Ֆրանչիսկոս Պապ. Կազմաւորումը նման է շինավայրի, որուն մէջ Աստուած իր գործը կը կատարէ
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Ուրբաթ, 16 փետրուարին, Վատիկանի մէջ Ֆրանչիսկոս Պապին այցելեցին Նափոլիի Արքեպիսկոպոսարանի դպրեվանքի հասարակութեան անդամները, դպրեվանքի հիմնադրութեան 90-րդ տարեդարձին առիթով։
Հանդիպումի սկիզբը Սրբազան Հայրը ներկաներուն փոխանցեց գրաւոր պատգամ մը որուն մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց, եպիսկոպոսներուն, դպրեվանքին մեծաւորին, դաստիարակիչներուն, հոգեւոր հայրերուն՝ անոնց մատուած ծառայութեան համար։ Խօսքը ուղղելով նորընծաներուն, Սրբազան Հայրը իր երախտագիտութիւնը յայտնեց նորընծաներուն՝ Քրիստոսին կոչին ընդառաջելնուն ինչպէս նաեւ եկեղեցւոյ ծառայելու պատրաստակամութեան համար, խրախուսելով զանոնք քաջութեամբ ամէն օր մշակելու հաւատարմութեան գեղեցկութիւնը, ու իրենց կեանքը յանձնելու Սուրբ Հոգիին վստահելու, որ կ՝օգնէ Յիսուսի կերպարը որդեգրելու»։
Նորին Սրբութիւնը ապա խօսքը կեդրոնացուց կազմաւորման կարեւորութեան վրայ ըսելով, որ ինք կազմաւորումը կը պատկերացնէ որպէս շինավայր եւ «Եկեղեցի- շինավայր»ի գլխաւոր աշխատանքը կը կայանայ Խաչուած եւ Յարութիւն առած Քրիստոսի հետ ուղեկցութեամբ քալելու մէջ՝ մարդկանց հասցնելով Անոր աւետարանի ուրախութիւնը։
Նորին Սրբութիւնը նկատել տուաւ, որ նաեւ կղերի կազմաւորման ուղին շինավայր մըն է՝ ուր երբեք պէտք չէ սխալիլ զգալով, որ հասած ենք՝ մենք մեզ արդեն պատրաստ համարելով մարտահրաւէրներուն։ «Քահանայական կազմաւորումը շինավայր է, ուր իւրաքանչիւր անձ կանչուած է ներգրաւուելու ճշմարտութեան մէջ, թոյլ տալու համար, որ Աստուած կառուցէ իր աշխատանքը տարիներուն ընթացքին», ըսաւ Սրբազան Հայրը քաջալերելով երբեք չվախնալ թոյլ տալու, որ Տէրը գործէ ձեր կեանքին մէջ. Շինավայրի մը նման, ուր Սուրբ Հոգին նախ եւ առաջ կու գայ քանդելու այդ երեւոյթները, այդ համոզումները, այդ ոճը, նոյնիսկ այդ հաւատքի եւ ծառայութեան մասին անհամապատասխանող գաղափարները, որոնք կը խանգարեն ձեզ Աճելու Աւետարանին համաձայն. Ապա նոյն Հոգին, ներքին կեղծիքները մաքրելէ ետք, ձեզի կը շնորհէ նոր սիրտ, ձեր կեանքը կը կառուցէ Յիսուսի ոճով, եւ ձեզ կը դարձնէ նոր արարածներ եւ միսիոնար առաքեալներ»ըսաւ Ան
Յիշելով քառասնորդացի նուիրուած իր պատգամէն հատուած մը, «Ներկայիս փոքր եւ մեծ ընտրութիւններու Ժամանակն է...ուր պէտք է վերանայիլ ապրելակերպը» Ֆրանչիսկոս Պապ մաղթեց, որ դպրեվանքի հասարակութիւնը ընթանայ ապաշխարութեան եւ վերանորոգումի ուղիին վրայէն, բացուելով նոր ապրելակերպի մը, զոր քահանաներուն կ՝օգնէ դառնալու ուրիշներուն նուիրուած, աղքատներուն մօտիկ կանգնող անձերը...
Նորին Սրբութիւնը պատգամը եզրափակեց մաղթելով, որ հասարակութեան շինավայրէն ներս ընթացքի մէջ գտնուող աշխատանքները ուղեկցուին Սուրբերուն, Նափոլի քաղաքի պաշտպան սուրբ, Սուրբ Ճեննարոյի եւ դպրեվանքին մէջ կազմաւորուած Սուրբ Վինչեզնօ Ռոմանոյին եւ Երանելի Մարիանօ Արչերոյին բարեխօսութեամբ։
Նորին Սրբութիւնը մաղթելով ամէն բարիք հասարակութեան ուղեւորութեան մէջ, իր աղօթքը ապահովուեց ու ինչպէս միշտ խնդրեց որ չմոռնան աղօթելու իրեն համար։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ