Ֆրանչիսկոս Պապ. «Թող` որ անոնք որոնք իրենց կեանքը կը վտանգեն Աւետարանին համար, վարակեն Եկեղեցին»

Հրապարակուեցաւ ֆրանչիսկոս Պապին մարտ ամսուայ աղօթքի դիտաւորութեան տեսերիզը։ Քահանայապետը կը խնդրէ աղօթել նահատակներու համար

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Երեքշաբթի 27 Փետրուար 2024ին հրատարկուեցաւ Ֆրանչիսկոս Պապին Մարտ ամսուայ աղօթքի դիտաւորութեան լսատեսողական պատգամը որ ամէն ամիս կը հրատարակուի նախաձեռնութեամբ` «Քահանայապետի աղօթքի համաշխարհային ցանցին»։

Նորին Սրբութիւնը որպէս այս ամսուայ աղօթքի դիտաւորութիւն ընտրած է «աղօթել մեր ժամանակուան նահատակներուն համար, որպէսզի անոնք իրենց քաջութեամբ եւ միսիոնարական մղումով վարակեն եկեղեցին»։

Այս ամսոայ տեսերիզը իրականացուած է «Տառապող եկեղեցւոյ օգնութիւն» Քահանայապետական հիմնարկի համագործակցութեամբ մինչ Մարտ ամսուայ ընթացքին կը յիշատակուի «միսիոնար մարտիրոսներու համաշխարհային օրը (24 Մարտին)»։

Քահանայապետը կը հաստատէ` թէ այսօր աւելի շատ մարտիրոսներ կան քան քրիստոնէութեան առաջին տարիները։

““Այս ամիս կ՝ուզեմ ձեզի պատմել պատմութիւն մը, որ եկեղեցւոյ այսօրուան արտացոլումն է։ Անիկայ քիչ ճանչցուած հաւատքի վկայութեան պատմութիւն է։ Մինչ Լեզւոս կղզիին մէջ փախստականներուն ճամբարը կ՝այցելէի, մարդ մը ինծի ըսաւ. «Հայր, ես իսլամ եմ։ Իմ կինս քրիստոնեայ էր։ Մեր երկիրը ահաբեկիչներ եկան մեզի նայեցան ու հարցուցին մեր կրօնքի մասին։ Անոնք իմ կինս տեսան խաչով եւ անոր ըսին որ գետին նետէ զայն։ Ինք չըրաւ այս մէկը եւ զինք մորթեցին աչքերուս առջեւ»։ Ճիշտ այս պատահեցաւ։ Ես գիտեմ որ Ան ոխ չէր պահեր։ Կեդրոնացած էր իր կնոջ սիրոյ օրինակին վրայ, սէր Քրիստոսին որ զայն մղեց ընդունելու այդ մէկը եւ հաւատարիմ մնալու անոր մինեչւ մահ։ Եղբայրներ եւ քոյրեր` մեր միջեւ միշտ ալ նահատակներ պիտի ըլլան։ Աիկայ նշանն է` որ մենք կը գտնուինք շիտակ ճամբուն վրայ։ Մասնագէտ մը մը ինծի ըսաւ, որ այսօր աւելի շատ նահատակներ կան քան քրիստոնէութեան սկիզբը։ Նահատակներուն քաջութիւնը, մարտիրոսներուն վկայութիւնը, բոլորիս համար օրհնութիւն է ։ Աղօթենք, որպէսզի անոնք, որոնք աշխարհի տարբեր վայրերուն մէջ իրենց կեանքը կը վտանգեն Աւետարանին համար, վարակեն Եկեղեցին իրենց քաջութեամբ եւ իրենց միսիոներական սեփական մղումով։ Բաց ըլլալով մարտիրոսութեան շնորհքին։”

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/02/2024, 09:44