Որոնել

Աղօթք, ծոմապահութիւն Աղօթք, ծոմապահութիւն 

Ֆրանչիսկոս Պապին գրառումը. Աղօթել՝ այն վստահութեամբ որ երկնաւոր Հայրը գիտէ մեր կարիքները։

Ֆրանչիսկոս Պապին 29 փետրուարի գրառումը, քահանայապետական «Իքս» ընկերային ցանցին վրայ

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Հինգշաբթի, 29 փետրուարին, Քահանայապետական «Իքս» ընկերային կայքին վրայ հրապարակուեցաւ Նորին Սրութեան աղօթքի կարեւորութեան շուրջ գրառումը, քաղուած «Աղօթել այսօր» վերնագիրով կարդինալ Անճելօ Քոմասթրիին գիրքին մէջ ամփոփուած Նորին Սրբութեան ստորագրութիւնը կրող նախաբանէն, որուն մէջ Քահանայապետը նկատել կու տայ, որ աղօթքը հաւատքի շունչն է։ Աղօթքը աղերս է, որ կը յառաջ կու գայ այն անձէն, որ Աստուծոյ կը հաւատայ ու կը վստահի։

Վերոյիշեալ գիրքի նախաբանին մէջ Նորին Սրբութիւնը ապա կը գրէ, թէ 2025 յոբելինական սուրբ տարուան լաւ պատրաստուելու համար 2024 տարին կը նուիրէ աղօթքի, հրաւիրելով բոլորը հաւատացեալները անդադար աղօթելու եւ բոլոր սրբավայրերու, աղօթավայրերու մէջ բազմապատկելու միջոցառումները, որպէսզի իւրաքանչիւր ուխտաւոր կարենայ հոն հանգստութեան ովասիս մը գտնէ ու այդտեղէն վերադառնայ մխիթարութեամբ լեցուն սիրտով։

Աղօթքի կարեւորութեան առնչութեամբ այսօրուան քահանայապետին գրառումին մէջ կը կարդանք.

“«Տէրը մեզի նախազգուշացուց, որ երբ կ՝աղօթենք պէտք չէ խօսքեր վատնենք, մենք մեզ խաբելով, որ այդ պատճառով պիտի լսուինք։ Արդարեւ մեզի սորվեցուց, մենք զմեզ հօր վստահելու, որ գիտէ ինչ բաներու պէտքը ունինք, նախ քան որ մենք իրմէ խնդրենք»։ (Մատթ 6, 7-8)։”

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/02/2024, 13:30