Ֆրանչիսկոս Պապ. Շուկան եւ շահոյթը կը փճացնեն ամենաերիտասարդները, արդարութիւն պէտք է
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Ֆրանչիսկոս Պապ լսատեսողական պատգամ մը ուղղեց Արժանթինի մէջ Ֆրանչիսկեան վարդապետութեան ընկերային իրաւունքներու համար, դատաւորներուն համամերիկեան կոմիտէի անդամներուն, որուն սկիզբը իր ուրախութիւնը յայտնեց Պուէնոս Այրէսի մէջ յիշեալ կոմիտէի նոր մասնաճիւղին բացումին կապակցութեամբ։
Նորին Սրբութիւն ապա խօսքը կեդրոնացուց արդարութեան կարեւորութեան վրայ նշելով, որ, կ՝ապրինք խոր անարդարութեան ժամանակաշրջանի մը մէջ, «ուր մի քանի հարուստներ միշտ աւելի զօրեղ են եւ միլիոնաւոր աղքատ մարդիկ մերժուած են ու անտեսուած», շեշտելով, որ «Չկայ ապագայ, չկայ զարգացում, չկայ արդարութիւն, ոչ իսկ ժողովրդավարութիւնը աշխարհի մէջ ուր միլիոնաւոր երեխաներ այն աղբերը կ՝ուտեն զոր ուրիշները կը սպառեն»։
Քահանայապետը դիտել տուաւ, որ Յիսուսի խօսքը, որուն վրայ հիմնուած է եկեղեցւոյ ընկերային վարդապետութիւնը՝ ապահով եւ լուսաւոր արահետ է, նպաստելու համար դատական իշխանութեան իրականացման։
Հարց տալով «Իշխանութիւնը ի՞նչ արդարացում կարելի է ունենայ եթէ կը հեռանայ արդար եւ արժանապատիւ հասարակութիւններ կառուցելէ։ Կրնա՞մ լաւ դատաւոր ըլլալ եթէ կը նայիմ ուրիշ կողմ ՝ երբ կը հանդիպիմ ուրիշներուն տառապանքներուն», Քահանայապետը հրաւիրեց դատաւորները ամէն օր հայելիին նայելու ու իրենք զիրենք հարցաքննելու ինչպէս նաեւ ուրիշներու մասին։
Ֆրանչիսկոս Պապ լսատեսողական պատգամը աւարտեց օրհնելով յիշեալ կազմակերպութեան նոր մասնաճիւղն ու գործունէութիւնները, խնդրելով դատաւորներէն որ հաստատակամ եւ վճռորոշ ըլլան անմարդկայնացնող եւ բռնի օրինակներուն դիմաց ու ինչպէս միշտ խնդրեց, որ չմոռնան աղօթելու իրեն համար։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ