Որոնել

2023.04.25 Papa Francesco - Riunione del Consiglio dei Cardinali – C9

Վերջ գտաւ Ինը կարդինալներու Խորհուրդի հերթական նիստը

Փետրուարի 5-էն 7-ը Կարդինալներու խորհրդի բոլոր անդամները մասնակցեցան Խորհուրդի հերթական հանդիպումներուն: Քննարկումները կենտրոնացան եկեղեցւոյ մէջ կանանց դերը նիւթին վրայ, երեք կիներու ներդրումներով, եկեղեցւոյ մէջ ընթացող սինոդալ ուղիներու ապա աւետարանութեան թեմաներու վրայ։ Յաջորդ հանդիպումը ապրիլին:

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

 «5 եւ 6 փետրուարին ապա 7 փետրուարի յետմիջօրէին, Տոմուս Սանթա Մարթայի մէջ տեղի ունեցաւ Կարդինալներու Խորհուրդին հերթական նիստը» լուրը կը հաղորդէ Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը տեղեկացնելով նաեւ թէ նիստերուն Քահանայապետին հետ միասին մասնակցեցան Խորհուրդի անդամ կարդինալները եւ Խորհուրդի քարտուղարը։ 

Երկուշաբթի 5 Փետրուարին «Եկեղեցւոյ մէջ կնոջ դերը» նիւթի մասին խորհրդածելէ ետք քննարկումներ կատարուեցան ընթացքի մէջ գտնուող սիւնհոդոսական գործընթացներու մասին յատկապէս հայող տիեզերական եկեղեցւոյ։ 

 5 Փետրուարի առաւօտեան նիստին մասնակցեցան, Քրիստոսաբանութեան ու Մարիեմաբանութեան Հռոմի Auxilium Քահանայապետական գիտութեան ու կրթութեան բաժանմունքին մէջ դասատու եւ «Maria Ausiliatrice» միաբանութեան անդամ` քոյր Լինտա Փոշէի, Վերոնայի Թեմին «Ordo Virginum» միաբանութեան անդամ միանձնուհի եւ հոգեւորականութեան եւ հոգեւոր կրթութիւններու դասատու Ճուլիվա Տի Պերարտինոն, եւ Տոքթ. Մայր Ժօ Պայլէյ Ուելսը` Անգլիայի եկեղեցւոյ եպիսկոպոս և Անկլիքան հաղորդութեան գլխաւոր քարտուղարի տեղակալ»

6 Փետրուարը նուիրուեցաւ աւետարանութեան նիւթին, որուն մասին զեկուցեց Աւետարանութեան Վերատեսչութեան համա-վերատեսուչներ Գերապ. Սալվաթորէ Ֆիզիքելլա եւ Կարդինալ Լուիս Անթոնիօ Թակլէ։ 

7 փետրուարի յետմիջօրէին հնարաւորութիւն ընծայուեցաւ ուսումնասիրելու նիստերու ընթացքին արծարծուած նիւթերը՝ Ֆրանչիսկոս Պապին  ներկայութեամբ։ Խորհրդի յաջորդ նիստը տեղի պիտի ունենայ 2024 թուականի ապրիլին։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/02/2024, 08:00