Ֆրանչիսկոս Պապին նամակը «Հաղորդութիւն եւ Ազատագրում» եղբայրութեան 70-րդ տարեդարձին առթիւ
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամը մը ուղղեց «Հաղորդութիւն եւ Ազատագրում» շարժումի նախագահ տիար Տավիտէ Փրոսփերիին, յիշեալ շարժումի հիմնադիր Հայր Ճուսանիին մահուան տարեդարձին եւ շարժումին հիմնադրութեան 70-րդ տարեդարձին կապակցութեամբ։
Պատգամին մէջ Նորին Սրբութիւնը իր երախտագիտութիւնը յայտնեց անցեալ 15 յունուարին, յիշեալ շարժումի նախագահին ու անոր ընկերացած գերապայծառ Սանթորի տուած այցելութեան համար յանձնարարելով զանոնք
շարժումի կեանքէն ներս միշտ հոգ տանելու՝ իրարու միջեւ միութեան հետեւելով Հայր Ճուսանիին հրաւէրին, «իրար զիրար սիրելու ինչպէս ինք միշտ սիրած է բոլորը»։
«Միութիւնը պահպանելու եւ ապահովուելու համար որ շնորհապարգեւը կարողանայ աւելի ու արդիւնաւէտ մեկնաբանել այն ժամանակները երբ դուք կանչուած էք վկայելու Յիսուս Քրիստոսի հանդէպ մեր հաւատքի մասին, անհրաժեշտ է, որ դուք դուրս գաք անձնաւորուած մեկնաբանութիւններէն, որոնք ցաւօք տակաւին առկայ են եւ որոնք կը վտանգեն ակնարկել միեւնոյն շնորհապարգեւի միակողմնակի տեսլական մը» գրեց Սրբազան Հայրը պատգամին մէջ քաջալերելով շարժումի նախագահը որ իր համագործակիցներու հետ միասին շարունակեն ձեռնարկուած աշխատանքը, որուն նպատակն է պահպանել համապարփակ տեսլական մը։
Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամը եզրափակեց իր ողջոյնները փոխանցելով շարժումի անդամներու հրաւիրելով զանոնք շարունակելու իրեն ձեռնարկած ուղին՝ եկեղեցւոյ հովանիին ներքեւ եւ հաւատարմօրէն ու պատրաստակամութեամբ գործակցին անոր հետ որ կանչուած է շարժումը ղեկավարելու։ Նորին Սրբութիւնը պատգամը աւարտեց Հայցելով Տիրամօր հովանին ու ինչպէս միշտ խնդրելով չմոռնան աղօթելու իրեն համար։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ