Անթուլային մասին Սրբազան Հայրը նշեց, որ այս երանելիին մէջ կը գտնենք օրինակ եւ ոգեշնչում մը, որ կը վերակենդանացնէ «վերջիններուն ընտրանքը, ինչպէս նաեւ անոնք, որոնք ընկերութեան կողմէ մեկուսացուած եւ մէկդի դրուած են »։
Անդրադառնալով Երանելի Մամայի հոգեւորական կեանքին, Նորին Սրբութիւնը նշեց, որ Երանելի Մամա Անթուլան միշտ սնունդ քաղած է Ինիացիոյին հոգեւորականութենէն այն աստիճան երբ Արժանթինի մէջ Յիսուսեան միաբանութիւնը փակուեցաւ ան շարունակեց փոխանցել միեւնոյն հոգեւոր կրթութիւնները, փորձելով միշտ օգնել բոլորին բացայայտելու համար Քրիստոսի հետեւելու գեղեցկութիւնը։
Նորին Սրբութիւնը դիտել տուաւ, որ Արժանթինի մէջ Յիսուսեան միաբանութեան դէմ հակակրանքի պատճառով երանելի Մարիային արգիլեցին հոգեւոր կրթութիւն կատարելը, սակայն Ան շարունակած է գաղտնաբար կատարել։ Այս առնչութեամբ Սրբազան Հայրը նշեց, որ Երանելի Մարիա կը փոխանցէ այլ պատգամ մը այն է չյանձնուիլ դժուարութիւններուն դիմաց, չյանձնել Աւետարանը բոլորին փոխանցելու մեր բարի մտադրութիւնները, հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն։
Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամին մէջ նշեց, որ Երանելի Մարիան Սուրբ Յովսէփի հանդէպ ունեցած ջերմեռանդութենէն անդին՝ որուն անունը կը կրէր, մեծ սէր ունեցաւ Սուրբ հաղորդութեան նկատմամբ, որ «մեր քրիստոնէական կեանքի կեդրոնը պէտք է ըլլայ եւ ուրկէ կը բխի մեր առաքելութիւնը իրականացնելու ուժը», ըսաւ Սրբազան Հայրը հրաւիրելով ուխտաւորները մեծ խանդավառութեամբ մասնակցելու Սրբադասման արարողութեան Սուրբ Պատարագին, ինչպէս նաեւ վկաները դառնալու Արժանթինի ժողովուրդին եւ ողջ եկեղեցւոյ շնորհուած մեծ պարգեւին։
Նորին Սրբութիւնը պատգամը աւարտեց հայցելով Սուրբ Կոյս Լույանի բարեխօսութիւնը Արժանթինի մէջ ուխտագնացութիւն կատարող հաւատացեալներու եւ ողջ Տիեզերական եկեղեցւոյ համար, ապա խնդրելով որ չմոռնան աղօթելու իրեն համար, Աստուածային օրհնութիւնը հայցեց բոլորին վրայ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ