Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ  (VATICAN MEDIA Divisione Foto)

Ֆրանչիսկոս Պապ «Եկեղեցւոյ աղօթքներն ու Սուրբ Պատարագը Աստուծոյ պարգեւները ստանալու շնորհքի ուղիներ են»

Հրապարակուեցաւ Ֆրանչիսկոս Պապին նախաբանով «First Belong to God» վերնագիրով հատորը, որուն մէջ ամփոփուած են ութօրեայ Սուրբ Իգնատիսոի հոգեւոր կրթութիւններն ու Ֆրանչիսկոս Պապին տասնեակ տարիներու արտասանած քարոզներն ու ուսուցումները։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Լոյս տեսաւ Ֆրանչիսկոս Պապին ստորագրութիւնը կրող նախաբանով, «First Belong to God» վերնագիրով «Austen Ivereigh հեղինակին հատորը, որուն մէջ ամփոփուած են Սուրբ Իգնատիոսի ութօրեայ հոգեւոր կրթութիւններու խորհրդածութիւններն ու Ֆրանչիսկոս Պապին տարիներու հոլովոյթին արտասանած շարք մը քարոզներն ու ուսուցումները։ Գիրքին ենթատիտղոսն է «հոգեւոր կրթութիւնը Ֆրանչիսկոս Պապին հետ»։

Նախաբանին մէջ Սրբազան Հայրը կը նշէ, թէ Սուրբ Իգնատիոս Լոյոլայի կեանքի փորձառութեան եւ ուսուցումի շնորհիւ, իւրաքանչիւր քրիստոնեայ ներգրաւուած է պայքարի մը մէջ՝ որ իր կեանքը կը սահմանէ ու Քրիստոս այդ պայքարին յաղթեց Խաչին վրայ մահանալով եւ Յարութիւն առնելով ու այս ձեւով Հայր Աստուած մէկ անգամ ընդմիշտ բացայայտեց, որ իր սէրը աւելի մեծ է աշխարհի մէջ որեւէ ուժէ։

Նորին Սրբութիւնը նկատել կու տայ, որ Յիսուսի այդ յաղթանակը ընդունիլը եւ իրականութիւն դարձնելը կը մնայ մարտահրաւէր եւ մենք կը շարունակենք փորձութեան ենթարկուիլ փակուելու այդ շնորհքին առջեւ ու եկեղեցին ամէն ձեւերով կ՝օգնէ պայքարելու այդ փորձութիւններուն դէմ եւ եկեղեցւոյ աւանդոյթինները, ուսմունքները, աղօթքները, պատարագները շնորհքի ուղիներ են, որոնք մեզի կը բանան ստանալու Հօր Պարգեւները։

Ֆրանչիսկոս Պապ կը նշէ, թէ եկեղեցւոյ այդ աւանդոյթիններու շարքին կան նաեւ Սուրբ Իգնատիոս Լոյոլայի հոգեւոր կրթութիւնները նկատել տալով, որ հոգեւոր կրթութիւնը ժամանակ մըն է՝ ուր Արարիչը կը խօսի արարածին հետ ու Յիսուս մեր մօտ գալով կը կտրէ բոլոր շղթաները՝ իր հետ քալելու համար։

Հոգեւոր կրթութեան առումով Ֆրանչիսկոս Պապ կը յիշէ Պրոբատիկէի անդամալոյծի Յիսուսին ուղղած խօսքը «Ելի՛ր, ա՛ռ անկողինդ ու քալէ՛ (Յովհէ 5, 1»16), նշելով, որ Յիսուսի այդ խօսքը հնազանդելու հրաման չէ այլ ամենաբարի եւ սիրով լեցուն հրաւէր է։

Սրբազան Հայրը ապա իր ուրախութիւնը կը յայտնէ այն գծով, որ “First Belonging to God”, գիրքին մէջ ամփոփուած են Սուրբ Իգնատիոսի հոգեւոր կրթութիւններուն խորհրդածութիւնները եւ տասնեակ տարիներուն իր արտասանած շարք մը քարոզներն ու ուսուցումները։

Ան նախաբանը կ՝աւարտէ մաղթելով, որ Սուրբ Իգնատիոսի ութօրեայ հոգեւոր կրթութիւնը օգակար դառնան զգալու Աստուծոյ հրաւէրը՝ ուրիշներու համար կեանքի, յոյսի եւ շնորհքի աղբիւր դառնալու եւ բացայայտելու կեանքի ճշմարիտ ուրախութիւնը։

«Հաճեցէք ամէն անգամ որ զիս յիշէք, չմոռնաք աղօթելու ինծի համար, որպէսզի ես միշտ կարենամ օգնել, որ մենք առաջին հերթին Աստուծոյ կը պատկանինք», գրեց Սրբազան Հայրը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/02/2024, 09:00