Որոնել

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը եւ Ռումանիոյ վարչապետը Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը եւ Ռումանիոյ վարչապետը  (Vatican Media)

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Ռումանիոյ վարչապետը տիար Իոն Մարսել Չոլակու

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ կը տեղեկանանք, որ Ֆրանչիսկոս Պապը Վատիկանի մէջ ընդունեց Ռումանիոյ վարչապետ տիար Իոն Մարսել Չոլակուն։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Այսօր՝ 15 փետրուարին, Վատիկանի մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Ռումանիոյ վարչապետ տիար Իոն Մարսել Չոլակուն, վարչապետը ապա հանդիպեցաւ Վատիկանի Պետական քարտուղար կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինին հետ, ընկերակցութեամբ Պետութիւններուն եւ միջազգային կազմակերպութիւններուն յարաբերութիւններու քարտուղար, գերապայծառ Փոլ Ռիչարտ Կալլակերին։ Այս մասին կը կարդանք սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ ուր կը նշուի նաեւ, որ Պետական քարտուղարութենէն ներս կայացած սիրալիր հանդիպումի ընթացքին կեդրոնացած են Սուրբ Աթոռի եւ Ռումանիոյ միջեւ յարաբերութիւններուն բարձր մակարդակի ամրապնդման եւ երկկողմ համագործակցութիւնը առաւել եւս ամրապնդելու ուղիներու վրայ ի օգուտ Ռումանիոյ ժողովուրդին, մասնաւորաբար կրթական ոլորտէն ներս։

Քննարկուեցան նաեւ փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող եւ ընթացիկ հարցեր, ներառեալ Ուքրանիոյ մէջ եւ Իսրայէլի եւ Պաղեստինի միջեւ հակամարտութիւնը, գաղթականներու եւ փախստականներուն ընդունելութիւնը ինչպէս նաեւ Եւրոպական նախագիծի ընդլայնման հեռանկարներ։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/02/2024, 12:04