Ֆրանչիսկոս Պապ. «Քրիստոնեաներու նահատակութեան հնագոյն պատմութիւնը երբեք դադրած չէ»
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Ուրբաթ, 2 փետրուարին, Վատիկանի «Սան Քարլօ» անուան դահլիճին մէջ ներկայացուեցաւ ֆրանչիսկոս Պապին ստորագրութիւնը կրող նախաբանով Փրոֆ Մարքօ Կալլօ-ի «Nell'occhio del ciclone - Martiri dell'Argentina degli anni Settanta-
Մրրիկի աչքին մէջ, Արժանթինի նահատակները եօթանասունական թուականներուն» վերնագիրով հատորը։
Նշենք, թէ Փրոֆ Մարքօ Կալլօ անդամ է Սան Էճիտիօ հասարակութեան եւ ուսուցիչ Արժանթինի մայրաքաղաք՝ Պուէնոս Այրէսի քահանայապետական կաթողիկէ համալսարանին մէջ։
Նախաբանին սկիզբը Ֆրանչիսկոս Պապ կ՝անդրադառնայ քրիստոնեաներու նահատակութեան մասին նշելով, որ Քրիստոնեաներու նահատակութեան հնագոյն պատմութիւնը երբեք չէ դադրած ու խենթ գաղափարախօսութիւնները կը շարունակեն սերմանել ատելութիւն եւ սպաննել շատեր... «Հռոմի Թիպերինա Սուրբ Բարթողոմէոսի Պազիլիքային մէջ կը շնչուի նահատակներու համամիութիւն» կը նշէ Սբրազան Հայրը աւելցնելով, որ այս գիրքը կը խօսի մեր ժամանակուան Արժանթինցի նահատակներուն մասին եւ պտուղն է ճշգրիտ պատմական հետազօտութեան, տեւած ժամանակի հոլովոյթին։
«Այս գիրքը օգտակար է ճանչնալու եւ հասկնալու սրբութիւնը՝ պատմութեան միջոցաւ։ Գիրք մըն է, որ բարիք կ՝ընէ, որովհետեւ ցոյց կու տայ չարին ուժը զոր նահատակութեան պտուղներն են» գրեց Սրբազան Հայրը, աւելցնելով որ ինք քաջալերած է Փրոֆ Կալլո-ն, այս գիրքը պատրաստելու, որուն մէջ ամփոփուած են եօթանսունական թուականներու նահատակներու ցանկը, որոնց շարքին կը յիշէ 17 ապրիլ 2019ին երանելի հռչակուած գերապայծառ Անճելելլի պատմութիւնը, «որուն մօտէն ճանչցայ նախ քան, որ անդամ դառնամ Արժանթինի մէջ Յիսուսեան միաբանութեան, հոգեւոր կրթութեան համար, իմ մեծաւորիս եւ հոգեւոր հայրերու հետ միասին»։
Նորին Սրբութիւնը ապա խօսքը կը կեդրոնացնէ գերապայծառ Անճելելլի վրայ, նշելով որ Ան իր ժողովուրդին սիրահարուած ու ընկերացած է երկար ճանապարհ, մինչեւ աշխարհի ծայրամասերը՝ ըլլայ աշխարհագրական ըլլայ գոյութենական։ Նորին Սրբութիւնը յիշեց, թէ գերապայծառ Անճելելլի ինչպէս մեծ ջերմութեամբ կը շոյէր տարեցները ու կը որոնէր արդարադատութիւնը խնդրող աղքատներն ու հիւանդները, յիշեց նաեւ գերապայծառ Անճելիննին այն համոզումը, «ցեխով պատրաստուած մարդը իր մէջ մէջ թաքցուցած է Երրորդութեան ծրագիրը, Աստուծոյ ծրագիրը, երկրի եւ երկինքի խառնուրդը»։
Նորին Սրբութիւն նախաբանին մէջ յայտնեց նաեւ, որ ինք շատ անգամ Սան Էճիտիոյ հասարակութեան հետ մասնակցած է Արժանթինի ժամանակակից նահատակներու յիշատակի արարողութեան ընդգծելով, որ պատմութիւնը կ՝աւելցնէ շատ անուններ եւ շատ յիշողութիւններ։ Սրբազան Հայրը Նախաբանը կ՝աւարտէ մատնանշելով որ այս գիրքը բոլորիս կ՝օգնէ ՝ յիշելու եւ պատուհան բանալու ոչ միայն Արժանթինի վրայ, այլ հաւատքի վկաներուն աշխարհի վրայ, որոնք կը շարունակեն իրենց արիւնը թափել աշխարհի տարբեր վայերու մէջ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ