Որոնել

2024.02.08 Partecipanti al Convegno Internazionale sulla formazione permanente dei sacerdoti

Ֆրանչիսկոս Պապ. Ծառայութիւնը Քրիստոսի առաքեալներուն խորհրդանիշն է

Քահանաներու մնայուն կազմաւորման համագումարի մասնակիցներու փոխանցած պատգամին մէջ Նորին Սրբութիւնը խօսքը կեդրոնացուց երեք ուղիներուն վրայ. «Աւետարանի ուրախութիւնը, Ժողովուրդին պատկանելիութիւնը, ծառայութեան ծննդականութիւնը»

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Հինգշաբթի, 8 փետրուարին, Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց, Կղերի վերատեսչութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած, Քահանաներու մնայուն կազմաւորման համագումարի մասնակիցները ու այս առթիւ արտասանած պատգամին սկիզբը նախ շնորհակալութիւն յայտնեց համագումարին ներկայ գտնուող քահանաներուն՝ իրենց թեմերուն եւ երկիրներու մէջ կատարած աշխատանքներուն եւ մատուցած ծառայութիւններուն համար, ապա անդրադառնալով Պողօս առաքեալի Տիմոթէոսի թուղթէն քաղուած համագումարին բնաբանին «Վերականգնէ Աստուծոյ շնորհքը, որ տրուեցաւ քեզի», (2 Տիմոթ 1,6), խօսքը կեդրոնացուց երեք ուղիներու վրայ. «Աւետարանի ուրախութիւնը, ժողովուրդին պատկանելիութիւնը, ծառայութեան ծննդականութիւնը։

Աւետարանի ուրախութիւնը

Նորին Սրբութիւնը նշեց, որ Քրիստոնէական կեանքի կեդրոնը Տիրոջ հետ բարեկամութեան պարգեւն է, որ մեզ կ՝ազատէ անհատականութեան տխրութենէն եւ անիմաստ, առանց սիրոյ, առանց յոյսի վտանգէն ու Աւետարանի ուրախութիւնը՝ մեզի ուղեկցող բարի աւետումը կը կայանայ «Աստուծոյ կողմէ քնքշութեամբ եւ ողորմութեամբ սիրուած ըլլալու մէջ, որուն մասին կանչուած ենք հնչեցնել աշխարհին մէջ՝ վկայելով մեր կեանքին մէջ, որպէսզի բոլորը կարողանան բացայայտել Աստուծոյ փրկարար սիրոյ գեղեցկութիւնը, յայտնաբերուած մեռած եւ Յարութիւն առած Քրիստոսի մէջ։ (Evangelii gaudium, 36)»։ Միայն ընդունելով եւ պահպանելով Աւետարանի ուրախութիւնը, մենք կարողանանք այս ուրախութիւնը փոխանցել ուրիշին», ըսաւ Սրբազան Հայրը։ Ան ապա ակնարկելով քահանայական շնորհքի մասին նկատել տուաւ, որ շնորհքը միշտ կ՝ենթադրէ բնութիւնը եւ ասոր համար անհրաժեշտ է մարդկային համապարփակ կազմաւորում մը, ընդգծելով, որ Տիրոջ աշակերտ ըլլալը կրօնական քօղարկում մը չէ, այլ ապրելակերպ է, հետեւաբար կը պահանջէ մեր մարդկութեան նկատմամբ հոգատարութիւնը։

Աստուծոյ ժողովուրդի պատկանելիութիւնը

Սրբազան Հայրը յարեց, որ «միասին միասնաբար կարելի է Միսիոնար առաքեալներ դառնալ ու կրնանք քահանայական կեանքը լաւ ապրիլ լոկ երբ մխրճուած ենք քահանայական ժողովուրդին մէջ, որմէ եկած ենք» ըսաւ Սրբազան Հայրը աւելցնելով, որ «Ժողովուրդի պատկանելիութիւնը մեզ կը պաշտպանէ ու կ՝աջակցի մեր ջանքերուն մէջ , կ՝ուղեկցի մեր հովուական ծառայութեան մտահոգութիւններուն մէջ եւ կը պահպանէ իրականութենէն անջատուելու եւ ամենակարող զգալէ։ Նորին Սրբութիւնը ընդգծեց, թէ այսօր՝ քահանաներէն պահանջուած է սիւնոդականութեան վարժութիւններ կատարելու յանձնառումը ու քահանան միշտ միասին ժողովուրդին հետ մասին կը գտնուի, որուն կը պատկանի, ինչպէս նաեւ եպիսկոպոսի եւ կղերական դասին հետ, ըսաւ  Նորին Սրբութիւն խրախուսելով երբեք չ՝անտեսել եղբայրութիւնը։

Ծառայութեան ծննդականութիւնը

Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց, որ ծառայելը Քրիստոսի պաշտօնեաներուն նշան է։ Եւ ասոր մասին ցոյց տուաւ Վարդապետը իր բոլոր կեանքի ընթացքին, յատկապէս վերջին ընթրիքի ժամանակ երբ աշակերտներու ոտքերը լուաց։

«Ծառայութեան տեսանկիւնէն, կազմաւորումը՝ ծննդականութիւնը արտաքին գործողութիւն եւ ուսուցումի մը փոխանցում չէ, ուրիշը կեդրոն զետեղելու արուեստ կը դառնայ՝ դուրս հանելով անոր գեղեցկութիւնը, անոր բարիքը զոր իր մէջ կրէ, լոկ անոր պարգեւներու, ստուերներու, վէրքերու ու իղձերու հետ միասին։ Քահանաներ պատրաստելը կը նշանակէ ծառայել անոնց, ծառայել անոնց կեանքին, քաջալերել անոնց ճանապարհը, օգնել զանոնք զատորոշումի մէջ, ընկերանալ իրենց դժուարութիւններուն մէջ եւ աջակցիլ անոնց հովուական ծառայութեան մարտահրաւէրներուն։

Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամը եզրափակեց մաղթելով բոլորին ամէն բարիք ու յորդորելով երբեք չյոգնիլ ողորմած ըլլալու մէջ ու միշտ ներել, որովհետեւ ներումը ունի ընկալելու, քնքշութեան շնորհքը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/02/2024, 10:31