Որոնել

Խաղաղութեան համար աղօթք Խաղաղութեան համար աղօթք  (Vatican Media)

Քահանայապետերուն խօսքերը պատերազմներու բռնկումէն ետք վասն խաղաղութեան

Ուքրանիոյ մէջ պատերազմի երկրորդ տարելիցը կը մղէ վերյիշել Քահանայապետերուն խօսքերը վերջին մէկ դարուն ընթացքին տեղի ունեցած ողբերգական իրադարձութիւններէն ետք՝ մաղթելով որ այսօրեայ պատերազմներով նշանաւորուած աշխարհի մէջ ալ հնարաւոր ըլլայ հասնիլ խաղաղութեան պարգեւին, ըլլայ Ուքրանիոյ, ըլլայ հակամարտութիւններով ցնցուած բոլոր Երկիրներուն մէջ։
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

Ուքրանիոյ պատերազմի բռնկումէն երկու տարի անցած է։ Այդ տարելիցը կը մղէ վերյիշել Քահանայապետերուն խօսքերը վերջին դարու ընթացքին տեղի ունեցած ողբերգական իրադարձութիւններէն ետք, որոնց ի վերջոյ յաջորդած են հաշտեցումի եւ վերակառուցումի պահերը՝ ոչ միայն նիւթական առումով, մաղթելով որ այսօրեայ պատերազմներով նշանաւորուած աշխարհի մէջ ալ հնարաւոր ըլլայ հասնիլ խաղաղութեան պարգեւին ըլլայ Ուքրանիոյ, ըլլայ հակամարտութիւններով ցնցուած բոլոր Երկիրներուն մէջ։

Մարդ, երբ կը քալէ զէնքի ցաւոտ ուղիով՝ բովանդակ ժողովուրդներ կ’այլակերպուին եւ կը բզկտուին ատելութենէն։ Սակայն նաեւ ցաւի անդունդներուն առջեւ՝ մարդու հայեացքը դէպի յոյսը ուղղուած է։ Դաժան տառապանքին, վաղ թէ ուշ, վերջապէս, կը յաջորդէ խաղաղութեան պարգեւը: Այն պահը, երբ կը գերակշռեն երկխօսութեան եւ վերակառուցման ջանքերը: Այդ երկար սպասուած պատմական հանգուցալուծումներուն յաջորդած են Քահանայապետերու խորհրդածութիւնները, որոնք յաճախ կը յորդորեն չմոռնալ ապրուած սարսափները, կառուցել այնպիսի նոր դարաշրջան մը, որ ունակ ըլլայ կանխել նոր աւերածութիւնները եւ խթանել իրական եղբայրութիւնը:

Առաջին Աշխարհամարտ, Պենետիկտոս ԺԵ՝ արշալոյս վայրագ ատելութենէն ետք

11 Նոյեմբեր 1918 թուականին, աւարտեցաւ Առաջին Համաշխարհային Պատերազմը` ողբերգութիւն, որ պատճառեց աւելի քան 37 միլիոն զոհ: Նոյն տարուայ Սուրբ Ծննդեան տօնի նախօրէին Պենետիկտոս ԺԵ Քահանայապետը՝ Կարդինալներու Ժողովին ուղղած իր պատգամին մէջ կը հաստատէ, որ. «Ցաւօք, պատերազմի այս տարիներու ցաւալի աղաղակները հասած են Վատիկանի բարձունքները»։ Ան ապա կը շարունակէ․ «մենք պարսաւեցինք եւ դատապարտեցինք վայրագ ատելութեան ծայրայեղութիւնները» եւ ջանքեր գործադրելով փորձեցինք «արագացնել խաղաղութեան արշալոյսը՝ վերյիշելով Քրիստոսի անփոփոխ (...) արդարութեան սկզբունքները»։

Պիոս ԺԲ Բ Աշխարհամարտէն ետք. Թող, որ նոր տիեզերք ծլի

8 Մայիսի 1945 թուականին Եւրոպայի մէջ վերջ գտաւ Երկրորդ Համաշխարհային Պատերազմը, որ ընդհանուր առմամբ խլեց առնուազն 55 միլիոն մարդու կեանք: Յաջորդ օրը՝ «Ահա վերջապէս աւարտին հասաւ» վերտառութեամբ ռատիօ հաղորդագրութեան մէջ Պիոս ԺԲ Պապը ընդգծած է, որ պատերազմը կուտակած է նիւթական եւ բարոյական աւերակներու մի ամբողջ քաոս, ինչպիսին մարդկային ցեղը երբեք չէ ճանչցած իր ողջ պատմութեան ընթացքին։ Սրբազան Պապը հայեացքը ուղղելով դէպի այդ անմարդկային ջարդերուն, սովի կամ աղքատութեան զոհ անթիւ աճիւններուն, կ’աւելցնէ․ «Կը թուի թէ ինկածները կը զգուշացնեն վերապրածներուն այդ վիթխարի պատուհասի մասին՝ ըսելով անոնց․ ««թող որ մեր ոսկորներէն, մեր գերեզմաններէն և հողէն, որտեղ նետուած ենք ինչպէս ցորենի հատիկներ՝ ծլին նոր ու աւելի լաւ Եւրոպայի, նոր ու աւելի լաւ տիեզերքի կազմաւորողները ու կառուցողները (․․․)»։

Պատերազմ Վիեթնամի մէջ, Պօղոս Զ՝ ապագան անյայտ

1975 թուականին աւարտեցաւ այլ մէկ արիւնալի հակամարտութիւն, որ կործանեց Վիեթնամը։ Տարբեր աղբիւրներու համաձայն՝ զոհուած են աւելի քան 58 հազար ԱՄՆ զինուոր, 250 հազար Հարաւային Վիեթնամի եւ աւելի քան երեք միլիոն Հիւսիսային Վիեթնամի զինուորներ եւ խաղաղ բնակիչներ: Նոյն տարուայ դեկտեմբերի 22-ին Հռոմէական Քուրիային ուղղած իր պատգամի ժամանակ Պօղոս Զ Պապը նշած է, որ Վիեթնամի մէջ ռազմական գործողութիւններու աւարտը նոր էջ կը բանայ ողջ տարածաշրջանին համար եւ՝ «ոչ առանց անորոշութիւններու» եւ յոյս յայտնած է, որ Վիեթնամի իշխանութիւններու հետ կապի մէջ մնալով Սուրբ Աթոռը կը կարողանայ գործել՝ «ի նպաստ պետութեան եւ Եկեղեցւոյ փոխադարձ շահի՝ Երկրի վերակառուցման աշխատանքներուն բարեկամական մասնակցութեան ոգիով»։

Պալքաններ, Յովհաննէս Պօղոս Բ. Սարաեւոն թող ըլլայ խաղաղութեան խաչմերուկ

14 Դեկտեմբերի 1995 թուականին Փարիզի մէջ Տայթոնի համաձայնագիրերու վաւերացումով վերջ դրուեցաւ Պոսնիա եւ Հերցեկովինայի հակամարտութեան, որ խլեց առնուազն 100 հազար մարդու կեանք, որոնցմէ՝ 40 հազարը խաղաղ բնակիչներ։ 13 Յունուար 1996ին դիմելով Սուրբ Աթոռի մօտ հաւատարմագրուած դիւանագիտական ​​անձնակազմին՝ Յովհաննէս Պօղոս Բ Պապը յոյս յայտնած է, որ․ «Սարայեւոն, եւս մէկ խորհրդանշական քաղաք է, որ պէտք է դառնայ խաղաղութեան խաչմերուկ»։ «Չէ՞ որ անոր «Եւրոպայի Երուսաղեմ կ’անուանեն» կը շարունակէ Վոյթիլան եւ կը պնդէ, որ․ «Եթէ ​​Առաջին Աշխարհամարտի բռնկումը կապուած է այս քաղաքի հետ, ապա անոր անունը թող որ դառնայ խաղաղութեան քաղաքի հոմանիշը»։

Ֆրանչիսկոս Պապը՝ խաղաղութեան սուրհանդակ Իրաքի մէջ

2021 թուականին, երբ ամբողջ աշխարհը կը ջանայ դուրս գալ Covid-19 համավարակի ճգնաժամէն, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, որպէս խաղաղութեան սուրհանդակ այցելած է Իրաք։ Երկիր, որ խորապէս նշանաւորուած է բազմաթիւ հակամարտութիւններով իր նորագոյն պատմութեան մէջ: Այդ ուղեւորութեան ծիրէն ներս՝ 5 Մայիս 2021ին քաղաքական ու քաղաքացիական իշխանութիւններուն հետ հանդիպումի ընթացքին արտասանած ճառին մէջ Սրբազան Քահանայապետը շեշտած է, որ վերջին տասնամեակներուն Իրաքի մէջ պատերազմին յառաջացուցած աղէտները եւ ահաբեկչական արարքները, «իրենց հետ բերին մահ, կործանում, եւ աւերներ, որոնք մինչեւ այսօր տեսանելի են» ու այս մէկը ոչ միայն նիւթական գետնի վրայ, որովհետեւ «այդ աղէտներուն յառաջացուցած աւերները շատ աւելի խոր են, եթէ մտածենք բազմաթիւ անձերու եւ հասարակութիւններու սրտերու վէրքերուն, որոնց բուժման համար շատ տարիներ պէտք է» դիտել տուած է Նորին Սրբութիւնը եւ աւելցուցած․ «Բաւարարել բազմաթիւ եղբայրներու եւ քոյրերու հիմնական կարիքները, գթասիրութեան եւ արդարութեան արարք է եւ կը նպաստէ երկարատեւ խաղաղութեան»:

Երազել խաղաղութեան մասին բոլոր պատերազմական Երկիրներէն ներս

Իւրաքանչիւր պատերազմ, ինչպէս տարբեր անգամներ յիշեցուցած է Ֆրանչիսկոս Պապը, «միշտ պարտութիւն է»: Միայն խաղաղութիւնը մեզի կ’ուղղորդէ դէպի հետզհետէ ապաքինում, նոյնիսկ խոր եւ անջնջելի վէրքերու մէջ:

Ուքրանիայէն մինչեւ Քոնկոյի Ժողովրդավարական​​Հանրապետութիւնը, կը սպասեն, իրական հաշտեցման երազանքին։ Հաշտութիւնն է մարդկութեան իրական ճակատագիրը, քանի որ, «մարդը ստեղծուած է խաղաղութեան համար, զոր Աստուծոյ պարգեւն է» ինչպէս ընդգծած է Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը 1 Յունուար 2013 թուականին Սուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածածնայ նուիրուած Սուրբ Պատարագի իր քարոզի ընթացքին:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/02/2024, 09:00