Ֆրանչիսկոս Պապ ինքնաշարժով փոխադրուեցաւ Ճեմելլի Հիւանդանոց Ֆրանչիսկոս Պապ ինքնաշարժով փոխադրուեցաւ Ճեմելլի Հիւանդանոց  (ANSA)

Ֆրանչիսկոս Պապ հռոմի Իզոլա Թիպերինա- Ճեմելլի հիւանդանոց գնաց բժշկական քննութիւններու համար

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը Թելեկրամի վրայ գրառումով մը տեղեկացուց, որ Ֆրանչիսկոս Պապ հրապարակային ունկնդրութեան աւարտին Հռոմի Իզոլա Թիպերինա-Ճեմելլի Հիւանդանոց մեկնեցաւ բժշկական քննութիւններու համար

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Չորեքշաբթի, 28 փետրուարին, Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը հրապարակելով հաղորդագրութիւն մը տեղեկացուց, որ Հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան աւարտին, Ֆրանչիսկոս Պապ մեկնեցաւ Հռոմի Ճեմելլի Իզոլա Թիպերինա Հիւանդանոց։

«Հրապարակային ունկնդրութեան աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապ Իզոլա Թիպերինա- Ճեմելլի հիւանդանոց գնաց՝ բժշկական կարգ մը քննութիւններու համար, որոնց աւարտին վերադարձաւ Վատիկան» կը նշուի Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ։

Յայտնենք, թէ անցեալ օրերուն Ֆրանչիսկոս Պապ թեթեւ հարբուխի բռնուած էր ու այդ պատճառաւ ջնջուեցան նախատեսուած կարգ մը ունկնդրութիւններ։ Այսօր՝ առաւօտեան, Հրապարակային ունկնդրութեան սկիզբը, Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ Սրբազան Հայրը հաւատացեալներու ըսաւ, որ տակաւին հարբուխէ կը տառապի եւ իր համագործակիցէն, Գերապայծառ Ֆիլիփփօ Չամփանելլիէն խնդրեց, որ իր տեղը կարդայ քրիստոնէական վարդապետութեան ուսմունքը։ Հրապարակային ունկնդրութեան աւատին, Նորին Սրբութիւնը նախազգուշութեան համար մեկնեցաւ Վատիկանի մի քանի քայլ հեռաւորութեան վրայ գտնուող հիւանդանոց։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/02/2024, 13:45